Աֆղանցի գաղթական կին մը ու անոր փոքրիկ զաւակը Աֆղանցի գաղթական կին մը ու անոր փոքրիկ զաւակը 

Աֆղանիստան. Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան կոչը միջազգային հասարակութեան։

Լսելի դարձնել ձայնը վասն Աֆղանիստանի բոլոր բնակիչներուն մարդկային իրաւունքներու յարգանքին ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական հովանաւորութիւն վայելող եկեղեցական մարդասիրական կազմակերպութիւնը մտավախութիւն արտայայտած ի տես մի քանի երկիներու կողմէ  Թալեպաններու բռնապետութեան հաւանական ճանաչումին։ Ինչ որ կարող է խթանել իսլամական ծայրայեղ խումբերու ծաղկումը ու դառնալ ահաբեկչութեան նոր ցանց մը։

Աֆղանիստանի մէջ մարդկային հիմնարար իրաւունքները վտանգուած են

«Աֆղանիստանի մէջ մարդկային հիմնարար իրաւունքներու դէմ սպառնալիքը ներկայացուած չէ միայն Թալեպաններէն, այլեւ «Խորասան» նահանգի մէջ գտնուող իսլամական պետութեան հետեւորդներէն» գրուած է Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է, թէ այդ խմբաւորումը անցեալին եւս դերակատար եղած է ահաբեկչական գործողութիւններու, ինչպէս անցեալ 2020ի մարտ 25ին Սիք փոքրամաս հասարակութեան դէմ գործադրուած արիւնալի յարձակումին, որուն հետեւանքով սպաննուեցան 25 անձեր ու այլ 15 ը վիրաւորուեցան։

Կոչ միջազգային հասարակութեան

Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը զգուշացնելով վերոնշեալ վտանգէն կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հասարակութեան լսելի դարձնելու համար իր ձայնը ի պաշտպանութիւն բոլոր Աֆղանիստանի բնակիչներու մարդկային հիմնարար իրաւունքին, որոնց շարքին են, քրիստոնեաները. Ինտուները, Պահայ համայնքը եւ պուտտիսթները։

«Իսլամական շարիային գործադրումը արագ կերպով պիտի վերացնէ այն հազուագիւտ ազատութիւնները, որոնք ձեր բերուեցան մեծ դժուարութեամբ, որոնց շարքին նաեւ կրօնական ազատութիւնը» նշուած է Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա ընդգծուած է Աֆղանիստանի մէջ փոքրամասնութիւններուն դէմ սպառնալիքներուն եւ հալածանքներուն մեծ վտանգը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2021, 13:10