Սուրբ Խաչը Սուրբ Խաչը 

ԱՄՆ-ի մէջ մեկնարկ կը տրուի Կրօնի Ազատութեան նուիրուած առաջին միջազգային գագաթնաժողովին։

Կրօնի Ազատութեան նուիրուած առաջին միջազգային գագաթնաժողովին նպատակն է «ձեռք բերել քաղաքական զօրակցութիւն ի նպաստ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան եւ այս նիւթին առնչութեամբ «աճեցնել քաղաքացիական ընկերութեան ու կառավարութիւններուն իրազեկութիւնը» ստեղծողով միջազգային զօրեղ դաշնակցութիւն մը որ գործէ այդ նպատակով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն քաղաքը կը հանդիսանայ Կրօնի Ազատութեան նուիրուած առաջին միջազգային գագաթնաժողովը հիւրընկալող քաղաքը։ Հաւաքը սկիզբ առաւ այսօր եւ պիտի աւարտի 15 յուլիսին։ Ան նախաձեռնութիւնն է` տարբեր կրօններու պատկան աւելի քան 40 կազմակերպութիւններու, որոնք ներգրաւուած են կրօնի ազատութեան պաշտպանութեան գործընթացին մէջ, որոնց շարքին է նաեւ ԱՄՆ-ի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը որ մեծապէս կը գնահատէ սոյն ձեռնարկը։

Մարդկային կենսական իրաւունք

«Կ՛ ողջունում այս գագաթնաժողովի յայտարարութիւնը, որուն նպատակն է Միացեալ Նահանգներու մէջ աճեցնել կրօնի ազատութեան իրազեկութիւնը ու միացնել լայն դաշնակցութիւն մը` որ միասնաբար պիտի աշխատի այդ նպատակի համար համայն աշխարհին մէջ» գրած է այս առթիւ Գերապայծառ Տավիտ Մալլոյը` Միջազգային արդարութեան և խաղաղութեան եպիսկոպոսներու կոմիտէի նախագահը, յիշեցնելով որ ըստ «Pew Forum on Religion & Public Life» ի տեղեկատւութեան աշխարհի 7 միլիառ անհատներու 83 առ հարիւրը այսօր կ՛ապրի կառավարական եւ ընկերային ուժեղ թշնամանքով երկիներու մէջ, որ կը հայի նաեւ կրօնին»։

«Որեւէ մշակոյթ, ազգ, կրօնական կամ քաղաքական համակարգ պէտք է ջանք դափէ աւելի լաւ կերպով պաշտպանելու կրօնական ազատութիւնը որ մարդկային կենսական իրաւունք մըն է» շեշտած է միշտ Գերապայծառ Տավիտ Մալլոյը իր գրութեան մէջ։

Վկայութիւններ 

Գագաթնաժողովը պիտի կայանայ ըլլայ ներկայութեամբ ըլլայ հեռակապով։ Նիստերու ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան եկեղեցական ու կրօնական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին է նաեւ Կարդինալ Թիմոթի Տոլանը` Կրօնի Ազատութեան Եպիսկոպոսական Կոմիտէի նախագահը, որ պիտի զեկուցէ «Ապագայի յոյս. Քաղաքացիական ընկերութիւնը եւ ամերիկեան ընդհանուր ու բազմակողմ ղեկավարութիւնը» նիւթի մասին։

Գագաթնաժողովի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ վկայութիւններ կրօնական ազատութեան սահմանափակումը ապրող ու կրօնի համար հալածանքի թիրախ անհատներու։

Աճեցնել քաղաքացիական ընկերութեան ու կառավարութիւններուն իրազեկութիւնը

Կրօնի Ազատութեան նուիրուած առաջին միջազգային գագաթնաժողովին նպատակն է «ձեռք բերել քաղաքական զօրակցութիւն ի նպաստ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան եւ այս նիւթին առնչութեամբ «աճեցնել քաղաքացիական ընկերութեան ու կառավարութիւններուն իրազեկութիւնը» ստեղծողով միջազգային զօրեղ դաշնակցութիւն մը որ գործէ այդ նպատակով։

Կեդրոնական նիւթերու շարքին են նաեւ գաղթականներու պաշտպանութիւնը, Նիճերիայի մէջ հալածանքները, կրօնական խտրականութիւնը։

Զեկուցողներու շարքին նշենք նաեւ Նէնսի Փելոզին, Մայք Փոփմէոն ու Ամերիկայի Յոյն Օրթոտոքս Արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոսը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2021, 10:45