Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Սլովաքիա ճամբորդութեան նշանաբանը Ֆրանչիսկոս Պապին Սլովաքիա ճամբորդութեան նշանաբանը 

Սլովաքիա. 7 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր, Քահանայապետի այցին նուիրուած աղօթքի ձեռնարկ։

«Բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը կը հրաւիրենք մասնակցելու «հոգեւոր ծաղկեփունջի» պատրաստութեան, որուն համար իւրաքանչիւր հաւատացեալ իտէալական կերպով պիտի զետեղէ ծաղիկ մը, Սլովաքիայի եւ Քահանայապետին աղօթքով մը նուիրելով» կը հաստատեց կազմակերպիչները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քառասնօրեայ աղօթք հոգեպէս պատրաստուելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հովուական այցելութեան որ նախատեսուած է յառաջիկայ 12էն 15 սեպտեմբերին։ Աղօթքի մարաթոն մը որ կազմակերպուած է Սլովաքիայի միսիոներական Քահանայապետական գործունէութեան կողմէ եւ որ սկիզբ պիտի առնէ 7 օգոստոսին ու պիտի աւարտի 15 սեպտեմբերին, որուն առթիւ ամէն մէկ հաւատացեալ պիտի աղօթէ Սուրբ Վարդարանը եկեղեցւոյ, տունի կամ հասարակութեան մէջ»։

«Բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը կը հրաւիրենք մասնակցելու «հոգեւոր ծաղկեփունջի» պատրաստութեան, որուն համար իւրաքանչիւր հաւատացեալ իտէալական կերպով պիտի զետեղէ ծաղիկ մը, Սլովաքիայի եւ Քահանայապետին աղօթք մը նուիրելով» կը հաստատեն կազմակերպիչները։

Մինչ երկրին եպիսկոպոսները կը քաջալերեն հաւատացեալները հետեւելու Մարիամին ու անոր փեսայ` Սուրբ Յովսէփի օրինակին, որոնք «մեզ կ՛առաջնորդեն Յիսուսի հետեւելու ճանապարհին վրայ ու մեզ կը մղեն ճանչնալու Անոր մեր կեանքին մէջ ներկայութեան նշանները» կը գրեն եպիսկոպոսները աւելցնելով որ բոլորս ալ հրաւիրուած ենք այս կեանքի ճանապարհորդութեան, այս ուխտագնացութեան, անհատներ, ընտանիքներ ու հասարակութիւններ» ու թէ նոյնինքն «Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի մասնակցի անոր ու մեզ պիտի քաջալերէ անձնապէս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2021, 10:07