Հայաստանի պատմական քարտէզ  Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (9) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար:

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հեթանոս հայերը արձաններ եւ տաճարներ կառուցած են իրենց աստուածներուն համար, զոհեր մատուցած են եւ յատուկ տօներ նուիրած են անոնց:

Նիւթեղէն իրեր հեթանոս հայ դիցարանի վերաբերեալ չէ պահպանուած բացի հատուկենտ պղնձաձոյլ արձան Անահիտի եւ այդ արժէքները փոշիացան պատմութեան ծածկոյթի տակ:

Պատմական եւ առասպելական հողի վրայ կառուցուած է նաեւ հայազգի Արամի քաջագործութիւններու հիւսուածքը, որը կը բացայայտէ հայերու պատմական առընչութիւնները Մարաստանի եւ կապադովկիայի հետ:

Ըստ աւանդութեան, Հայկեան Արամը կը համարուի Հայկի հինգերորդ յետնորդը, Հաբէթի սերունդէն. Արա գեղեցիկի հայրը, որը քաջաբար կը պաշտպանէ Հայաստանը՝ Մարաստանի, Ասորեստանի եւ կապադովկիայի դէմ: Գրաւելով Ասորեստանի մեծ մասը, Ան կադմոսին կառավարիչ կը կարգէ կապադովկիայի:

Կործանելով Կապադովկիայի Տիտանեան բռնակալ Պայապիս Քաաղեանին կուսակալ կը նշանակէ Մշակին, որն իր անունով կը հիմնէ Մաժաք (Կեսարիա) քաղաքը:

Մ. Խորենացին երեք Հայքերու ստեղծումը կը կապէ Արամին հետ եւ անոր կը համարէ Հայկի հաւասարազօր հերոս մը: Արամի քաջագործութիւններու ամբողջ շարժառիթը անոր հայրենասիրութիւնն է: Ան կը պայքարի հայ ժողովուրդին պաշտպանելու շրջապատող սեմական եւ իրանական ազգերէն: Եթէ «Հայկի եւ Բելի» պատմութեան մէջ միայն Բելն է որպէս Հայաստանի թշնամի. ապա Արամի օրերուն՝

 Ասորական Նինոսն ու Բարշամը:
 Մարաստանի Նիւքար Մադէսը:
 Կապադովկիայի Տիտանեան բռնակալ Պայապիս Քաաղեանը:

Անոնք դաժան եւ խորամանկ կերպարներ են, որոնց դէմ հակամարտութեան մէջ կը մտնէ Արամը:

Արամի շուրջ հիւսուած պատմութիւնները կը հասնին մինչեւ Ուրարտական ժամանակները՝ կը ձուլուին Ուրարտական Արամէ թագաւորի՝ Ասորեստանի դէմ ուղղած պայքարի արձագանքները:

Առասպելի դիցաբանական հետազօտութիւններու համաձայն հակառակորդ թշնամի Տիփոնը եւ իր ազգակիցները հրաբխային կրակի եւ ծուխի խորհրդանիշներն են. որոնց դէմ պատերազմեցաւ Արամը. երբ հայազգիները դեռ Կապադովկիայի կողմերը կ'ապրէին:

Այս հենքը կը պարզաբանէ՝ հայկէն ետք հայ ժողովուրդի երկրորդ նախնի՝ Արիմ-Արամի հետ կապուած պատմական անցքերը՝, որու անունով ալ աշխարհի բոլոր ազգերը՝ հայերուն կ'անուանեն արմէններ (Մ. Խորենացի):

Հեռաւոր ժամանակներու այս պատկերացումները կը լուսաբանեն հայոց երկու մեծ՝ Հայասա եւ Արմէն ցեղերու գոյութիւնը նախապատմական այն դարերուն, երբ անոնք կ'ապրէին դեռեւս տարբեր վայրերու մէջ, իրարմէ անկախ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2021, 08:05