Հայաստանի պատմական քարտէզ  Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (8) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար:

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Նանէն իմաստութեան խորհրդանիշն է. համազօր (Աթենասի):

Միհրը որպէս կրակի եւ արեգակի աստուած հետագային հայերը այդ տօնը «Տեառն ընդ առաջին» նշած են՝ փետրուար 13- ին:

Միհրի անունէն յառաջացած է ոչ քրիստոնէական տաճարի անուանումը՝ Մեհեան:

Սոյն աստուածներէն բացի հռչակաւոր եղած են նաեւ

Աստղիկ դիցուհին, որը ունի սիրոյ եւ գեղեցկութեան խորհուրդը, նման յունական Ափրոդիտէի: Որու տօնը կոչուած է վարդավառ եւ նշուած՝ Յուլիս ամսուն: Այդ օրը սովորաբար մարդիկ ջուր կը թափէն միմեանց վրայ եւ վարդեր կը նուիրէն Աստղիկին եւ աղաւնիներ կը թռցնեն երկինք:

  •   Տիրը՝ արուեստի եւ դպրութեան հովանաւորն է. նման յունական Հերմէսին եւ Ապոլլոնին:

  •   Բացի գիտութեան դպիր ըլլալէ. Տիրը կատարած է նաեւ երազահանի եւ երազացոյցի դեր եւ ըստ Ագաթանգեղոսի անոր պաշտօնավայրը կոչուած է երազամոյն տեղի:

Այստեղ Տիրը կը կանխագուշակէր բախտը ինչ որ նշաններով՝ գրելով, որոնք այլազան նշանակութիւն ունին:  Գիրը հնագոյն ժամանակներուն հմայութեան նշան համարուած է: Գրող կամ գիր բառերու նախնական նշանակութիւնը դպրութեան հետ կապ չէ ունեցած, այլ եղած է պաշտամունքային:

Այստեղէն ալ յառաջացած են՝ «գրողը տանի», «գրողի ծոցը՝ գնա», «գրողի բաժին» արտայայտութիւնները, ուր գրողը ոչ թէ դպիրն է, այլ այն չար ոգին, որը մարդկանց դժբախտութիւն կը բերէ:

 Ամենաբեղ, Ամանոր, Վանատուր Աստուածները՝ Պտղաբերութեան եւ բերքահաւաքի խորհրդանիշերն են:

Բացի մարդակերպ աստուածներէն, հայերու երեւակայութեան վրայ ազդեցութիւն ձգած են նաեւ չար ու բարի ոգիներ. Իրական եւ երեւակայական կենդանիներ եւ առարկաներ (Հրէշ, Վիշապ, Շահպետ, Պայ, յուշակապարիկ, յարալէզ եւայլն)

Բնութեան պաշտամունք (ամպրոպ, փոթորիկ, կայծակ, արեգակ, լուսին, աստեղ եւ տոտեմներ):

Զոհաբերութեամբ եւ նուէրներով, հոգիի հաւատքի պաշտամունքը՝ յատուկ ծէսերով եւ բնութեան չար ոյժերու դէմ ուղղուած հմայական աղօթքներով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2021, 08:09