Հայաստանի պատմական քարտէզ  Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (7) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար:

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Ուրարտու-Արարատեան թագաւորութեան մէջ բնակող ցեղերը իրենք-իրենց համարած են՝ ռազմի գերագոյն Աստուած

«Խալդիի որդիներ»: Հայկը, միեւնոյն ժամանակաշրջանին եւ

միեւնոյն վայրի մէջ, ունեցած է միեւնոյն պաշտամունքը: Ռուս լեզուաբան-արեւելագէտ Մեշչանինովի հետազօտութիւնները կը նոյնացնեն Խալդ եւ Հայկ անունները, ոչ միայն բնոյթով, այլեւ լեզուական առումով, յանգելով այն բացատրութեան, որ Խալդ

անուան հիմքը հայն է, ուր «Լ» հնչիւնը փոխուելով եղած է «յ», իսկ, «Խ» հնչիւնը՝ «Հ»-ի:

 Արան՝ իբրեւ գեղեցկութեան եւ ողջախոհութեան խորհրդանիշ հին աստուածներէն յայտնի է:

  Վահագնը՝ արեւի:

  Տորքը՝ ոյժի եւ քաջութեան մարմնացում:

 Շամիրամը՝ (ասորական) սիրոյ եւ պտղաբերութեան աստուածուհի:

Այս չաստուածներու անուններով Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ տեղանուններ, դաշտեր, լեռներ, գաւառներ եւ աւաններ, ինչպէս նաեւ ջրանցքներ, տաճարներ եւ այլ կոթողներ:

Հին հայերու մօտ ընդունուած էր նաեւ ջուրի, ծովի եւ անձրեւի:

  Աստուածուհի Ծովինարի պաշտամունքը:

  Լուսնի ու աստեղերու պաշտամունքը:

  Սրբազան կամ կենաց ծառերու պաշտամունքը:

Հեթանոս հին աստուածներու կողքին ստեղծուած է հայկական կրօնական նոր համաստեղութիւն (Ք.Ա. 4-3-րդ դարերուն), որը Աքեմենեան տիրապետութեան ընթացքին մասամբ կրած է իրանական ազդեցութիւն:

 Արամազդը:

 Վահագնը:

 Միհրը:

 Տիրը:

  Անահիտը:

 Աստղիկը:

 Նանէն:

Ունեցած են իւրայատուկ դերեր եւ մարմնաւորած են մարդկային կամ բնութեան որեւէ յատկանիշ եւ ազգակցական կապերով առընչուած են միմեանց հետ:

Արամազդը աստուածներու հայրն է, նման յունական Զեւսի, Հռոմէական Եուպիտերին, Հնդկական Ինդրային եւ պարսկական Ահուրամազդին:

Արամազդը ստեղծած է երկիրն ու երկինքը, եղած է առատութեան խորհրդանիշ:

Արամազդը ունէր երեք զաւակ

 Անահիտ դիցուհին պտղաբերութեան աստուածուհին:

 Նանէ դիցուհին ողջախոհութեան աստուածուհին:

 Միհր դիցը կրակի, արեգակի աստուածը:

Արամազդի տօնը նշուած է Ամանորին (Օգոստոս 11-ին) ուր կատարուեր են նաւասարդեան ուրախ խաղեր ու մրցումներ:

Անահիտ դիցուհին ամենասիրուած եւ պաշտուած մայրաստուածն է՝ նման յունական Արտեմիսին:

Անահիտը եղած է մայրութեան, առաքինութեան, խոհականութեան եւ ռազմի աստուածուհին նաեւ արգասաւորութեան եւ պտղաբերութեան դիցուհին:

Անահիտը կոչուած է նաեւ Ոսկեմայր, Ոսկեհատ, Ոսկեծղի, Ոսկեմատն եւայլն:

Անահիտի գլխաւոր տօնը եղած է Օգոստոսի 15-ին, որպէս պտղաբերութեան տօն. եւ նշուած մեծ շուքով: Քրիստոնէութենէն ետք այդ տօնը փոխարինուած է Տիրամօր վերափոխման տօնով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2021, 08:02