Փորձութիւններու Յաղթող Հաւատք. Փորձութիւններու Յաղթող Հաւատք.  

Փորձութիւններու Յաղթող Հաւատք. Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Հաւատք կ'ենթադրէ վստահութիւն: Իսկ մեր ամէնօրեայ արտայայտած տրտունջն ու գանգատը կ'ենթադրէ անբաւարար վստահութիւն եւ թերի հաւատք: Նպատակ չունիմ թեթեւի առնել ներկայի տագնապները, այլ կ'ուզեմ վեր առնել հաւատքի յաղթող զօրութիւնը:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Պօղոս կորնթացիներուն կը գրէ՝ «Իսկ հիմա սա երեքը կը մնան՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը» (Ա. Կորնթ. 13:13): Եկեղեցին, առաքեալին աւանդած այս առաքինութիւնները կը դասէ որպէս «աստուածաբանական առաքինութիւններ», որովհետեւ անոնցմով հաւատացեալը հաղորդ կ'ըլլայ աստուածային կեանքին: Անոնք կը հանդիսանան հիմնաքարերը քրիստոնէական բարոյագիտութեան:  Յարկ է նշել նաեւ, որ անոք Աստուծոյ կողմէ տրուած ձրի պարգեւներ են,  եւ քրիստոնեաներուս կը մնայ միայն զանոնք ընդունիլ:

Սոյն յօդուածով մի քանի խորհուրդներ կ'ուզեմ կիսել ''հաւատք'' առաքինութեան մասին:

Վերջին մի քանի տասնամեակներուն, եկեղեցւոյ ուսուցումը ընդհանրապէս կեդրոնացուցած էր սիրոյ վրայ: Հակառակ իր կարեւորութեան, սակայն եթէ ան՝ սէրը իր ամբողջական շրջագիծին մէջ չդրուի, այսինքն հաւատքի եւ յոյսի կողքին, կը մնայ լոկ մեղկ զգացում մը: Աշխարհը կ'երգէ սիրոյ մասին, սակայն ոչ այն սէրը, զոր քրիստոնեան պէտք է ունենայ: Աւետարանը կը գրէ՝ « Չկայ աւելի մեծ սէր, քան այն՝ երբ մէկը կը ընծայէ իր անձը իր բարեկամներուն համար» (Յովհ. 15:13): Ս. Գիրքը այս խօսքը մեզի կ'ուսուցանէ,  թէ սէրը գլխաւորաբար տալ է եւ ոչ միայն առնել: Աշխարհը կը գովաբանէ անձնական զգացումներ շոյող եսակեդրոն սէր մը, որ շատ յաճախ յուսախաբութեան կը տանի: Իսկ աստուածատուր սէրը քրիստոսակեդրոն է, որ միշտ յուսադրիչ է եւ հաւատք ներշնչող :   

Քրիստոնէական սէրը աստուածային պարգեւ է, որու համար յարկ է հաւատք ունենալ: Հաւատք կը նշանակէ ընդունիլ Աստուծոյ խոստումները, եւ թէ՝ ամէն ինչ որ Ան յայտնած է իր սուրբ խօսքին մէջ, պիտի կատարէ: Օրինակի համար նկատենք հետեւեալ համարը՝ « Բնաւ պիտի չթողում քեզ, ոչ ալ պիտի լքեմ քեզ» (Եբր. 13:5): Կրնա՞նք հաւատալ, թէ մեր տագնապալի կեանքին մէջ, Ան պիտի չթողու մեզ: Այլ օրինակ մը՝ «Բոլոր բաները բարիին գործակից կ'ըլլան անոնց՝ որ կը սիրեն Աստուած, անոնց՝ որ կանչուած են իր առաջադրութեան համաձայն» (Հռոմ.8:28): Դարձեալ ո՞ւր է բարին, երբ աշխարհը մեր շուրջէն փուլ կու գայ:

Եթէ չկարենանք վստահիլ վերոյիշեալ խոստումներուն, կը նշանակէ մեր հաւատքը թերի է: Հաւատք կ'ենթադրէ վստահութիւն: Իսկ մեր ամէնօրեայ արտայայտած տրտունջն ու գանգատը կ'ենթադրէ անբաւարար վստահութիւն եւ թերի հաւատք: Նպատակ չունիմ թեթեւի առնել ներկայի տագնապները, այլ կ'ուզեմ վեր առնել հաւատքի յաղթող զօրութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2021, 08:38