Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԾԹ)

Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հաւատացելոց կամ Կանոն Սրբոյ Պատարագի «Anaphora»:

ԾԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք   Հաւատացելոց կամ Կանոն Սրբոյ Պատարագի «Anaphora»: 

Պատարագի Ճաշու մասը վերջ կը գտնէ Հաւատամքին յաջորդող «Եւ եւս հաւատով աղաչեսցուք և խնդրեսցուք» տիեզերական քարոզով. այնուհետեւ կը սկսի Հաւատացելոց պատարագը (մեծ մուտք, ողջոյն, սրբագործութիւն, յիշատակութիւն, ճաշակում):

Բ. Հաւատացելոց պատարագ

Վերաբերութիւն կամ Մեծ Մուտք

«Արձակումն Երեխայից»

«Երեխայից» պատարագը, որ (Missa Cathecumenorum) կը տեւէ մինչեւ վերաբերում, երբ սարկաւագը կ'ազդարարէ. «Մի՛ ոք յերախայից, մի՛ ոք ի թերահաւատից». անցեալին՝ սարակաւագի այս խօսքերէն ետք, չմկրտուած նորադարձները (երախանները) կամ ապաշխարանքի մէջ եղող մեղաւորները, թերահաւատներն ու մեղքերէն չմաքրուածները՝ գաւիթ կ'ելլէին ու հոն կը շարունակէին աղօթել. որովհետեւ  հաւատացելոց պատարագին կարող էին մասնակցիլ միա՛յն անոնք՝ որոնք մկրտուած էին և ապաշխարութեամբ նախապատրաստուած՝ ընդունելու Ս. Հաղորդութիւնը: Երեխայից արձակման այս քարոզը կը պահուի միշտ Քաղդէացի և Հայ ծէսերուն մէջ. թէպէտ առանց գործածութեան դրուելու, որովհետեւ խօսքերը գործնական իմաստ մը չունին այլեւս: Նոյնիսկ գաւիթն ալ իր ձեւը կորսնցուցած է, փոխանակ պատի և դրան, այժմ եկեղեցիներու ետեւի կողմը կիսավանդակով մը զատուած մաս մը կայ՝ որ ըստ ամենայնի եկեղեցւոյ մաս կը կազմէ: Լամբրոնացին զարմանք կը յայտնէր թէ ինչու այս երգին սովորութիւնը կը պահուի միայն խօսքով և անարժանները դուրս չեն ելլեր պատարագի այդ պահուն: Ե. դարու առաջին կիսուն՝ «Երեխայից»[1] պատարագի ընթացքին՝ չմկրտուածներուն վրայ աղօթք մը կը կատարուէր եպիսկոպոսին կամ քահանային ձեռքը վրանին դնելով, որուն կը կանխէ քարոզ մը, որ կը հրաւիրէ ժողովուրդը անոնց համար աղօթելու. նոյնպէս աղօթք և մաղթանք կը կատարուէր «ի սատանայէ զրկելոց» ապաշխարողաց վրայ: Ներկայիս այդ արարողութիւնը ջնջուած է: Խոսրով Անձեւացի իր «պատարագի մեկնութեան» մէջ՝ կը յիշէ թէ անոնց վրայ կարդացուած աղօթքը՝ «Խաղաղութեամբ քով Քրիստոս Փրկիչ մեր» այսօրուան մեր պատարագին մէջ քահանային կողմէ արտասանուած նոյն աղօթքն է:

Աղօթք Մեծ Մուտքի

Հաւատացելոց պատարագի սկիզբը, երբ դպիրները «Մարմին տէրունական» Մեծ Մուտքի երգը կ'եղանակեն, սարկաւագը պատարագիչին սաղաւարտը վար կ'առնէ, քահանան իր կարգին կը հանէ հողաթափները, իսկ եթէ խորհրդածուն եպիսկոպոս ըլլայ կը հանէ խոյրը, եմիփորոնը, արտախուրակը եւ հողաթափները, որ կը խորհրդանշէ, թէ մինչ այդ կը կրէր Յիսուսի իշխանական փառքը, իսկ հիմա կը մտնէ ծառայական կերպի մէջ, սպասաւոր դառնալով աստուածային փրկարար Խորհուրդին: Եւ մինչ այն՝ քահանայի աղօթքները ուղղուած էին Քրիստոսի, ապա այս պահէն սկսեալ՝ կ'ուղղուին Հայր Աստուծոյ՝ գործակից խնդրելով Ս. Հոգին Աստուած, որովհետեւ Որդին Աստուած՝ Քրիստոս, կը պատարագուի Ս. Սեղանի վրայ: Այս միջոցին՝ պատարագիչը գլուխը խոնարհեցուցած սուրբ սեղանին ձեռնամած՝ խորհրդաբար և ի ծածուկ Մեծ Մուտքի աղօթքը կը կարդայ. «Մարմնաւոր ախտերէ և ցանկութիւններէ բռնուածներէս ոչ մէկը արժանի է մօտենալու քու սեղանիդ, կամ սպասաւորելու քու արքունական փառքիդ»:

Սրբասացութեան քարոզ

Այնուհետեւ, սարկաւագը «Սաղմոս ասացէք Տեառն Աստուծոյ մերոյ» սրբասացութեան քարոզը կ'երգէ:

Սրբասացութիւն

Որմէ ետք դպիրները կ'եղանակեն սրբասացութիւնը. «Հրեշտակային», «ո՞վ է որպէս Տէր», «Բազմութիւնք» եւլն. օրուայ խորհուրդի համապատասխան, այսինքն՝ Կիրակէի, Եկեղեցւոյ, Ծաղկազարդի եւ Հրեշտակային, եւլն:

[1] Ոչ քրիստոնեայ կամ հեթանոս

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 08:07