Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԾԸ)

Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի խօսինք «Երեխայից» պատարագի աւարտի մասին:

ԾԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի խօսինք «Երեխայից» պատարագի աւարտի մասին: 

Երբ «Երեքսրբեան» երգը կը լմննայ, սարկաւագը «համաշխարհական քարոզը» կ'ըսէ, որ նուիրուած է աշխարհի խաղաղութեան, սուրբ եկեղեցւոյ հաստատութեան, ուղղափառ եպիսկոպոսներու, հայրապետներու, վարդապետներու, թագաւորներու բարօրութեան, ինչպէս նաեւ ննջեցեալներու հոգիներու հանգստեան: Իւրաքանչիւր խնդրանքին՝ դպրաց դասը Աստուծոյ կը դիմէ, ըսելով. «Տէր ողորմեա»:

Ճաշու ընթերցուածներ

Այնուհետեւ, Ճաշոց գիրքէն մարգարէական և առաքելական գիրքերը կը կարդացուին, որովհետեւ ինչ որ մարգարէները նախապէս գուշակած էին՝ իրականացան: Իսկ առաքեալները Քրիստոսի կեանքի ու խօսքի կենդանի վկաները հանդիսացան: Աւարտին՝ Ճաշու Աւետարանի սկիզբը սարկաւագը կը ձայնէ. «Ալէլուիա, օրթի». Օրթի յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ ոտքի կանգնիլ: Իսկ ալէլուիա-ն կը թարգմանուի «Օրհնեցէ՛ք զԱստուած»: Ապա պատարագիչ քահանան կը դառնայ դէպի ժողովուրդը Սուրբ Աւետարանը ձեռքին, որու ընթերցումը մեզ կը վերյիշեցնէ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն ծնունդը, կեանքը, խօսքերը, վարդապետութիւնը, հրաշքները, մատնութիւնը, խաչելութիւնը ու հրաշափառ Յարութիւնը: Այս բոլորը մեզ կը պատգամէ Աւետարանը, որմէ հատուածներ կը կարդացուին ամէն Պատարագի ատեն: Աւետարանի ընթերցման  ժամանակ ժողովուրդը ոտքի պէտք է կանգնի:

Հաւատոյ հանգանակը

Ճաշու Աւետարանի ընթերցումէն ետք, սարկաւագը Սուրբ Աւետարանը բարձրացուցած, Հաւատամքը լման կ'ըսէ: Հաւատոյ հանգանակը քրիստոնէական հաւատքի ամենակարեւոր բանաձեւերու խտացուած շարադրանքն է: Հաւատամքը Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն է միաստուածութեան և ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր, Որդւոյ և Սուրբ Հոգւոյն նկատմամբ: Արեւմտեան Եկեղեցիներու Հայրերու մօտ տարածուած է այն աւանդութիւնը, թէ «Հաւատոյ հանգանակ»-ի հեղինակները Յիսուսի տասներկու առաքեալներն են. որ իր կարգին՝ բանաձեւուած է Նիկիոյ (325թ.) Ա. Տիեզերական Ժողովի ընթացքին, 318 հայրապետներու կողմէ, և կը կոչուի նաեւ «Նիկիական հանգանակ»:

Այս ժողովին մասնակցած է նաեւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի որդին՝ Արիստակէս Կաթողիկոսը: Այնուհետեւ 381 թուին, «Հաւատամք»-ը վերատեսութեան ենթարկուած է Կ. Պոլսոյ Բ. Տիեզերական Ժողովին:  «Հաւատամք»-ը Սուրբ Պատարագի մէջ ներմուծուած է 473 թուին, Անտիոքի Պետրոս «Թափիչ» Պատրիարքի կողմէ: 511 թուին որդեգրուած է Բիւզանդական Եկեղեցւոյ կողմէ, իսկ 589 թուին՝ ընդունուած է Արեւմուտքի մէջ: Մեր եկեղեցին Հաւատոյ հանգանակը Լուսաւորչեան Հանգանակ կը կոչէ նաեւ, որովհետեւ անոր աւարտին յաւելուած «Իսկ մեք փառաւորեսցուք» փառատրական աղօթքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին վերագրուած է: Հայոց Պատարագամատոյցի Հաւատամքը[1] ըստ Գաթրճեանի կարելի է Նիկիական Աթանասեան կոչել: «Հաւատոյ հանգանակ»-ը դարեր շարունակ քրիստոնէութիւնը զերծ պահեց ժամանակի զանազան հերձուածողական շարժումներէն: Անցեալին, Հաւատամքին կը յաջորդէր Նեստորի և Արիոսի (որոնք կ'աղաւաղէին աստուածային համագոյութիւնը) աղանդներուն դէմ գրուած բանաձեւ մը, որուն մէջ կը շեշտուէր թէ՝ Քրիստոսի և Սուրբ Հոգւոյ աստուածութեան մերժումը մեծագոյն մոլորութիւն է և կը տանի կորստեան: Այս նզովքը այսօր շատ մը եկեղեցիներու մէջ զեղջուած է: Հայ եկեղեցւոյ մէջ, այս «Հաւատամք»-էն անկախ՝ երկու ուրիշ աւելի հին հաւատամքներ եւս մշակուած են. առաջինը՝ «Խոստովանիմք եւ հաւատամք ամենակատար սրտիւ» որ Ժամագիրքի սկիզբը կը գտնուի: Իսկ երկրորդը՝ շատ աւելի հակիրճ է, կը գտնուի Մկրտութեան կանոնին մէջ, որ հետեւեալ բանաձեւը ունի. «Հաւատամք յԱմենասուրբ Երրորդութիւնն ի Հայր և յՈրդի և ի Սուրբ Հոգի: Զաւետումն Գաբրիէլի, զԾնունդն Քրիստոսի, զՄկրտութիւնն, զՉարչարանս, զԽաչելութիւնն, զԹաղումն երեքօրեայ, զՅարութիւնն, զաստուածապէս Համբարձումն, զնստիլն ընդ աջմէ Հօր, զահաւոր և զփառաւորեալ զմիւսանգամ Գալուստն՝ խոստովանիմք և հաւատամք», զորս Հայ Առաքելական Եկեղեցին որդեգրած է, թէեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ մկրտութեան պահուն Նիկիոյ հանգանակը լման կ'արտասանէ: Այսպէս, Յովհաննէս Արճիշեցիի համաձայն, «Նիկիական հանգանակ»-ը արտասանելով՝ ժողովուրդը կը խոստովանի ուղիղ հաւատքի դաւանանքը և որմէ յետոյ կարող է արժանապէս աստուածային խորհուրդին մօտենալ:

[1] Գաթըրճեան, Յովսէփ, վ., Հանգանակ Հաւատոյ, Վիննա 1891,էջ 37

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2021, 08:12