Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԾԷ)

Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Երախայից պատարագի ենթաբաժանումներու նկարագրութեան:

ԾԷ. Հաղորդում

Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Երախայից պատարագի ենթաբաժանումներու նկարագրութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Սկիզբն

Օրհնութիւն Սկզբան

Երախայից պատարագի երկրորդ մասը կը կոչուի Ճաշու պաշտօն, որու ընթացքին Ճաշոց գիրքէն ընթերցումներ կը կատարուին: Ճաշու պաշտօնը կը սկսի խնկարկութենէն ետք՝ Աստուծոյ թագաւորութեան հռչակմամբ. երբ սարկաւագը «Օրհնեա Տէր» կը ձայնէ. (Ամէն անգամ երբ պատարագիչ քահանան բարձրաձայն աղօթք մը ունենայ, նախապէս սարկաւագը անոր կը դիմէ «Օրհնեա Տէր» օրհնաբանութեամբ և ասիկա շատ անգամ կը կրկնուի պատարագի ընթացքին). իսկոյն պատարագիչը հետեւեալ աղօթքը բարձրաձայն կ'երգէ. «Օրհնեալ ըլլայ թագաւորութիւնը Հօր և Որդւոյ և Հոգւոյն Սրբոյ. Այժմ և միշտ և յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն». ըստ որուն կը հաւաստէ, թէ եկեղեցին Աստուծոյ թագաւորութիւնն է: Ապա դպիրները օրուայ խորհուրդի կամ տօնի համաձայն կ'երգեն ժամամուտը, որ կը նշանակէ մուտք ժամու Սուրբ Պատարագի. «Միածին Որդի եւ Բանդ Աստուած եւ անմահ Էութիւն». յաւուրս կիւրակէից ժամամուտն է, որ 535 թուին Յուստինիանոս կայսրը Սուրբ Պատարագին մէջ ներմուծած է: Հայ Եկեղեցւոյ պարագային՝ այս աղօթքը կ'արտասանուի և կ'երգուի, ի տարբերութիւն Բիւզանդական Եկեղեցւոյ պատարագին, ուր միայն կ'երգուի: Արդարեւ, իւրաքանչիւր տէրունական տօն, որ Քրիստոսի տնօրինական կեանքին կապուած է՝ ունի իր յատուկ ժամամուտը: Այնուհետեւ, սարկաւագը «Եւ եւս խաղաղութեան» քարոզով՝ կը խնդրէ այն երկնային խաղաղութիւնը, զոր Յիսուս խոստացաւ իր աշակերտներուն (Յովհ. ԺԴ): Այդ խնդրանքին որպէս հետեւանք՝ քահանան օրհնութեամբ՝ «Խաղաղութիւն ամենեցուն» կ'ըսէ, այն խաղաղութիւնը, որ Քրիստոս իր աշակերտներու տուաւ՝ ըսելով. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. Ես չեմ տար ձեզի, ա՛յնպէս՝ ինչպէս աշխարհը կու տայ» (Յովհ. 14,27):

Երախայից պատարագի երկրորդ մասը կը շարունակուի պատարագիչի «Տէր Աստուած մեր» Ոսկեբերանեան աղօթքի բաձրաձայն արտասանութեամբ (այսինքն՝ եղանակով), որմէ ետք, դպիրները կ'երգեն սաղմոսն ու ճաշու շարականը, օրուայ խորհուրդի համաձայն ըստ յաւուր պատշաճի: Նոյն ատեն քահանան ի ծածուկ կ'աղօթէ մինչեւ շարականի վերջին տունը՝ երբ քահանան երկրպագելով սեղանին, կ'առնէ սուրբ Աւետարանն ի ձեռին, եւ «Տէր Աստուած մեր, որ կարգեցեր յերկինս զդասս եւ զզինուորութիւնս» աղօթքը կ'ըսէ ի ծածուկ. որուն մէջ կը խնդրէ հրեշտակային դասի աջակցութիւնը իր պաշտօնը կատարելու: Ս. Ներսէս Լամբրոնացին և Յովհաննէս Արճիշեցին քահանայի ծածուկ աղօթքին անդրադառնալով կ'ըսեն թէ՝ պատարագի ընթացքին շատ մը աղօթքներ «ի ծածուկ» կը կարդացուին քահանային կողմէ, ի նշան Քրիստոսի հետ մտերմութեան: Այս ծածուկ աղօթքները յաճախ կ'աւարտին քահանային կողմէ բարձրաձայն արտասանուած աղօթքով: Այնուհետեւ, սարկաւագը «Պռօսխումէ» կը ձայնէ, որ յունարէն բառ է և կը նշանակէ ուշադրութիւն. իսկ քահանան համբուրելով սուրբ Աւետարանը կու տայ սարկաւագին. որ բարձրացնելով ի տես ժողովրդեան՝ հանդիսաւոր կերպով կը դառնայ սեղանին շուրջ՝ հիւսիսէն դէպի  հարաւ: Նոյն պահուն, դպիրները կ'երգեն օրուան խորհուրդին համաձայն՝ Երեքսրբեանը, այսինքն՝ «Սուրբ Աստուած»-ը: Աւետարանակիր սարկաւագը կը մօտենայ բեմի ծայրը և Առաքելական թուղթը ընթերցողին Աւետարանը համբուրել կու տայ. իսկ պատարագիչը կ'օրհնէ համբուրողը: Այս պատկերը կը խորհրդանշէ Մովսէս մարգարէի Սինա լերան վրայ ստացած՝ տասնաբանեայ պատուիրանները եբրայեցի ժողովուրդին բերելը: Քահանան, իր կարգին՝ ի ծածուկ Երեքսրբեանի աղօթքը կ'ըսէ՝ փառաբանելով զԱստուած և թողութիւն խնդրելով իր կամայ և ակամայ մեղքերուն համար, որուն մէջ, ըստ Ներսէս Լամբրոնացիին՝ քահանան կը յիշէ Եսայի և Եզեկիէլ մարգարէներու տեսիլքները (Եսայի 6:1-4; Եզեկիէլ 1):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2021, 08:10