Ադամն ու Եւան Ադամն ու Եւան 

«Ադամական մեղքը եւ անոր հետեւանքը». Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

«Լոյսը խաւարին մէջ կը փայլի, սակայն խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն» (Յովհ. 1:5): Այս պատգամին հրաւէրն է, որ անգամ մը եւս դառնանք Աստուծոյ՝ «լոյսին, որ կը լուսաւորէ խաւարը» :
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Ադամական մեղք»ը կամ «նախնական մեղք»ը արտայայտութիւններ են, որոնք կը մատնանշեն նախամարդուն՝ Ադամին ապստամբութիւնը աստուածային պատուիրաններուն դէմ: «Ադամական մեղք»ի տեսութիւնը տարբեր բացատրութիւններ ունի աստուածաբաններու եւ նոյնիսկ եկեղեցւոյ հայրերուն մօտ:  Մեր նպատակը հոս աստուածաբանական վերլուծում կատարել չէ, այլ պիտի փորձենք հարցին մօտենալ տարբեր դիտանկիւնէ մը:

 Աստուած մարդը ստեղծեց եւ զայն դրաւ ամենակատարեալ միջավայրին մէջ, որպէսզի ապրի, բարգաւաճի, իշխէ եւ տիրապետէ: Ադամ Աստուծոյ որդին էր ( Ղուկ. 3:38): Աստուած ստրուկ մը կամ պարզ հետեւորդ մը չստեղծեց, այլ որդի մը ծնաւ: Որդի մը՝ իր պատկերին նմանութեամբ: Ան կը վայելէր որդիական  իշխանութիւն եւ ազատութիւն: Չարը սակայն կարողացաւ համոզել նախամարդը, որ ապստամբի իր Հօր դէմ եւ ինք ըլլայ  «աստուած» որոշելու «բարին եւ չարը» (Ծնն. 3:5):

Հնազանդելով Չարին, Ադամ կորսնցուց իր բոլոր առանձնաշնորհումները եւ դուրս վտարուեցաւ երանական վիճակէն: Սակայն անոր աստուածանալու իղձը չդադրեցաւ: Մարդը ուզեց շարունակել իր ընթացքը հեռու Աստուծոյ պատուիրաններէն, ինք ըլլալու իր կեանքը կառավարող  օրէնքներու եւ սկզբունքներու աղբիւրը: Դարեր շարունակ իր այս ընտրանքը զինք առաւել եւս դժբախտացուց, սակայն եւ այնպէս իր կիրքը այնքան կոյրցուցած էր զինք, որ նոյնիսկ չկարողացաւ տեսնել իր դժբախտութեան պատճառը: 20րդ դարու հռչակաւոր քրիստոնեայ  հեղինակ, Սի. Էս. Լուիս կը գրէ՝ « մարդուն կորսուած ըլլալուն նշաններէն մին այն է, թէ ան տեղեակ չէ որ ինք կորսուած է»: Հայ երգն ալ կը կրկնէ այս գաղափարը ըսելով՝ «տարօրինակ մարդ արարած, կը խարխափես ու խաւարին չես հաւատար»: Չարը կը շարունակէ մարդը խաբել աստուած  ըլլալու փափաքով: Եւ մարդ արարած կը շարունակէ իր Հօրմէ հեռու աստուածութիւն փնտռել:

Արդիւնքներէն մին  «ադամական մեղքին» այն է, որ իւրաքանչիւր մարդ անհատ ինքզինք կը տեսնէ որպէս տիեզերքի կեդրոնը: Ինք արեւն է եւ ամէն ինչ մոլորակներու նման իր շուրջ կը դառնայ: Ան պատրաստ չէ լսելու եւ ոչ ոքի, այլ միայն կը խնդրէ որ ամէն մարդ իրէն մտիկ ընեն: Որովհետեւ մարդիկ զիրար չեն լսեր եւ չեն հասկնար,  մարդկային յարաբերութիւնները օր ըստ օրէ  աւելի եւ աւելի կը դժուարանան: Կրնա՞ք երեւակայել հարց մը լուծելու երկխօսութիւն, ուր երկու կողմերը միշտ իրաւունքով են: Անվերջ վէճի շարունակութիւն մը: Եւ ըստ այս, ամէն ոք մեկուսացած  եւ տխուր կ'ապրի: Եւ մարդկութեան Թշնամին մինակ տեսնելով մարդը, ամէն տեսակի դժբախտութիւններով կը թշուառացնէ անոր կեանքը:

Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն մարդ «աստուած» է. օրէնսդիրը եւ որոշողը «չարին ու բարի»ին: Ըստ այս ստեղծած է աշխարհ մը, որու մէջ կը խարխափէ:

«Լոյսը խաւարին մէջ կը փայլի, սակայն խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն» (Յովհ. 1:5): Այս պատգամին հրաւէրն է, որ անգամ մը եւս դառնանք Աստուծոյ՝ «լոյսին, որ կը լուսաւորէ խաւարը» : Մենք երկնային Հօր որդիներն ենք եւ Քրիստոսի ժառանգակիցները:  Մեր ինքնութիւնը ուրիշ տեղեր չփնտրենք. միայն Իր մէջ կրնանք գտնել զայն, ուր կայ խաղաղութիւն, հանգիստ եւ յաւիտենական կեանք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2021, 09:03