Ասսիզիի ներումը Ասսիզիի ներումը 

Ասսիզիի ներումը` 1216ին հաստատուած աւանդութիւն։

Օգոստոսի 1ին, բացումն է Ներումի հանդիսութեան։ Առաւօտեան ժամը 11ին Փոքր Եղբայրներու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը, Հայր Մաասսիմօ Ֆուզարելլի հանդիսաւոր Պատարագ պիտի մատուցանէ, որմէ ետք պիտի կատարուի «Ներումի բացումին» թափորը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի օգոստոսի մէկին եւ երկուին կը նշուի «Ասսիզիի ներումը» որ ունի նախապատրաստական եռօրեայ մը զոր սկիզբ կ՛առնէ 29 Յուլիսի երեկոյեան։ Այս տարուայ Եռօրեայ աղօթքներու քարոզիչն է Քալիարի Թեմին Արքեպիսկոպոսը եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին փոխ նախագահը Գերապայծառ Պաթուրի։

«Ներումը» հաստատուած է 1216-ին

''Ասսիզիի ներումը'' Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած ''Մեղքերու ընդհանրական քաւութիւնն է'' զոր հաւատացեալները ամէն տարի կարող են ընդունիլ` Օգոստոս 1-ի յետմիջօրէէն մինչեւ 2 օգոստոսի կէս գիշերը։ Սոյն «ներումը» հաստատուած է 1216-ին Օնորիոս Գ քահանայապետի օրով, Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Անոր ներկայացուած խնդրանքին վրայ։

«Փորցիունքուլան» հաշտութեան ապրումի փորձառութեան վայր

Ասիզզի ներումին հանդիսական օրերուն ընթացքին Տաճարին դուռը բաց կը մնայ բոլորին, ուխտաւորներու եւ տեղացի ժողովուրդին, որոնք կ՛ուզեն ստանալ Աստուծոյ շնորհքը, «Փորցիունքուլայի» հաշտութեան ապրումի փորձառութեամբ։

Փորցիունքուլան այն փոքրիկ մատուռն է որ կը գտնուի Ասսիզիի Հրեշտակներու Սրբուհի Մարիամ Պազիլիքայի ներքոյ ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ունեցաւ տեսիլքը ու կոչումը հետեւելու Յիսուսին՝ դառնալով աղքատներու միջեւ աղքատիկ։

Արարողութիւնները

Օգոստոսի 1ին, բացումն է Ներումի հանդիսութեան։ Առաւօտեան ժամը 11ին Փոքր Եղբայրներու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը, Հայր Մաասսիմօ Ֆուզարելլի հանդիսաւոր Պատարագ պիտի մատուցանէ, որմէ ետք պիտի կատարուի «Ներումի բացումին» թափորը։

Ժամը 19ին, Ասսիզի - Նոչերա Ումպրա - Կուալտօ Թատինոյի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ պիտի կգլխաւորէ երեկոյեան ժամերգութեան արարողութիւնը։

Օգոստոսի երկուքին, կարելի պիտի ըլլայ մասնակցիլ բազմաթիւ Սուրբ Պատարագներու։

Ասիզիի ներումին հանդիսութիւնները կ՛աւարտին 3 օգոստոսի երեկոյեան «ներումի համերգով»։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար սեղմել Այստեղ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2021, 09:51