Հայր Ժագ Համելի գերեզմանը Հայր Ժագ Համելի գերեզմանը 

Եղբայրութեան նահատակ Հայր Համելի սպանութեան հինգերորդ տարեդարձը։

Հինգ տարիներ անցան այն օրէն երբ Ֆրանսայի Ռուէն քաղաքի «Saint-Étienne-du-Rouvray»ի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ Հայր Համելը, պատարագի աւարտին, անողոք կերպով սպաննուեցաւ երկու մարդասպաններու կողմէ, որոնք հաւատարմութիւն ուխտած էին այդպէս կոչուած իսլամական պետութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարփան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ եւ իր հասարակութեան ծառայութեան տակ ոչ միայն որպէս ժողովրդապետ այլ նաեւ որպէս թոշակաւոր քահանայ Հայր Ժաք Համելը, 85 տարեկանին, առօրեայ կեանքին մէջ ցոյց կու տար թէ ի՞նչ ըսել է աշխատիլ եղբայրութեան մէջ, խթանել հանդիպումը, գիտնալ ունկնդրել ու յատկապէս աղօթել։

26 Յուլիսը Հայր Համելի յիշատակութեան օր

Հինգ տարիներ անցան այն օրէն երբ Ֆրանսայի Ռուէն քաղաքի «Saint-Étienne-du-Rouvray»ի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ Հայր Համելը, պատարագի աւարտին, անողոք կերպով սպաննուեցաւ երկու մարդասպաններու կողմէ, որոնք հաւատարմութիւն ուխտած էին այդպէս կոչուած իսլամական պետութեան։ Զինք սպաննելէն առաջ անոնք ծերունի Քահանային հրահանգած են ծունկի գալու եւ անոր վերջին խօսքերը եղած են «Հեռացիր սատանայ։ Ինձմէ հեռու սատանայ»։

Այդ 2016-ի 26 Յուլիսէն ի վեր այս թուականը Ռուէնի Թեմին համար դարձաւ Հայր Համելի յիշատակութեան օր։

Բոլոր նահատակները երանելի են

Ծերունի քահանայի մահուընէ մի քանի ամիսներ ետք Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առաւօտեան պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` 14 սեպտեմբեր 2016-ին հաստատած էր, թէ Հայր Համելը «նահատակ է ու բոլոր նահատակները երանելի են» եւ ասոր համար ուզեց անոր սրբադասման դատի գործընթացքը սկսիլ։

Քահանայապետը Հայր Համելը յիշեց որպէս «բարի մարդ, խոնարհ, եղբայրութեան մարդ որ մշտապէս ջանացած է խաղաղութիւն կերտել» ու «սպաննուեցաւ կարծես թէ ոճրագործ մը ըլլար»։

«Ան իր կեանքը տուաւ մեզի համար, իր կեանքը զոհեց Յիսուսը չուրանալու համար։ Ան իր կեանքը նուիրեց Յիսուսի զոհաբերումի խորանին վրայ ու այնտեղէն մեղադրեց հալածանքին հեղինակը «ետ գնայ սատանայ»։ Այս արիութեան տիպարը, ու կեանքի նահատակութեան տիպարը, ինքզինք ունայնացնելը օգնելու համար ուրիշներուն, մարդոց միջեւ եղբայրութիւն ստեղծելը, թող մեզ բոլորիս օգնէ յառաջ ընթանալու անվախ» ըսած էր ի մէջ այլոց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ։

Սրբադասման գործնըթաքը

Նահատակ Հայր Համելի սրբադասման դատի թղթածրարը այժմ կը գտնուի Սուրբերու Դատի Ժողովի ուսումնասիրութեան տակ։

Հայր Համելին փափաքն էր իր հասարակութեան մէջ տարածել եղբայրութեան պատգամ մը։ Անոր վերջին գրութիւններէն մին ասոր մասին կը վկայէ. «Այս ժամանակի ընթացքին կարող ենք անսալ Աստուծոյ հրաւէրին հոգ տանելու այս աշխարհին, որպէսզի զայն դարձնենք աւելի ջերմ, աւելի մարդկային, աւելի եղբայրական։ Ժամանակ` որ պէտք է յատկացնել ուրիշներու հետ հանդիպումին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2021, 09:59