Գերապայծառ Լի Հույի եպիսկոպոսական օծումը Չինաստանի մէջ Գերապայծառ Լի Հույի եպիսկոպոսական օծումը Չինաստանի մէջ 

Չինաստանի Փինկլիանկի օգնական եպիսկոպոսին օծման արարողութիւնը։

Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած եպիսկոպոսներու անուանումին հայող համաձայնագրութենէն ետք այս հինգերորդ եպիսկոպոսն է որ եպիսկոպոսական օծումը կ՛ընդունի։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Նոր եպիսկոպոս մը հինգերորդը` ժամանակաւոր այն համաձայնագրութենէն ետք որ ստորագրուեցաւ ընդմէջ Սուրբ Աթոռին եւ Չինաստանի Ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ եւ որ կը հայի եպիսկոպոսներու անուանումին։

Գերապայծառ Անթոնիօ Լի Հույը եպիսկոպոսանան օծումը ստացաւ 28 Յուլիսին որպէս Չինաստանի Կանսու նահանգի Փինկլիանկ թեմին օգնական եպիսկոպոս։

Օծման արարողութիւնը գլխաւորեց Քունմինկ թեմի եպիսկոպոսը գերապայծառ Ճուզեփփէ Մա Եինկլեյինը։

Նորօծ առաջնորդը ծնած է 1972 ին։ 1990ին մուտք կը գործէ Փինկլիանկի թեմական նորընծայարան ապա իր բարձրագոյն ու համալսարանական ուսումները կ՛աւարտէ Չինաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ազգային նորընծայարանէն ներս ու 1996ին կը ստանայ քահանայական ձեռնադրութիւնը։

Անոր անուանումը Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ տեղի ունեցաւ 11 յունուար 2021ին ինչպէս հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2021, 09:41