Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն: Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն:  

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն: Երկրորդ Կիրակի Վարդավառէն ետք

Մարդը թող չբաժնէ ինչ որ Աստուած միացուցած է (Մատթէոս, 19, 1-12)

Քրիստոս կը հաստատէ այս խօսքերով թէ ամուսնութիւնը եկեղեցւոյ 7 խորհուրդներէն մին է, հաւասար մկրտութեան, սուրբ հաղորդութեան եւ քահանայական օծումին: Նովին գործով՝ ան կը դառնայ սրբութիւն եւ անքակտելի ու անխափանելի միութիւն, զոր կարելի չէ լուծել որեւէ պատճառի համար, ինչպէս որ տեղի կ՝ունենար մինչ այդ հրեայ ժողովուրդին մէջ:

Ուրիշ նորութիւն մը եւս կը ներմուծէ Յիսուս, որ շատ հաճելի չի թուիր նոյնիսկ իր առաքեալներուն. Ան նոյն մակարդակի վրայ կը դնէ մարդը եւ կինը, իրարու հաւասար իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով: Կինը, մինչ այդ՝ նկատուած էր որպէս երկրորդ դասակարգի արարած մը, ենթակայ այր մարդու քմահաճոյքին եւ իշխանութեան, որպէս պարզ սպասուհի մը, զուրկ ամէն իրաւունքէ: Այսօր, արդի աշխարհի մէջ տակաւին կան երկիրներ եւ ժողովուրդներ որոնք կինը հաւասար չեն նկատեր այր մարդուն եւ ըստ այնմ կը վարուին անոր հետ: Յիսուս 2000 տարի առաջ արդէն կնոջ տուած էր իր բոլոր իրաւունքները:

Մեր հայ ազգի զաւակներուն մէջ ալ տակաւին գոյութիւն ունի կարգ մը տեղեր այս յետամնաց մտածելակերպը եւ մանաւանդ վարուելակերպը հանդէպ իգական սեռին: Այս յետադիմական գաղափարները պատիւ չեն բերեր մեր ազգին որ դարերու ընթացքին միշտ յառաջադէմ դիրք բռնած է ընկերային ու դասակարգային յարաբերութիւններուն մէջ: Մանաւանդ թէ մեր պատմութեան մէջ՝ աւելի կը հանդիպինք կնամեծար արքաներու եւ իշխաններու:

Յիսուսի առաքեալները նոյնիսկ շատ խիստ գտան այս նոր օրէնքը, սակայն Տէրը տեղի չտուաւ եւ հաստատ մնաց իր որոշումին մէջ. այսօր եւս Եկեղեցին, հետեւելով Քրիստոսի խօսքերուն, հաստատուն հիմերու վրայ կը դնէ ընտանիքը երբ այր ու կին խորանին առջեւ իրարու հաւատարմութիւն կ՛ուխտեն, անոնք այլեւս երկու չեն այլ մէկ մարմին, զոր ոչ մէկ իշխանութիւն երկրի վրայ կրնայ բաժնել:

Շատ լաւ գիտենք այն բոլոր դժուարութիւնները զորս կը դիմագրաւեն ներկայ դարուս մէջ ամուսնացած զոյգերը եւ առանց Աստուծոյ շնորհքին անոնք չեն կրնար դիմանալ ու յառաջանալ միշտ միացած մնալով. Յիսուս անոնց միշտ օգնական կը մնայ, ինչպէս որ օգնական կ՛ըլլայ կրօնաւորներուն որպէսզի հաստատ մնան իրենց կարգին մէջ:

Ընտանիքներն են որ կը կազմեն ընկերութիւնը: Եթէ ընտանիքի միութիւնը քանդուի, բոլոր երկիրը կրնայ դէպի քանդում յառաջանալ, մարդս իր ձեռքով է որ կրնայ ուժեղ եւ կանգուն պահել ընկերութիւն մը եւ ազգ մը. համբերութեամբ եւ փոխադարձ հանդուրժողութեամբ ընտանիքները կրնան լուծել իրենց մէջ յարուցանուած շատ մը հարցերն ու դժուարութիւնները: Զոյգը պէտք չէ մոռնայ որ սուրբ պսակի ընթացքին, Տէրը կու գայ ու կը հովանաւորէ նորապսակ զոյգը եւ անոնց հետ միասին կը կազմէ երրորդութիւն մը, որով միշտ ներկայ կ՛ըլլայ իրենց մէջ. Աստուած ի մէջ սոցա եւ սոքա մի սասանեսցին:

Ուստի ընտանեկան միութիւնը եւ զոյգին հաւատարմութիւնը իրարու հանդէպ միակ ճամբան է որ ընտանիքին կառոյցը հաստատ կը պահէ եւ առողջ ու շինիչ միջավայրի մէջ կը մեծնան զաւակները, որոնք պիտի կազմեն ապագայի դաստիարակուած ու մաքուր սերունդը ազգի մը. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2021, 09:23