Կլիմայի Կաթողիկէ համաշխարհային շարժումը կը յայտարարէ անուան փոփոխութիւնը դառնալով «Laudato Si' շարժում»

Այս նոր առաքելութիւնը կ՛արտացոլայ աւելի ընդարձակ ու հետեւողական տեսլական մը քահանայապետական շրջաբերականին հետ, որ հանդիսացաւ Շարժումին հիմնադրութեան կայծը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այժմէն սկսեալ Կլիմայի ի սպաս Կաթողիկէ համաշխարհային շարժումը պիտի անուանուի «Laudato Si' շարժում»։ Սոյն որոշումը կայացաւ երկու տարուայ սիւնհոդոսական գործընթացքի մը աւարտին որ շարժումը մղեց բարեփոխելու իր առաքելութիւնը, արժէքներն ու կառոյցները։

2015 թուականին ծնունդ առած Կլիմայի ի սպաս Կաթողիկէ համաշխարհային շարժումը ներշնչում կը քաղէ Քահանայապետական “Laudato sì” շրջաբերականէն։ Անիկա կաթողիկէ շարժում մըն է որ կազմուած է 800 է աւելի կազմակերպութիւններէն ու համայն աշխարհի տարածքին հազարաւոր “Laudato sì” ոգեւորիչներէ։

Շարժումի հինգերորդ տարեդարձը ու բարեփոխումները

2020ին անոր հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձին առթիւ, Շարժումը սկիզբ տուաւ զատորոշումի գործընթացքի մը` ինքնութեան, առաքելութեան, անուան ու կառոյցներու մասին, որ կայացաւ սիւնհոդոսական հոգիով, ներգրաւելով անոր բոլոր անդամները։

Գործընթացքէն բխած կարեւոր փոփոխութիւններէն մին եղաւ առաքելութեան հայող նոր յատարարութիւնը «Ոգեշնչել և գործի մէջ դնել կաթողիկէ համայնքը՝ որպէսզի ան հոգ տանի հասարակաց մեր տան ու իրականացնէ կլիմայական և բնապահպանական արդարութիւն»:

Այս նոր առաքելութիւնը կ՛արտացոլայ աւելի ընդարձակ ու հետեւողական տեսլական մը քահանայապետական շրջաբերականին հետ, որ հանդիսացաւ Շարժումին հիմնադրութեան կայծը։

Արժէքներու, կառոյցներու ու նոր ինքնութեան ձեւակերպում

Առաքելութեան հետ միասին յայտարարուեցաւ նաեւ արժէքներու, կառոյցներու ու նոր ինքնութեան ձեւակերպումը։

Ինքնութեան հայող նորութիւնը Շարժումի անունին փոփոխութիւնն է, որ այժմէն պիտի անուանուի «Laudato Si' շարժում»։ Այս մէկը ունեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնը, որ 22 մայիսին ուղարկած գիրով մը հաստատեց. «Շնորհակալութիւն Laudato Si' շարժումին` համապարփակ բնապահպանութիւնը խթանելու առաքելութեան համար եւ աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ մատուցած օգնութեան համար։ Բարի «Լաուտաթօ սի» շաբաթ։ Եղբայրաբար։ Ֆրանչիսկոս։

Քահանայապետին գիրը
Քահանայապետին գիրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 09:01