Լուսահոգի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Շահպազեան Լուսահոգի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Շահպազեան 

Ի Տէր հանգչեցաւ Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Շահպազեան

Տքնեցաւ ապրեցաւ ճշմարիտ խաչին խորհուրդը, ի խնդիր Աստուծոյ Փառքին եւ հոգիներու փրկութեան, իր ամբողջական գիտակցութեամբ, անձնուիրումով եւ անսպառ առաքելութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 19 Յուլիս 2021, առաւօտեան, Հ. Գէորգ երկարատեւ ու համբերատար հիւանդութենէն վերջ եկեղեցւոյ Ս. Խորհուրդներով զօրացած՝ հոգին յանձնեց իր Արարիչին:

Հ. Գէորգ վարդապետ ծնած է Հալէպ 1945-ին: Պատանի տարիքին զգալով իր մէջ քահանայական կոչումը կը մեկնի Լիբանան, Զմմառու դարաւոր վանքը, ապա Հռոմ Հայ Կաթողիկէ Լեւոնեան Քահանայապետական Ճեմարանը շարունակելու իր բարձրագոյն ուսումները:

1972-ին, յաջողութեամբ աւարտելով փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարանէն, կը վերադառնայ ծննդավայրը Հալէպ, եւ նոյն տարին Յուլիսի 16-ին, կուսակրօն Քահանայ կը ձեռնադրուի ձեռամբ՝ Արհի. Գէորգ Արք. Լայէքեանի, առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց, օծակից ունենալով՝ Գէորգ Սարկաւագ Զապարեանը:

Նորօծ Հ. Գէորգ Վարդապետ, հաւատքով ու մեծ եռանդով կը սկսի իր առաքելութիւնը հիմք ունենալով Յիսուսի խօսքերը. «Գացէք, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը, մկրտեցէք զանոնք Հօր եւ Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյն անունով: Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ պատուիրեցի ձեզի» (Մատթ. 28/19-20):

Հայր Գէորգ Վարդապետ տասնեակ տարիներ անխոնջ նուիրումով կը քահանայագործէ Ս. Փրկիչ–Վարվառիա եկեղեցւոյ մէջ, որպէս ժողովրդապետ: Առ ի քաջալերանք՝ 1983-ին կը ստանայ Գերյարգելիական տիտղոս, վարդապետական գաւազան եւ մատանի, ձեռամբ՝ Պատրիարքական Կառավարիչ Արհի. Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի:

Լուսահոգի Հ. Գէորգ Վարդապետ տարիներ կը ծառայէ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Էլ Իման) Ճեմարանէն ներս, գործակից ունենալով Հ. Պետրոս Վրդ. Միրիաթեանը` այժմու Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ:

1988-ին, անողոք հիւանդութիւնը (Լիբանանի մէջ ծանր գործողութեան ենթարկուելուն հետեւանքով) կը մարէ իր մէջ եռանդն ու նուիրումը անդամալուծելով իր ոտքերը` կեանքը: Սակայն Ան այս դժբախտութիւնը կրցաւ յաղթահարել Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատքով, յոյսով ու սիրով. նշանաբան առնելով Մեծ Վարդապետին խօսքերը. «Եթէ մէկը ուզէ իմ ետեւէս գալ՝ թող ուրանայ իր անձը եւ իր խաչը առնէ ամէն օր եւ հետեւի ինծի» Ղուկաս 9/23:

Որպէս քաջալերանք, Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց, 1995-ին, աշխատանքի կը հրաւիրէ զինք, վերանուանելով՝ Ժողովրդապետ իր շատ սիրելի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ: Կը Նշանակուի Հոգեւոր Վարիչ թէ «Հաւատք եւ Լոյս» Զուարթնոց Թերաճ Մանուկներու Խմբակին եւ թէ Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութեան:

1996-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կը հիմնէ Ս. Հոգիի եղբայրութիւնը:

1997-ին, կը տօնէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը Գոհաբանական Ս. Պատարագով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, որ Պատարագի աւարտին զինք կը պատուէ Լանջախաչով մը:

2004 թուականին Արհի. Գերապայծառ Տէրը զինք կը նշանակէ Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ որ կը վարէ հաւատարմութեամբ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը:

Լուսահոգի Հայր Գէորգ իր վախճանումէն երեք օրեր առաջ հիւանդանոցին մէջ տօնեց իր Քահանայական Ձեռնադրութեան 49 ամեակը, որուն 33 տարիները խաչեալ, աթոռակի վրայ աղօթեց, գործեց տառապելով. Տքնեցաւ ապրեցաւ ճշմարիտ խաչին խորհուրդը, ի խնդիր Աստուծոյ Փառքին եւ հոգիներու փրկութեան, իր ամբողջական գիտակցութեամբ, անձնուիրումով եւ անսպառ առաքելութեամբ:

Լուսահոգի Գերյարգելիին թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, Չորեքշաբթի, 21 Յուլիս 2021, առաւօտեան ժամը 11-ին, Մայր Օգնութեանց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կառավարիչ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի` Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց:

Արարողութեան ներկայ էին Հայ եւ Քրիստոնեայ բոլոր Համայնքապետերը, վարդապետներ, Մայրապետներ, վախճանեալին հարազատները, պետական Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներ, եկեղեցական-ազգային, բարեսիրական, կրթական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին՝ Վախճանեալ Գերյարգելիին մարմինը հանգչեցաւ եկեղեցւոյ յատուկ դամբարանի մը մէջ:

ԽՈՒՆԿ ՈՒ ԱՂՕԹՔ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2021, 09:12