Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները  

Համայն հայ ժողովուրդը կ՛աղօթէ ձեզի համար. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները Քահանայապետին։

Հազիւ թէ իմացանք ձեր հիւանդանոց փոխադրուելուն լուրը վիրաբուժական միջամտութեան մը համար մեր բոլորին մտածումն ու աղօթքը, ընկերացած մեր հաւատացեալներու աղօթքին, բարձրացան դէպի Երկնաւոր Հայրը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Երեքշաբթի 6 Յուլիս 2021ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք այս օրերուն համախմբուած են Լիբանանի Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ ընտրելու համար երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը, նամակ մը յղեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին,  որ լը կրէ սիւնհոդոսի նախագահ Արհ. Գերապայծառ Պետրոս Միրիաթեանի ստորագրութիւնը, որուն մէջ անոնք շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեն Նորին Սրբութեան վստահեցնելով իրենց ու համայն հայ ազգին աղօթքները։

«Հազիւ թէ իմացանք ձեր հիւանդանոց փոխադրուելուն լուրը վիրաբուժական միջամտութեան մը համար, մեր բոլորին մտածումն ու աղօթքը, ընկերացած մեր հաւատացեալներու աղօթքին, որոնք կը գտնուին Մայր Հայրենիքի թեմերուն մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհ, բարձրացաւ դէպի Երկնաւոր Հայրը, յետ-վիրաբուժութեան արագ եւ հոյակապ վերականգնումի մը համար» կը կարդանք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն Քահանայապետին ուղղած նամակին մէջ։

Մատնանշելով հուսկ պատարագի ընթացքին Քահանայապետին դիտաւորութեան արտասանուած յատուկ աղօթքին եպիսկոպոսները ընդգծեցին թէ իրենք մասնաւորապէս կ՛աղօթեն Տիրոջ, որպէսզի ստեղծագործ Սուրբ Հոգիի զօրութեան միջոցաւ, թիկունք կանգնի Նորին Սրբութեան իր տիեզերական եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած վսեմ առաքելութեան մէջ ու յատկապէս Եկեղեցւոյ մէջ բարեկարգումներու իրականացման մէջ։

Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները հուսկ հայցեցին Քահանայապետին հայրական օրհնութիւնը հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան վրայ ու դարձեալ ապահովեցուցին իրենց թախանձագին աղօթքները անոր շուտափոյթ ապաքինումին ու վերականգնումին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2021, 12:15