Արամ Ա կաթողիկոսը Քահանայապետի եւ Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու հետ միասին Արամ Ա կաթողիկոսը Քահանայապետի եւ Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու հետ միասին  

«Վատիկանէն Լիբանան մեր հետ կը տանինք հաւատքի եւ յոյսի պատգամ». Արամ Ա

Լիբանանահայութիւնը կարեւոր համայնք է ու մաս կը կազմէ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներուն։ Մենք պէտք է կառչինք մեր պարտաւորութիւններուն ու նաեւ մեր իրաւունքներուն։ Մենք կը կատարենք մեր լիիրաւ քաղաքացիի աւարտականութիւնը եւ տէր պէտք է կանգնինք մեր իրաւունքին»

Վատիկան Նիուզ

Անցեալ մէկ Յուլիսին Վատիկանի մէջ կայացաւ Լիբանանին նուիրուած շատ կարեւոր հանդիպում մը, որուն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր Պետերը, որոնց շարքին էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա վեհափառը, որ յատուկ դերակատարութիւն ունեցաւ ըլլայ հաւաքի կազմակերպման գծով ըլլայ հաւաքին ընթացքին իր ներկայացուցած զեկոյցով եւ միջամտութիւններով։

Ունկնդրէ Արամ Ա Վեհափառին ամբողջական հարցազրոյցը

Հանդիպումը, ինչպէս ըսինք տեղի ունեցաւ անցեալ հինգշաբթի օր եւ սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած աղօթքով որմէ ետք ժողովականները փոխադրուեցան Առաքելական Պալատ ուր մասնակցեցան դռնփակ խորհրդակցական նիստերուն։

Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 6ին Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ կայացած համամիութենական աղօթքի յատուկ արարողութեամբ որ եզրափակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լիբանանցիներուն ու միջազգային հասարակութեան ուղղած յատուկ պատգամով։

Միօրեայ հանդիպումին յաջորդ օրը Ռատիօ Վատիկան-Վատիկան Նիուզի հայկական բաժինը առիթը ունեցաւ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի տան մէջ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին բնակարանն է եւ ուր հիւրընկալուած էին նաեւ Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը, հանդիպելու Վեհափառ Հայրապետին որ, Լիբանան չի մեկնած եւ ընդառաջելով մեր խնդրանքին պատասխանեց իրեն ուղղած մեր մի քանի հարցումներուն ուր ան մասնաւորապէս «շատ կարեւոր» նկատեց Վատիկանի մէջ կայացած հաւաքը. «որովհետեւ, ըսաւ Ան, Լիբանանի Քրիստոնեայ Պետերը այդ հանդիպումի ճամբով փորձեցին միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնել Լիբանանը եւ Լիբանանի տագնապը»։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Հայրապետը հաստատեց նաեւ թէ «Վատիկանը ու յատկապէս քահանայապետը կարեւոր դեր ունեցան այդ ուղղութեամբ»։

ԹԷ «ի՞նչ պատգամ կը տանի լիբանանցիներուն», մեր ուղղած հարցումին Արամ Ա վեհափառ ի մէջ այլոց ըսաւ.

«Խորհրդակցութեան եւ աղօթքի հանդիպումի աւարտին Մենք Լիբանանցիներուն կը տանինք հաւատքի եւ յոյսի պատգամ։ Ժողովուրդին տագնապը մեր տագնապն է ու մենք համայն լիբանանցի ժողովուրդին հոգերը բերած ենք մեր հետ, առանց խտրութեան, որովհետեւ բոլոր լիբանանցիները կը դիմագրաւեն տագնապը ,ըլլան իսլամ կամ քրիստոնեայ։ Մենք պէտք է միշտ հաւատանք ու ու միշտ յուսանք ու այս մէկը կը թելադրէ Աստուածաշունչը» յարեց Վեհափառ Տէրը նշելով, թէ «Միաժամանակ պէտք է փորձենք միասնաբար, մենք որպէս քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ իսլամ հոգեւոր պետերու հետ գործակցաբար, աշխատինք որոնելու համար ուղիներ Լիբանանը այս տագնապէն դուրս բերելու համար»։

Արամ Ա կարեւոր եւ առաջնահերթ նկատեց «Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը՛», դիտել տալով որ «Վատիկանը իր բարոյական հեղինակութեամբ կարեւոր դեր կարող է ունենալ Լիբանանի տագնապի լուծման համար»։

«Մենք պէտք յիշեցնենք քաղաքական պատասխանատուներուն թէ այս տագնապը չի կրանար այսպէս շարունակուիլ ու թէ ժողովուրդը չի կրնար այս տագնապին մէջ ապրիլ» աւելցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։

Այն հարցումին թէ «ո՞րն է Քահանայապետին կեցուածքը» Վեհափառ Տէրը նշեց թէ դռնփակ ժողովներու ընթացքին Քահանայապետը երբեք չմիջահատեց, սակայն «երբեմն մարդուն լրութիւնը եւ դէմքին արտայայտութիւնը աւելի խօսուն է քան խօսքը» ըսաւ Ան, նշելով թէ ինք «նկատեց որ Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի հետ կը զգայ ու մեզի հետ կ՛ապրի»։

«Ժողովի աւարտին Քահանայապետը յայտնեց թէ հազիւ կառավարութիւն կազմուի ինք կ՛այցելէ Լիբանանը ու Պապին այս կեցուածքը մարտահրաւէր է Լիբանանի քաղաքական աշխարհին համար» ըսաւ Արամ Ա։

Խօսելով ապա միջ կրօնական երկխօսութեան ու Լիբանանի այս ուղղութեամբ ունեցած յատուկ առաքելութեան մասին, Արամ Ա ի մէջ այլոց յայտնեց թէ Իսլամներն ու քրիստոնեաները պէտք է միասին գործեն հասկնալու համար թէ ինչպէս դուրս բերեն լիբանանը այս տագնապէն։

«Մենք շեշտեցինք թէ երբ Լիբանանի մասին կը խօսինք կը խօսինք քրիստոնեայ իսլամ ժողովուրդի մասին։ Այս է լիբանանը։ Մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ պէտք է քրիստոնեայ - իսլամ համակեցութեան յատուկ կարեւորութիւն տալ, որովհետեւ առանց այդ համակեցութեան Լիբանան չի կրնար գոյութիւն ունենալ» ըսաւ Արամ Ա Այդ ուղղութեամբ կարեւոր նկատելով Թայէֆի համաձայնութիւնը։

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին հետ մեր ունեցած զրոյցի վերջին անդրադարձը յատկացուեցաւ Լիբանահայութեան, որուն կապկութեամբ Վեհափառ Հայրապետը ի մէջ այլոց նշեց թէ «Լիբանանը հայերուս համար սովորական երկիր մը չէ ուր հայեր կ՛ապրին։ Մեր ժողովրդին վերականգնումին մէջ Լիբանանը վճռական դեր ունեցաւ։ Մենք Լիբանան եկանք որպէս որբեր ու մեր կեանքը վերակազմակերպեցինք։ Մենք միշտ երախտագէտ պէտք է ըլլանք Լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ։ Մենք ապա նոյնացաք Լիբանանին հետ, անոր հարցերը դարձան մեր հարցերը«։

«Լիբանանահայութիւնը կարեւոր համայնք է ու մաս կը կազմէ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներուն։ Մենք պէտք է կառչինք մեր պարտաւորութիւններուն ու նաեւ մեր իրաւունքներուն։ Մենք կը կատարենք մեր լիիրաւ քաղաքացիի աւարտականութիւնը եւ տէր պէտք է կանգնինք մեր իրաւունքին» շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, որ զրոյցի աւարտին յիշեցուց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը, թէ «Լիբանանը համակեցութեան պատգամ է» ու «մենք, ըսաւ Արամ Ա, որպէս լիբանանցիներ պէտք է հաւատարիմ մնանք այդ պատգամին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2021, 12:30