Ամազոնեան տարածաշրջան Ամազոնեան տարածաշրջան 

«Economy of Francesco» ծրագրի երիտասարդները կը խորհրդածեն գիւղատնտեսութեան եւ ուժանիւթի մասին։

Ծրագիրը ծնունդ առած է մէկ տարի առաջ, «The Economy of Francesco» եւ ՖԱՕ-ի միջեւ կայացած աշխատանքին շնորհիւ ու համագործակցութեամբ «World Food Forum» ին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

15 յուլիսին սկիզբ առաւ չորս հանգրուաններով «MasterClass» մը հայող գիւղասննունդի եւ ուժանիւթի արտադրութեան, որուն պիտի մասնակցին Լատին Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդներ։ Անոնց հայեացքը ուղղուած է անշուշտ յառաջիկայ Հոկտեմբերին կայանալիք երիտասարդ գործատէրերու եւ տնտեսագէտներու «The Economy of Francesco» միջազգային համաժողովին որուն առընչութեամբ կը շարունակուին ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է ոգեւորել տնտեսութիւնը համապարփակ բնապահպանութեան մը հեռանկարով։

Այս ուղղութեամբ ծրագրուած են նաեւ չորս «MasterClass»ներ նուիրուած գիւղատնտեսութեան եւ ուժանիւթին համագործակցութեամբ «World Food Forum»ին, որ անկախ մէկ կազմակերպութիւնն է. զոր ստեղծուած է ու առաջնորդուած երիտասարդներէ որոնց նպատակն է գիւղատնտեսական համակարգը յեղաշրջել հասնելու համար կայուն զարգացման նպատակներու իրականացումին։

«Վերոնշեալ ծրագիրը ծնունդ առած է մէկ տարի առաջ, «The Economy of Francesco» եւ ՖԱՕ-ի միջեւ կայացած աշխատանքին շնորհիւ ու համագործակցութեամբ «World Food Forum» ին. նպատակ ունենալով իրարու մօտ բերել երիտասարդ ուժեր իրագործելու համար այս չորս հաւաքները, որոնց կեդրոնական նիւթերը պիտի ըլլան գիւղատնտեսութիւնն ու ուժանիւթը ու նաեւ այս նիւթերուն հետ կապ ունեցող անարդարութիւնները» ինչպէս կը բացատրէ Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Տիար Մուարիցիօ Փիդզոլուն որ «The Economy of Francesco»ի կեդրոնական կոմիտէի անդամ է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2021, 13:04