Զմմառու վանքը Զմմառու վանքը 

Պատրիարքութիւն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց. Հաղորդագրութիւն

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը իրենց ցաւը կը յայտնեն ներկայ չգտնուելու Վատիկանի հաւաքին` ընտրական սիւնհոդոսի ընթացիկ աշխատանքներուն պատճառով։
Ունկնդրէ լուրը

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք համախմբուած են պատրիարքական աթոռ` Զմմառու հնադարեան վանքին մէջ, ընտրելու համար յաջորդը երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն դէպի Վատիկան, ուր սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին շուրջ հաւաքուած են Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքապետները, եւ յաջողութիւն կը մաղթեն անոնց կատարելիք աշխատանքներուն, խորհրդակցութիւններուն եւ ջանքերուն ի նպաստ Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն լուծման:

Եւ մինչ ժողովական հայրերը կը յայտնեն իրենց ցաւը ներկայ չգտնուելու Վատիկանի հաւաքին` ընտրական սիւնհոդոսի ընթացիկ աշխատանքներուն պատճառով, անոնք կը յորդորեն համայն լիբանանցիները` աղօթքով եւ պահեցողութեամբ ընկերանալու իրենց համայնքապետներուն` հինգշաբթի, 1 յուլիսին, ի նպաստ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական համերաշխութեան եւ բարօրութեան հաստատման:

ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2021, 10:36