Տարեցներ Տարեցներ 

Տարեցներ. Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն կոչը միջ-սերնդային զօրակցութեան ի սպաս։

Եւրոմիութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ որպէսզի իրականացուին քաղաքականութիւններ ի նպաստ ընտանիքին` որոնք խթանեն միջ-սերնդային զօրակցութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 12 յուլիսին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ Եւրոմիութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդը կոչ ուղղեց միջ-սերնդային զօրակցութեան, ընդգծելով «ընտանիքին ի նպաստ քաղաքականութեան մը անհրաժեշտութիւնը» որ պէտք է խթանէ այդ զօրակցութիւնը։

Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն սոյն կոչը արդիւնքն է անցեալ Յունուար ամսուայ մէջ Եւրոպական Միութեան Յանձնաժողովի կողմէ հրապարակուած «ծերութեան մասին կանաչ գիրք»ին հայող խորհրդակցական քննարկումներուն, որոնց մասնակցեցան նաեւ Եւրոպայի Եպիսկոպոսները եւ որոնք աւարտեցան անցեալ 21 ապրիլին։

Պաշտպանել տարեցները

Եւրոպայի եպիսկոպոսները ի միտ ունենալով կեանքի տեւողութեան երկարացումը կ՛առաջարկեն, ի մէջ այլոց, լաւացնել տարեցներու մասնակցութիւնը աշխատանքի շուկային մէջ, նոր ուշադրութիւն յատկացնելով տարեցներու պարած իրավիճակին մասնաւորապէս գիւղական տարածքներու մէջ, անոնց ապահովեցնել հաւասար եւ յարմար առողջապահական ծառայութիւն ինչպէս նաեւ խթանել օժանդակութեան նոր ձեւեր ու ընկերային կեանքի մէջ ընդելուզման պայմաններ։

Եպիսկոպոսները հուսկ կը շեշտեն տարեցներուն հոգեւոր հոգատարութիւն մատուցելու կարեւորութիւնը ու անոնց հոգեւոր ու մշակութային կենսամիջոցները երիտասարդներուն տրամադրելու հարկաւորութիւնը։

Արժեւորել տարեցներուն դերակատարութիւնը

Յղում կատարելով հուսկ 2020ի դեկտեմբերին հրապարակուած Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերուն խորհուրդին ու Եւրոպայի Կաթողիկէ ընտանիքներուն ընկերակցութիւններու համատեղ տեղեկագիրին, Եւրոպական միութեան մաս կազմող երկիներէն կը խնդրուի ի գործ դնել քաղաքականութիւն մը, որ ճանչնայ տարեցներուն կարեւոր դերը, պաշտպանելով, խթանելով ու ներառելով զանոնք ու նաեւ անոնց ապահովեցնելով լիակատար մասնակցութիւն հասարակաց կեանքէն ներս։

«Տարեցները լիարժէք մաս են ընտանիքին, անոնք նոր սերունդներուն համար օգնութեան ու քաջալերանքի աղբիւր են։ Կարելի չէ զանոնք բաժնել ընկերութենէն ու փոխյարաբերութիւններու ցանցէն» գրուած է անցեալ տարուայ տեղեկագրին մէջ հաստատելով, որ անոնք միայն դիւրաբեկ կամ խոցելի անհատներ չեն այլեւ գործունեայ դերակատարներ են ընկերային կեանքէն ներս»։

Տարեցներուն նուիրուած համաշխարհային օր

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներուն սոյն հաղորդագրութիւնը կը հրապարակուի Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հաստատուած ու յառաջիկայ 25 յուլիսին նշուելիք Մեծ Հայրերու, մեծ Մայրերու ու տարեցներու առաջին միջազգային օրուան նախօրեակին։ Օր մը որ պիտի յիշատակուի ամէն տարի Յուլիս ամսուայ չորրորդ կիրակին` Յիսուսին մեծ հայր ու մեծ մայր Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհի Աննայի ծիսական տօնին մօտ կիրակի օրը։

«Ես քու հետդ եմ ամէն օր»

2021ի օրուան բնաբանն է «Ես քու հետդ եմ ամէն օր» որուն առթիւ լիակատար ներում պիտի շնորհուի բոլոր անոնց որոնք կը մասնակցին այդ օրուայ ծիսակատարութիւններուն եւ օրուան ընթացքին կ՛այցելեն դժուարութեան մէջ ապրող տարեց մը։

Տարեցներուն նուիրուած այս առաջին միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց լսատեսողական պատգամ մը, որուն մէջ ընդգծեց տարեցներուն կոչումը` որպէս «արմատներու պահապաններ, երիտասարդներուն հաւատք փոխանցողներ ու փոքրիկներուն հոգ տանողներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2021, 09:55