Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արամ Ա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արամ Ա  

Արամ Ա Կաթողիկոս շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապին

Արամ Ա Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանսիս Պապին, որ ենթարկուած է վիրաբուժական գործողութեան։

Վատիկանէն վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին նամակ մը յղեց իր շնորհակալութիւնը յայտնելու անոր ջերմ հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպման մասնակցութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։

Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծելով Վատիկանի ժողովին աշխատանքը՝ ըսաւ, որ ա) անիկա գործնապէս արտայայտեց եկեղեցիներու սերտ գործակցութիւնը հասարակաց մտահոգութիւններուն գծով. բ) միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնեց Լիբանանի տագնապին շուտափոյթ լուծում գտնելու անյետաձգելի հրամայականը. գ) վերահաստատեց Վատիկանի ցուցաբերած յատուկ զգայնութիւնը ու զօրակցութիւնը Լիբանանի նկատմամբ եւ դ) կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն կարելի փութով նոր կառավարութիւն կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական հետզհետէ աճող դժուարութիւններուն առաջքը առնել։

Այս առիթով, Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանսիս Պապին, որ երէկ ենթարկուած էր վիրաբուժական գործողութեան։
 

Աղբիւր Անթիլասի կաթողիկոսարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2021, 07:40