Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը Վատիկանի մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը Վատիկանի մէջ 

Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը աւարտեց իր աշխատանքը

Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու

Հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին, շարունակելով առաւօտեան սկսած իրենց աշխատանքը, Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կէսօրէ ետք եւս ունեցան ժողովական աշխատանքները:

Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու: Ներկաները շեշտեցին յիշեալ աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը` յայտնելով, որ եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին, քան` պետական կառոյցներուն կատարած աշխատանքը: Միաժամանակ, հոգեւոր պետերը յիշեցուցին, թէ յիշեալ աշխատանքները կը կատարուին առանց կրօնական կամ համայնքային խտրութեան: Այս ծիրին մէջ ժողովը նաեւ իր սպասումը յայտնեց Վատիկանին` լայն օժանդակութիւն կատարելու համայնքներու հաստատութիւններուն, մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապալի օրերուն:

Որոշ պատճառներէ մեկնելով որոշուեցաւ, որ ժողովին կողմէ հրապարակային յայտարարութիւն չկատարուի, նաեւ Վատիկանի կողմէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն լոյս չընծայուի, սակայն անհրաժեշտ նկատուեցաւ ճիգ մը կատարել որոշ եզրայանգումներ կատարելու: Այս ուղղութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով իր պատկերացումը ներկայացուց հինգ կէտերու մէջ.

1) Վերահաստատել մեր յանձնառութիւնը, վերանորոգ շեշտով շարունակել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը հասարակաց արժէքներու վրայ հիմնուած` յարգելով համայնքներու փոխադարձ իւրայատկութիւնները եւ իրաւունքները:

2) Շեշտել նոր կառավարութիւն ունենալու հրամայականը, որպէսզի ան ընկերային-տնտեսական հարցերուն առաջնահերթութիւն կարենայ տալ` հոգալու ժողովուրդին աճող կարիքները:

3) Վերահաստատել Թաէֆի համաձայնագիրին ամբողջական գործադրութիւնը` նկատի ունենալով յիշեալ համաձայնագիրին հիմքը կազմող քրիստոնեայ-իսլամ հաւասար համակեցութեան սկզբունքը:

4) Եկեղեցիներ նոր թափ տալու կոչուած են իրենց ծառայութեան` կրթական, ընկերային, մարդասիրական եւ առողջապահական մարզերուն մէջ:

5) Վատիկանի ժողովին քննարկած նիւթերը եւ հաւաքական մօտեցումները անհրաժեշտ է, որ վերածուին հոլովոյթի` ուղղուած Լիբանանի վերականգնումին: Այս հոլովոյթին մաս պէտք է կազմեն նաեւ իսլամ համայնքները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները: Վատիկանը, իր կարգին, կոչուած է կարեւոր դեր ունենալ յիշեալ հոլովոյթին ուղղութեամբ` միջազգային համայնքին մէջ իր ունեցած բարոյական հեղինակութեամբ:

Վերոյիշեալ կէտերուն մէջ ամփոփուած վեհափառ հայրապետին պատկերացումը գնահատանքով ընդունուեցաւ ժողովին կողմէ:

Հանդիպման աւարտին, Ֆրանչիսկոս պապը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն համար եւ խոստացաւ Լիբանան այցելել նոր կառավարութեան կազմուելէն անմիջապէս ետք:

Նոյն օրը երեկոյեան, Վատիկանի Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն` նուիրուած Լիբանանին, ներկայութեամբ դեսպաններու, պետական պատասխանատուներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Արարողութեան ընթացքին գործածուեցան իտալերէն, հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ասորերէն լեզուները: Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Ֆրանչիսկոս պապին պատգամով: Սրբազան քահանայապետը իր պատգամին ճամբով շեշտեց նոր կառավարութեան կազմութեան, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդման եւ երկիրը շրջանի հարցերէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը: Յատկանշական էին պատգամին մէջ պապին կատարած երկու մէջբերումները, մէկը` Լիբանանի հանրածանօթ փիլիսոփայ Խալիլ Ժըպրանէն, իսկ միւսը` Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2021, 09:00