Հայաստանի պատմական քարտէզ Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (4) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար:

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Մակեդոնացիի տիրապետութեան հաստատումը Արեւելքի մէջ իր հետ բերաւ նաեւ յունական գրականութեան եւ մշակոյթի, գիտութեան եւ փիլիսոփայութեան նուաճումները Արեւլքի ժողովուրդներուն համար: Ք. Ա. 3-րդ դարէն սկսած, յատկապէս Արտաշէսեաններու օրօք, Հայաստան թափանցեցին յունական արուեստը, դիցաբանութիւնն ու լեզուն, որոնք միաձուլուելով

տեղական արուեստին՝ կազմեցին հայկական հելլենիստական մշակոյթը: Հելլենիստական Հայաստանի արքունական եւ վարչական լեզուն յունարէնն էր: Այս կը վկայեն դրամներու, վիմական արձանագրութիւններու եւ յունական պատմիչներու հաղորդումները: Անշուշտ, յունարէն լեզուի տիրապետումը կը դիւրացնէր յոյն գրողներու ստեղծագործութիւններու ընթերցումը եւ կը նպաստէր յոյն մշակոյթի տարածմանը Հայաստանի մէջ:

Դեռեւս Ք. Ա. 3-րդ դարուն, Երուանդունիներու արքունիքի մէջ (համաձայն Արմաւիրի արձանագրութիւններուն), ծանօթ էին յոյն նշանաւոր դէմքեր՝ Հեսիոդոսի (Ք. Ա. 7-րդ դար) եւ Եւրիպիդէսի (Ք. Ա. 480-406 թուական) գործերուն:

Յիշատակութեան արժանի է, որ նոյնիսկ հայկական դրամներու վրայ հայ թագաւորներու նկարներուն հետ միասին դրոշմուած կային յունարէն արձանագրութիւններ, ինչպէս

«Արքայի Տիգրանի հելլենասէրի», կամ «Արքայի Մեծի Տիգրանի հայրենասէրի եւ հելլենասէրի» բառերը:

Այս դարերուն առանձնայատուկ տեղ գրաւած էր թատրոնը Հայաստանի՝ Տիգրանակերտ եւ Արտաշատ քաղաքներուն մէջ, ուր կը բեմադրուէին յունական ողբերգութիւններ:

Յայտնի է, որ Տիգրան Մեծի որդին Արտաւազդ Բ.ը (Ք. Ա. 1- ին դար) կը յօրինէր ողբերգութիւններ եւ կը գրէր ճառեր ու պատմական աշխատութիւններ, որոնցմէ մէկ քանի օրինակներ դեռ պահպանուած են:

Հայ-Հելլենական մշակոյթի ծաղկումը հայաստանի մէջ, գլխաւորապէս արուեստի եւ գրականութեան ուղղութեամբ, կը հրապուրէր յոյն արուեստասէր գործիչներուն եւ փիլիսոփաներուն, որոնք Հայաստան գալով՝ գործունէութեան լայն ասպարէզ կը գտնէին: Այդ տարիներուն Տիգրան Բ.ի արքունիքին մէջ կ'ապրէին Աթէնքէն արտաքսուած յոյն նշանաւոր հռետոր եւ գրող Ամփիկրատէս Աթենացի, փիլիսոփայ եւ պատմագիր Մետրոդորոս Սկեպսիացին (Ք. Ա. 71 թուականին), որ պոնտացի պետական գործիչ էր եւ Տիգրանի պալատական պատմաբանը:

Ամփիկրատէս Աթենացին եւ Մետրոդորոս Սկեպսիացին գրած են Տիգրան Բ.ի կեանքին եւ գործին մասին, բայց ցաւօք այդ աշխատասիրութիւնները անհետ կորած են:

Առաջին դարուն գրուած է հնագոյն հայ պատմագիրներէն Ողիւմպ Քուրմի «Մեհենական պատմութիւն» գործը, որ կը ներկայացուի Երուանդ Դ. եւ Արտաշէս Ա. թագաւորներու քաղաքականութիւնը, երկրի ներքին իրադարձութիւնները, մեհեաններու եւ Արտաշատ քաղաքի կառուցումը: Այս աշխատասիրութիւնը, որ մեզ չէ հասած, հետագային որպէս պատմական աղբիւր ծառայած է 5-րդ դարու հայ նշանաւոր պատմիչ Մովսէս Խորենացիին, ինչպէս նաեւ չափածոյ երկ մը, որ կոչուած է «Հիւսումն պիտոյից» կամ «Պիտոյից Գիրք», որու հեղինակին Խորենացին անուաներ է «Իմաստուններու մէջ իմաստնագոյն»:

«Պիտոյից Գիրքը», որ թարգմանութիւն է յունարէնէ, բանահիւսական եւ ճարտասանական օրինակներու հնագոյն ձեռնարկներէն մէկը կը համարուի, որու թարգմանիչը կ'ենթադրուի, որ Խորենացին է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2021, 07:50