ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (3) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Մակեդոնեան տիրապետութեան շրջանին Ք. Ա. 4-րդ դար Արեւելքի եւ Արեւմուտքի առընչութիւնները տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային ասպարէզներու մէջ բաւական սերտացած է: Այս յարաբերութիւններու մէջ Արեւելքը աւելի ներգործօն դեր ունեցած է քան՝ արեւմուտքը, որու հետեւանքով Աթէնքի փոխարէն մշակութային եւ տնտեսական կեդրոններ դարձած են Աղեքսանդրիան, Անտիոքը: Հելլենիզմը, որպէս արեւելեան եւ յունական տնտեսութեան, քաղաքականութեան ու մշակոյթի իւրայատուկ խառնուրդ, կը ծաղկի վերոյիշեալ քաղաքներու մէջ եւ կ'ուղղուի դէպի Արեւելք: Այն կը տարածուի Միջերկրականի, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ եւ կը տիրապետէ մօտ երեք հարիւր տարի, Ք. Ա. 3-րդ դարէն 1- ին դարերը:

Արտաշէսեան թագաւորութեան տարիներուն Ք. Ա. 189- Ք. Ա. 1-ին դարերուն, Հայաստանը քաղաքականապէս կը տոկուննայ: Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կատարուող տնտեսական եւ քաղաքական փոխյարաբերութիւնները կը նպաստեն հայկական պետութեան ամրապնդմանը, ընկերային շերտաւորման եւ քաղաքային, մշակութային վերելքին՝ խոշոր քաղաքներուն: Այդ քաղաքները կը կառուցուէին առեւտրական ճանապարհներու եզրերուն եւ կը բնակեցուէին գլխաւորապէս վաճառականներով եւ արհեստաւորներով: Առեւտուրը,հիմնականապէս կը կատարուէր երկու մայրուղիներով: Մէկը Սեւ ծով – Հնդկաստան գիծն էր, զոր կ'անցնէր երկրի հիւսիսային մասով, միւսը՝ հեռաւոր Արեւելքը կը կապէր Միջերկրականեան երկիրներու հետ եւ կ'անցնէր հարաւով: Այս ուղիներով Հայաստանի քաղաքները կը թափանցէին յունական տնտեսաձեւերը եւ քաղաքային աւանդոյթները: Քաղաքներ՝ Երուանդաշատը, Երիզան, Արտաշատը, Տիգրանակերտը եւ ուրիշներ, դարձան ծաղկուն Հելլենիստական կեդրոննէր՝ ճարտարապետական նոր ոճի սիւնազարդ շէնքերով, պալատներով, տաճարներով, բաղնիքներով ու ջրմուղմերով: Վերոյիշեալ քաղաքներուն մէջ նշանաւոր էր Արտաշատը, որ հիմնուած էր Այրարատի նահանգը Արտաշէս Ա-ի կողմէ Ք. Ա. 180-ականներուն՝ Երասխ եւ Մեծամօր գետերու միախառնման վայրրը, ուրկէ կ'անցնէին Սեւ ծովէն Արեւելք գացող առեւտրական քարաւանները:

Արտաշատը յայտնի եղած է իր գեղեցիկ դիրքով եւ կառոյցներով եւ յիշուած է որպէս «Գեղեցկագոյն» քաղաք եւ անուանուած «Հայաստանի կարթագէն» Պլուտարքոսի կողմէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2021, 07:18