Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԾԴ)։

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործածած խորհրդատետրին:

ԾԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործածած խորհրդատետրին:

 

Ժէ. դարուն, երբ Կաթողիկէ հայերը բազմացան և կազմաւորուեցան՝ անոնց համար Հռոմի Հաւատոյ Տարածման Ժողովին կողմէ հրատարակուեցաւ յատուկ խորհրդատետր մը 1676-ին:

Այս խորհրդատետրի բնագիրը ենթարկուեցաւ հինգ հոգինոց յանձնախումբի մը քննութեան: Յանձնախումբը կարգ մը սրբագրութիւններ ներմուծեց, որոնք ծանօթ էին Լեհահայ քահանայ՝ Բարսեղ «Բարսեղեան»ի անունով: «Սրբազան Ժողովը (պատարագամատոյցին մէջ) կամեցաւ միայն սրբագրել այն բաները որոնք յայտնապէս կամ ծածկաբար հաւատքի ճշմարտութեան դէմ կը հնչէին» (Գաթրճեան էջ 607): Այնուհետեւ, Մխիթարեան միաբան՝ Հ. Գ. Աւետիքեան, կուռ և ուժեղ փաստերով մաքառեցաւ Բարսեղեանի կատարած սրբագրութեանց դէմ, որոնք ի միտ ունէին սխալներ կամ հերետիկոսութիւններ տեսնել և ըստ այնմ խեղաթիւրել (իր բառով՝ սրբագրել) հայ ծիսական գիրքերը՝ Պատարագամատոյց, Ճաշոց, Շարակնոց և Ժամագիրք: Աւետիքեանի համաձայն՝ յիշեալ սրբագրութիւնները անտեղի էին, քանի որ հայ խորհրդատետրի հարազատութիւնը վեր է ամէն տարակոյսէ: 1879-ին, Վիեննայի մէջ տպուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան պատարագամատոյցը, հիմ ունենալով Լամբրոնեան - Մեծոբեան խումբի խորհրդատետրերու ըստ բաւականի զարգացած ձեւը: Երեք դար ետք, ծիսական հարցը Արեւելքի մէջ մասնաւոր այժմէականութիւն մը ստացաւ Վատիկանի Տիեզերական Բ. Ժողովի ընթացքին, երբ 1964-ի Նոյեմբեր 21-ին, Պօղոս Զ. Պապը հրատարակեց Արեւելեան Ծէսերու հայող վճիռը: Քահանայապետին այս վճիռը կարելի է  համարել Արեւելքի և Արեւմուտքի եպիսկոպոսներու և աստուածաբաններու ջանքերու պսակումը, որոնց մէջ կային նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ, որոնք իրենց շփումերով, միջամտութիւններով և տեղեկագիրներով՝ ցոյց տուին թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեւին մէջ գոյութիւն ունին նուիրական այնպիսի աւանդութիւններ, որոնք պէտք է վերարժեւորուին: Այս վճիռին մէջ կարելի է ընդգծել երեք գաղափարներ կամ սկզբունքներ. Պահպանում Արեւելեան Ծէսերու և կանոնագրութեան, վերադարձ հայրենի աւանդութիւններուն, բարենորոգումներու ներդաշնակութիւն՝ ծէսի կառոյցին և ներքին բովանդակութեան տուեալներուն վրայ: Այնուհետեւ, Վատիկանի Բ. Ժողովէն ետք, 1967­-ին եւ 1968-­ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին յաջորդաբար գումարեց Սիւնհոդոսներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան ծիսական հարցեր, որոնց կարգին՝ Սուրբ Պատարագը իր ակունքներուն վերադարձնելու պաշտօնը. այնպէս որ հարկ եղաւ վերատեսութեան ենթարկել այն տարբերակները, որոնք հայ կաթողիկէները կը գործածէին մօտ հարիւր տարիներէ ի վեր, սկսեալ Ռեվերսուրուս կոնդակէն, մինչեւ 1911 թուականի Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսը: Այսպէս որոշում կայացաւ նաեւ խորհրդատետրը հնագոյն ձեռագիրներուն հետ համեմատել և անոնց կատարելագոյնին պատշաճեցնել: Այդ օրերուն, Հ. Վարդան Հացունին իր կարգին՝ վերատեսութեան կ'ենթարկէ խորհրդատետրը: Յիրաւի, 1890-էն 1977 տարիներուն գումարուած ժողովները մասնակի որոշումներ առած էին, սակայն անոնք վերջնական արդիւնքի չէին հասած: 1987 թուի մայիս ամսոյն, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարեկարգուած պատարագամատոյցի հիման վրայ, Հռոմի Թրասթեւերէի Սրբուհի Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ, Ամեն. Յովհաննէս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոսը մատոյց Սուրբ Պատարագ իր ամբողջական կերպով, առանց որեւէ յապաւումի: Պատարագին ներկայ էր Յովհաննէս ­Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը: Աւարտին՝ Քահանայապետը խորապէս ազդուած արարողութեան խորհրդաւորութենէն, մաղթեց որ յետ աստի, կիրակի օրերը, Սուրբ և Անմահ Պատարագը, նոյն ձեւով կատարուի հայ կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ 1992-ին Պատրիարքական և Ս. Աթոռի ծիսական յանձնախումբերու կողմէ կատարուած սուրբ պատարագի բնագրերուն ուսումնասիրութիւնները իրենց վերջնական հանգրուանին կը հասնին: Երկու տարի յետոյ, 1994-ին, Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, նպատակ ունենալով վերադառնալ դէպի հայրենական աւանդութիւնները՝ պատարագին հայող հայրապետական վճիռ արձակեց. ըստ որում 1994-ի, Հոգեգալստեան տօնէն սկսեալ՝ բարեկարգուած պատարագի հիման վրայ մատուցանել սուրբ և անմահ պատարագը բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ (Աւետիք, 1994, էջ 365):  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2021, 07:48