Անապատ Անապատ 

«Խնդրեցէք Նախ Աստուծոյ Արքայութիւնը» Հայր ԳԷորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Տիրոջ վերադառնալ՝ անոր խօսքին հետ մտերմութիւն մշակել, անոր խորհրդաւոր մարմինին՝ եկեղեցիին հաւատարիմ ըլլալ, սուրբերու օրինակին եւ բարեխօսութեան կառչիլ, այս է մեր կոչումն ու հրաւէրը. այս է մեր կատարելիքն ու պարտականութիւնը:

Լիբանանի ճնշիչ տնտեսական կացութեան բերին տակ կքած, ժողովուրդը ինքզինք պարտադրուած կը զգայ խնայողութեամբ ապրելու: «Այլեւս պէտք է սորվինք պարզութեամբ ապրիլ» կը կրկնուի յաճախ մարդոց բերաններէն:
Քրիստոնեային համար պարզութեամբ ապրիլը պարտադրողական իրականութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ իր ինքնութեան մէկ յատկանիշը: Ղուկասի աւետարանի 10րդ գլուխը կը յիշէ դրուագ մը, ուր Յիսուս իրէն սիրելի ընտանիքի մը այցելութեան կ'երթայ: Ղազարոսի եւ իր քոյրերուն՝ Մարիամի եւ Մարթայի տունն էր այդ: Մարիամ, որպէս օրինակելի տանտիկին մը, անմիջապէս գործի կը լծուի, Յիսուսի վայել հիւրասիրութիւն մը պատրաստելու համար:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սակայն Մարիամ Յիսուսի ոտքերուն մօտ կը նստի եւ անոր մտիկ կ'ընէ: Մարթա ընդվզելով այս իրավիճակէն, Յիսուսի կը գանգատի ըսելով՝ « Տէր, քու հոգդ չէ, որ քոյրս կը թողու զիս առանձին ծառայուելու» : Յիսուս կը պատասխանէ ըսելով՝ « Մարթա, Մարթա, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. բայց մէկ բան պէտք է, եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»: (Ղուկ. 10:40-42): Այս համարները այլազան բացատրութիւններ ունին, սակայն մեր շեշտադրումը կ'ուզենք դնել Յիսուսի այն պատուէրին վրայ, որ մարդու համար էականն ու առաջնահերթը պէտք է ըլլայ Տիրոջ վրայ կեդրոնանալը: Այլապէս մեր առօրեայ պարտականութիւնները մեզ անհանգստացնող եւ տագնապեցնող ազդակներ կ'ըլլան:

Յիսուս այս պատուէրը այլ բարերով ըսաւ նաեւ լեռան քարոզին մէջ՝ « Խնդրեցէք նախ Աստուծոյ արքայութիւնը եւ անոր արդարութիւնը եւ մնացած ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (Մտթ. 6:33): Յիսուսի պատգամը հոս հետեւեալն է՝ «մի ապրիք ձեր շուրջը գտնուող մարդոց (հեթանոսներուն) նման, որոնք միշտ կը մտահոգուին, թէ ինչ պիտի հագնին եւ կամ ինչ պիտի ուտեն (Մտթ. 6:25): Նախ կեդրոնացէք իմ վրաս եւ ես ձեր բոլոր կարիքներուն պիտի հասնիմ»:

Մտահոգութեան, այլեւ մտատանջութեան վերածուած է մարդոց մօտ առօրեայ կարիքները ապահովելը: Մարթայի նման կը փորձեն իրենց միակ հետաքրքրութիւնը եւ կեդրոնացումը ըլլայ՝ ուտել-խմելը, առանց Աստուծոյ որեւէ տեղ տալու իրենց կեանքերէն ներս: Եւ այդ պատճառով միշտ կարիքի մէջ են եւ մտահոգութենէ անպակաս: «Մարդ ոչ միայն հացով կ'ապրի, այլ ամէն խօսքով, որ կ'ելլէ Աստուծոյ բերնէն» ( Մտթ. 4:4):

Այս համարին ճշմարտութիւնը բոլորովին անտեսուած է ներկայ մարդուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեային կողմէ: Որովհետեւ արդի մարդը հեռու է Աստուծմէ, անոր պատուիրաններն ալ անիրական կը թուին իրէն: Ներկայ քրիստոնեան անջատած է ինքզինք իր արմատներէն եւ «բազմաթիւ վկաներու բազմութենէն» (Եբր. 12:1): Ան չի գիտեր, թէ քրիստոնեաներ ինչպէս ապրած են պատմութեան ընթացքին եւ կամ ինչպէս պէտք է ապրի ներկայի հաւատացեալը: Ներկայ մարդը կեանքը սորվելու մէկ նմուշ ունի՝ աշխարհը: Կը խմէ այն հորէն, զոր զինք կը անհանգստացնէ: Այսուամենայնիւ ան չի դարիր խմելէ, հետեւաբար հիւանթիւնն ալ անբուժ կը մնայ:

Տիրոջ վերադառնալ՝ անոր խօսքին հետ մտերմութիւն մշակել, անոր խորհրդաւոր մարմինին՝ եկեղեցիին հաւատարիմ ըլլալ, սուրբերու օրինակին եւ բարեխօսութեան կառչիլ, այս է մեր կոչումն ու հրաւէրը. այս է մեր կատարելիքն ու պարտականութիւնը: Միայն այսպէս է, որ պիտի գտնենք մեր անդորրութիւնն ու հանգիստը, եւ կրնամ վստահեցնել, պիտի գտնենք նաեւ մեր բոլոր կարիքներու հայթայթումը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2021, 10:07