Գերապայծառ Հինտօ Գերապայծառ Հինտօ 

Ոչ եւս է Հասաքէի Ասորի կաթողիկէ համայնքի երբեմնի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Հինտօ։

Գերապայծառ Հինտօ իրականացուցած է նաեւ շատ մը կարեւոր ծրագիրներ ի նպաստ երիտասարդներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանսայի մէջ 79 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ Հասաքէի Ասորի կաթողիկէներուն երբեմնի եպիսկոպոս գերապայծառ Ժաք Պէհնան Հինտոն, որ Ֆրանսայի մէջ ենթարկուած էր հիւանդանոցային բուժումներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Երջանկայիշատակ գերապայծառ Հինտօ քահանայ ձեռնադրուած էր 1969ին Հասաքէի մէջ Կաթողիկէ Ասորիներուն արքեպիսկոպոս նշանակուած էր 1996ին։ 2019ին, առողջապահական հարցերուն եւ տարիքի բերումով հրաժարած էր առաջնորդի պաշտօնէն։

«Ասիա Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Դամասկոսի Ֆաթիմայի Տիրամօր եկեղեցւոյ քահանայ հայր Ամէն Քասսան յայտնեց, որ Գերապայծառ Հինտօ, պատերազմի դժուար տարիներուն Աստուծոյ մարդն էր, եպիսկոպոս մը, որ իր ժողովուրդի կողքի մնաց նաեւ երբ Տահեշը մուտք գործեց քաղաք։ Ան միշտ քաջալերած է քահանաները որ չհեռանան իրենց քաղաքէն։

Գերապայծառ Հինտօ միշտ պաշտպանած է քրիստոնեաներն ու համայն Սուրիոյ ժողովուրդը։ Ան պայքարած է Քրտաստանի ինքնավար մարզէն ներս քրիստոնեայ դպրոցներուն փակումին դէմ։

Հայր Համեր յիշեց նաեւ որ Գերապայառ Հինտօ միշտ միջնորդի կարեւոր դեր կատարած է Արաբներու եւ Քուրտերու ինչպէս նաեւ մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ ։Մնաց միշտ հասաքէի մէջ ու գործեց երկխօսութեան եւ հանդիպումի զարգացման ի խնդիր։ Գերապայծառ Հինտօ իրականացուցած է նաեւ շատ մը կարեւոր ծրագիրներ ի նպաստ երիտասարդներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2021, 11:51