Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր արհ. Տ. Լեւոն արքեպս. Զէքիեանը Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր արհ. Տ. Լեւոն արքեպս. Զէքիեանը 

Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր արհ. Տ. Լեւոն արքեպս. Զէքիեանը

Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ որ երկու հոգեւոր առաջնորդներ զրուցեն եկեղեցական ու համայնքային ինչ ինչ նիւթերու մասին եւ ունենան գաղափարի փոխանակումներ։

 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Յունիս 2021, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ՝ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի եւ Բրշ. Յակոբ Սրկ. Մինասեանի։ Հանիպման ներկայ եղան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Լեւոն Գերապայծառը, Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոեանի վախճանման առթիւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ցաւակցութեան համար յանուն Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայ Համայնքին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց։

Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ որ երկու հոգեւոր առաջնորդներ զրուցեն եկեղեցական ու համայնքային ինչ ինչ նիւթերու մասին եւ ունենան գաղափարի փոխանակումներ։ Այցելութեան առիթով, Պատրիարք Հօր նուիրուեցաւ նաեւ Գերապայծառ Տիրոջ՝ վերջերս Իտալերէնի թարգմանուելով լոյս տեսած, աշխատութենէն օրինակ մը։

Սահակ Բ. Պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն փափկավարական այցելութեան համար եւ կրկին իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Գերապայծառ Լեւոն Արքեպիսկոպոսին։ Եւս առաւել, նուիրուած աշխատութեան համար կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իր եղբայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 09:00