Աղօթք Աղօթք 

«Քրիստոնեան եւ տագնապալից ներկան». Հայր ԳԷորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Գոյատեւելը՝ կեանքը պահելը դարձած է մարդուն միակ տեսլականը: Ի դէմ այս բոլոր խառնիճաղանճին, քրիստոնեան մարտահրաւէր մը ունի պահելու եւ ապրելու աստուածային պատուիրանները:

Ներկայ աշխարհը կ'ապրի իր պատմութեան ամէնէ շատ մրրկալից եւ փոթորկոտ էջերէն մին՝ ըլլայ այդ քաղաքական, ապահովական, առողջապահական եւ կամ տնտեսական գետիններու վրայ: Կարծէք ներկայի կեանքը նման է, ամպրոպի  ովկիանոսի մէջ մոլեգին ալիքներու ընդդէմ նաւարկելու: Գոյատեւելը՝ կեանքը պահելը դարձած է մարդուն միակ տեսլականը: Ի դէմ այս բոլոր խառնիճաղանճին,  քրիստոնեան մարտահրաւէր մը ունի պահելու եւ ապրելու աստուածային պատուիրանները: Դժբախտ իրականութիւնը այն է, թէ երբ դիտենք քրիստոնեաներու իրավիճակը, կը տեսնենք թէ ան ոչ մէկ տարբերութիւն ունի այլ մարդոցմէ՝ այսինքն աշխարհէն: Ան իր «աղ եւ լոյս» ըլլալու յատկանիշը գրեթէ կորսնցուցած է: Առաւել եւս ինք իր «աղն ու լոյսը» աշխարհէն սկսած է առնելու:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ինչպէ՞ս հասանք այս իրավիճակին:

Պիոս 10րդ սրբազան քահանայապետը իր 8 Սեպտեմբեր 1907ի առաքելական յորդորին մէջ հաւատացեալները կը զգուշացնէ «արդիականացումէ»ն (Modernism): Արդիականացումը ան կը նկատէ, որպէս եկեղեցին սպառնացող հերետիկոսութիւն մը: Սրբազան քահանայապետը կը տեսնէր գիտութեան յառաջխաղացքը եւ թէ ինչպէս ի դէմ այս իրականութեան մարդկութիւնը կը հեռանար Աստուծմէ եւ եկեղեցիէն: Դժբախտ իրականութիւնը այն եղաւ, թէ եկեղեցին իր կարգին ազդուեցաւ «արդի» գիտութեան յառաջացումէն, ինչ որ ազդեց իր աստուածաբանութեան եւ վարդապետութեան վրայ: Որպէս հետեւանք եկեղեցին չկրցաւ բաւարար չափով հաւատացեալը պահել իր հաւատքին մէջ: Ս. Հէնրի Նիումըն կ'ըսէ « Քրիստոնէութեան ստեղծած աշխարհը ներկայիս քրիստոնէութիւնը դուրս կը վանէ իր կեանքէն»: Ապերախտ եւ կամ անառակ զաւկի մը նման ներկայ աշխարհը , առնելով իր հօրմէն ամէն հարստութիւն, դուրս վտարած է զայն իր կեանքէն:

Յանցանքը երկուստեք է՝ եկեղեցին պէտք է «նոր աւետարանչութիւն» որդեգրէ, ինչպէս Յովհաննէս Պօղոս քահանայապետը պիտի ըսէր, հասցնելու համար Քրիստոսի փրկող աւետարանը մարդկութեան: Եւ մարդկութիւնը պէտք է նկատէ, թէ իրէն փրկիչը կարծած «արդի գիտութիւնը» հակառակ աշխարհին բերած շատ մը բարիքներուն, ան  չկրցաւ սակայն մարդուն  յոյս տալ եւ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնել ապրելու, յատկապէս մարդկային յարաբերութիւններու իմաստով:

Պատասխանը այս բոլորին  կը մնայ եկեղեցւոյ դարերու միեւնոյն պատգամը՝ դառնալ Քրիստոսի, որու մօտ է միայն կեանքն ու փրկութիւնը: Խաչելութեան ժամանակ Յիսուսի երկու կողմերը աւազակներ կային, որոնք միեւնոյն ցաւն ու տառապանքը ունէին: Մին Յիսուսի դարձաւ եւ փրկուեցաւ, միւսը անիծեց եւ կորսնցուց իր հոգին: Նոյնն  է մեր պարագան. Ցաւը ամենուր նոյնն է: Տարբերութիւնը Յիսուսի դառնալն ու Անոր բերած փրկութիւնը ընդունիլն է:

Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 10:42