«Ինձմէ Սորվեցէք...Որ Սրտով Խոնարհ Եմ» «Ինձմէ Սորվեցէք...Որ Սրտով Խոնարհ Եմ» 

«Ինձմէ Սորվեցէք...Որ Սրտով Խոնարհ Եմ»

«Ինծի եկէք Բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզի պիտի հանգչեցնեմ: Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք, որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ ձեր անձերուն հանգիստ պիտի գտնէք» ( Մտթ. 28-29):

Յիսուսի այս խօսքերուն առանցքային գաղափարը հաւատացեալին հանգիստն է: «Հանգչեցնել եւ հանգիստ» բառերը շեշտուած կը գտնենք այս համարներուն մէջ: Որքա՜ն կարիքը ունինք հանգիստի: Ծանրաբեռնուած եւ բեռնաւորուած ըլլալու իրականութիւն այնքան ցայտուն է ներկայի մեր կեանքերուն մէջ, որ մեր կեանքերը ամբողջովին անդամալուծած է եւ մեր կենսուժը խլած մեզմէ: Աշխարհը կը տառապի մարդկութեան առողջութիւնը խաթարող Քորանա ժահրէն, որմէ դուրս ցայտեց տնտեսական ծանր տագնապ մը: Միջին Արեւելքի մեր ժողովուրդին համար այս տագնապը շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունեցաւ, պատերազմներու եւ քաղաքական կենաքի փտածութեան պատճառով:

Ի տես մարդկային կեանքի ծանրաբեռնուածութեան, Տէր Յիսուս իր հանգիստը կ'ուզէ տալ մեզի, եւ որպէս այդ կը հրաւիրէ մեզ, որ իրէն դառնանք եւ իրմէ սորվինք՝ որ « հեզ է եւ սրտով խոնարհ»: Աւետարաններուն մէջ այս միակ տեղն է , ուր Յիսուս կը խօսի իր սրտին մասին եւ կը նշէ անոր գլխաւոր յատկանիշը՝ խոնարհութիւնը եւ հեզութիւնը եւ զայն կը կապէ մեր հանգիստին հետ: Հոս ոմանք կրնան հարց տալ՝ թէ ի՞նչ առնչութիւն ունի խոնարհութիւնը մեր հանգիստին հետ: Կարեւոր այլ տուեալ մը կայ, որ Յիսուս կ'ուզէ մեր ուշադրութեան յանձնել, այն ալ՝ իր հետ լծակից ըլլալն է: Աստուածային պատուիրաններուն եւ ոչ մէկը կարելի է գործադրել առանց իրէն: Այս պատճառով ալ ոմանք անիրական եւ անգործադրելի կը նկատեն աստուածային պատուիրանները: Լոկ յիշելու համար կ'ուզեմ վեր առնել լերան քարոզը եւ յատկապէս երանելիները: Յիսուսի պատուիրանները լիովին մարդկային բնական կանոնին հակառակ կը թուին՝

«Երանի սգաւորներուն, երանի հալածուողներուն, երանի խոնարհներուն» եւն.: Այս բոլորը մարդուն համար անընդունելի եւ անհասկնալի է: Այս պատճառով ալ ան զայն կը մերժէ: Եւ այդ մերժումին հետեւանքով մարդկութիւնը տեսակ-տեսակ չարիքներ կ'ապրի:

Չարիքներու աղբիւրը Սատանան ինքն է:Անոր գլխաւոր յատկանիշն է՝ հպարտութիւնը: Տեսէք ինչ կ'ըսէ ան Եսայի գիրքին մէջ՝ «Իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր բարձրացնեմ...ու ամպերու վրայ ելլեմ» (Ես. 14:14): Նախքան դժոխք ձգուիլը, սատանան «Առաւօտեան Արուսեակ» կը կոչուէր»: Անոր հպարտութիւնը (Աստուծոյ տեղը առնել ուզելը), զինք դժոխք ձգեց: Մենք ալ երբ սատանայի նման ուզենք մեր կամքը աստուածային կամքէն վեր նկատել, պիտի առաջնորդուինք դէպի դժոխք, այլեւ մեր անձնական դժոխքը հոս՝ այս աշխարհի մէջ պիտի ստեղծենք:

Ծանրաբեռնուա՞ծ եւ բեռնաւորուա՞ծ ենք. Այո: Հանգիստ կրնանք ունենալ միայն երբ Յիսուսի քով գանք եւ անոր հետ լծակից ըլլանք: Ինչպէ՞ս: Եկեղեցի յաճախելով, Աստուածաշունչ կարդալով, աղօթելով եւ այս բոլորը կեանքի վերածելով: Եթէ եկեղեցի գանք, աղօթենք եւ եւ շարունակենք մեղանչել, Յիսուսի խոստացած հանգիստը պիտի չունենանք: Ս. Պօղոս իր Կորնթացիներուն նամակին մէջ կը գրէ՝ «Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուներով խօսիմ, բայց սէր չ’ունիմ, ես ձայն հանող պղինձ եղայ, կամ հնչեցող ծնծղայ։ Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ, եւ գիտենամ ամէն խորհուրդները եւ ամէն գիտութիւնը, եւ եթէ ամէն հաւատքն ունենամ, մինչեւ սարերն տեղափոխելու, բայց սէր չ’ունիմ, ոչինչ եմ։ Եւ եթէ իմ ամէն ստացուածքս աղքատներուն բաժնեմ եւ իմ մարմինս կրակի տամ, բայց սէր չունենամ, ես ոչ մէկ օգուտ ունիմ։» (Ա. Կորնթ. 13:1-3): Այս համարը մեր այսօրուայ թեմային կապելով կրնանք ըսել, կարելի է հրաշքներ գործել եւ սակայն աստուածային հանգիստէն հեռու մնալ:

Հետեւաբար սիրելի հայորդիներ, եթէ կ'ուզէք ձերբազատուիլ ձեր ծանրութիւններէն, եկէք Յիսուսի, լծակից եղէք անոր եւ մանաւանդ իր պատուիրանները պահեցէք, ան «հաւատարիմ եւ արդար է» եւ պիտի տայ ձեզի իր խոստացուած հանգիստն ու խաղաղութիւնը:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2021, 08:49