Լատինաց Պատրիարք Փիցապալլա Լատինաց Պատրիարք Փիցապալլա 

Միջին Արեւելքը պիտի նուիրուի Սուրբ Ընտանիքին

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքը, Փիեռպաթթիսթա Փիցցապալլա Միջին Արեւելքը նուիրումով պիտի յանձնէ Սուրբ Ընտանիքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յունիս 27ին, ժամը 10ին, Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքը, Փիեռպաթթիսթա Փիցցապալլա Միջին Արեւելքը նուիրումով պիտի յանձնէ Սուրբ Ընտանիքին։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութեան պիտի մասնակցին Սուրբ Երկրի բոլոր թեմերը եւ առաջնորդութիւնները։ Այս առիթով պիտի օրհնուի Սուրբ Ընտանիքի սրբապատկերը։ Օրհնուելէն ետք սրբապատկերը մաս պիտի կազմէ ուխտագնացութեան մը, կատարուած Լիբանան եւ արեւելքի այլ երկիրներ եւ պիտի հասնի Հռոմ՝ Սուրբ Յովսէփի նուիրուած տարւոյն աւարտին, դեկտեմբեր 21ին։ Հռոմի մէջ Սրբազան Պապը պիտի տայ Առաքելական Օրհնութիւնը։

Պատրիարք Փիցցապալլը նկատած է թէ այս արարողութեամբ կ՚ուզէ հայցել «Աստուծոյ ողորմածութիւնը եւ խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքի համար, ուր քրիստոնէական հաւատքը ծնունդ առած է եւ տակաւին կենդանի է՝ հակառակ տառապանքներու»։

Նուիրումի բանաձեւը հետեւեալն է.

«Կը դիմենք քու պաշտպանութեան, ով Սուրբ Ընտանիք Յիսուսի, Մարիամի եւ Յովսէփի՝ քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամերու մէջ որոնք ծանրացած են մեր վրայ Միջին Արեւելքի մէջ։ Կը դիմենք քու պաշտպանութեանդ, ով Սուրբ Ընտանիք Յիսուսի, Մարիամի եւ Յովսէփի՝ թագաժահրի համաճարակի առթած հետեւանքներուն մէջ, որ ստեղծած է անկայունութեան, վախի եւ անձկութեան վիճակ մը։

Կը դիմենք քու պաշտպանութեանդ, ով Սուրբ Ընտանիք Նազարէթի, որ իւրաքանչիւր դժուարութիւն տարիր հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Քեզի կը նուիրենք ամբողջ մեր արեւելքը եւ մեր երկիրները, եւ քեզի կը վստահինք մեր կեանքը եւ այն հողամասերը ուր ծնած ենք. Քեզի կը յանձնենք մեր վախերը եւ յոյսերը, մեր երիտասարդները եւ ընտանիքները, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիք վերածուի առտնին եկեղեցւոյ եւ սրբացումի դպրոցի։ Ո՛վ Սուրբ Ընտանիք, Միջին Արեւելքի համար խնդրէ Աստուծմէ շնորհքը դուրս գալու այս դժուարին վիճակէն եւ հասնելու խաղաղութեան եւ կայունութեան, որպէսզի անոր բնակիչները կարենան ապրիլ հաւասար իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով, եւ վայելեն ազատ եւ արժանավայել կեանք մը, անկախ իրենց կրօնական պատկանելիութենէն եւ ազգային ինքնութենէն։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 14:01