Լիբանանի դրօշը Լիբանանի դրօշը 

Աղաճանեանի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի գովերգած Լիբանանը զարիթափին վրայ է այսօր։

Տիար Սարգիս Նաճարեանի մտորումները Լիբանանի իրավիճակի եւ Վատիկանի մէջ կայանալիք քրիստոնեայ համայնքապետերու հանդիպումի մասին

Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին եւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդին հրաւէրով,  յառաջիկայ Յուլիսի 1-ին Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի  Լիբանանի քրիստոնեայ կրօնապետերու ժողով մը, «միասին աղօթելու  իրենց երկրի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումի պարգեւին համար» յայտարարած էր Սրբազան Պապը  կիրակի  30 Մայիսի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին  նշելով որ հաւաքը կը յանձնէ Լիբանանի Հարիսայի  Սուրբ Կոյս Մարիամի Տիրամօր հովանիին։ Անոնք Սրբազան Քահանայապետին հետ պիտի աղօթեն խաղաղութեան համար երբեմնի այն Լիբանանին, որուն գովերգութիւնը կատարած էին երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեան եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․։

Արդարեւ,

 «․․․ Երբ կը խօսուի այս անոյշ երկրին մասին, սիրով կը յիշուի գեղեցկութիւնը՝ որով բնութիւնը զայն օժտած է, վարկը զոր կը վայելէ օտարներու առջեւ, մասնաւոր նախախնամութիւնը, որ զինքը կը պաշտպանէ աղիտալի վերիվայրումներէ, եղբայրական մթնոլորտը՝ որ զայն կը դարձնէ ապաստանարանը  հալածեալ  ժողովուրդներու եւ  ակութն ազատութիւններու։  Այս առաւելութիւններով աւելի հեշտիւ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել բոլոր քաղաքացիներուն կեանքի մակարդակ մը, որ համապատասխանէ մարդկային արժանապատուութեան» ըսած է Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ․ Աղաճանեան, 27 Ապրիլ 1952-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ  Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին ուղղած իր խօսքին մէջ։ 

Կարդինալ Աղաճանեանի այս պատմական վկայութենէն 37 տարի ետք, 1989-ի Հոկտեմբերին, երկրորդ քաղաքացիական  պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Քահանայապետը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն կ՛ուղղէ  շրջաբերական մը, ուր Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն մասին կը կատարէ հետեւեալ պատմական վկայութիւնը․- «Եկեղեցին կ՛ուզէ  համայն աշխարհին ցոյց տալ որ  Լիբանան երկիր մը ըլլալէ աւելին է, ազատութեան պատգամ մըն է եւ բազմազգիութեան օրինակ մը թէ՛ Արեւելքին եւ թէ Արեւմուտքին համար։ ․․․ Անոր փրկութիւնը  այսօրուան աշխարհի ամէնէն ստիպողական եւ վեհ պարտականութիւններէն մէկն է»։  Այսպէս մտածեց ու գործեց եւ կը շարունակէ գործել նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Աշխարհ քանիցս ցոյց տուաւ Լիբանանին հանդէպ իրեն սահմանուած այդ պարտականութիւնը կատարելու  պատրաստակամութիւն, դժբախտաբար լիբանանցիները չյարգեցին այդ պարտականութեան ճանապարհը հարթելու իրենց յանձնառութիւնն անգամ։

Թէ՛ 1958-ի եւ թէ 1975-ի քաղաքացիական  պատերազմները՝ հակառակ իրենց դաժան հետեւանքներուն,  չկրցան ընել այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է այսօր, եւ անհետացնել   Մայրիներու երկրին այն պայծառ  դիմագիծը՝  զոր  նկարագրած էին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու երեւելի առաջնորդները, եւ ընկճել լիբանանցիներուն  վերականգնելու կորովը։ Կ՛երեւի այն ժամանակ  գործեց «մասնաւոր նախախնամութիւնը»  եւ տեղի ունեցաւ «լիբանանեան հրաշքը» որով երկիրը վերականգնեցաւ եւ վերագտաւ իր երբեմնի կենսունակութիւնը եւ հմայքը։  Հակառակ անոր որ այսօր չկան ճգնաժամային եւ քաոսային վիճակը բացատրող պատերազմի, բռնկումներու, զինեալ ընդհարումներու, հոսանքներու հակամարտութիւններու նման  պատճառներ,  17 Հոկտեմբեր 2019-էն ասդին ոչինչ  մնացած է  Մայրիներու երկրի երբեմնի այդ գեղեցկութենէն, վարկէն, զինք Միջին Արեւելքի Զուիցերիան դարձնող    առաւելութիւններէն,   որոնք համայն աշխարհի հիացումին առարկան դարձուցած էին զինք։  Ան այն աստիճան խրած է տիղմի մէջ որ անկէ դուրս գալու, գէթ աստիճանաբար, յոյսեր անգամ  չեն յայտնուիր։ Քաոսային, անտիրութեան վիճակը որուն մատնուած է երկիրը  բոլոր ոլորտներէն ներս՝ պետականէն,  մինչեւ ամենայետին կենցաղական կառոյցը, անդարմանելի դարձած է։ Ֆինանս, տնտեսութիւն,  դրամատուն, կրթական ցանց, ընկերային-հանրային ծառայութիւններ՝ ամէն ինչ։  Խօսքերը այլեւս բաւարար չեն նկարագրելու  համար ողբերգութիւնը զոր կ՛ապրին լիբանանցիները, որոնք ամէն տեսակ  զրկանքներու հոսանքն ի վեր կը թիավարեն ապրուստային դժուարութիւնները շրջանցելու իրենց բնորոշ   հնարամտութեամբ ու չարքաշութեամբ, օրուան ապրուստը ապահովելու համար։ Մարդիկ այլեւս կորսնցուցած են «լիբանանեան հրաշք»ին եւ «մասնաւոր նախախնամութեան» հանդէպ իրենց հաւատքը։

Այս անտանելի վիճակին պատճառը Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած   երկրաշարժի համազօր պայթումը եւ քորոնաժահրի մահասփիւռ համաճարակը կրնայ թուիլ շատերուն։ Այս աղիտալի դէպքերը, որոնք մարդկային ու նիւթական սարսափելի վնասներ պատճառեցին (206 մեռեալ, 6500 վիրաւոր, նիւթական անհաշուելի վնաս), ծանրացուցին  լիբանանցիներուն արդէն տագնապալի եւ անդիմանալի վիճակը եւ զայն գագաթնակէտին հասցուցին,  սակայն այսօրուան բազմատեսակ տագնապներով տուայտող վիճակին հիմնական պատճառը աւելի խոր եւ հին արմատներ ունի։ Արդարեւ, վերջին երեք տասնեակ տարիներուն իրարայաջորդ կառավարիչներն են անոր գլխաւոր պատճառը՝ հասկցած չըլլալով որ՝ ինչպէս կը յորդորէր Կարդինալ Աղաճանեան, Հանրապետութեան նախագահին ուղղած իր  խօսքին մէջ, «քաղաքական իշխանութիւնը եղած չէ անհատական շահի համար, եւ թէ  հանրային պաշտօնները պարտին գործադրուիլ ոչ թէ ի նպաստ անոնց՝ որոնք կը կառավարեն, այլ  ի նպաստ անոնց՝ որոնք կը կառավարուին»։ Յորդորական խօսքեր՝ որոնք ուղղուած են ոչ  միայն այդ ժամանակուայ, այլ բոլոր ժամանակներու կառավարիչներուն եւ հանրային պաշտօնակատարներուն, այսօր՝ վաթսուն տարիներ ետք նաե՛ւ Լիբանանի  քաղաքական վերնախաւի փտածութեամբ մեղադրուած պաշտօնակատարներուն, որոնց՝ բոլորի՛  հեռացումին պահանջով  պոռթկացին եւ փողոց իջան քաղաքացիները՝ անխտիր բոլոր հոսանքներու, յարանուանութիւններու, դասակարգերու  մասսաները։ Պահանջեցին հեռացումը քաղաքական այն դասին որ երկրի եւ ժողովուրդի շահերու հանդէպ իր անտարբերութեամբ,  ապիկարութեամբ,  անձնական եւ հատուածական շահերու հետամտութեամբ ծնունդ տուած է երկիրը այս վիճակին հասցուցած գլխաւոր պատճառի հետեւանքներուն, միւս պատճառներուն՝ արտաքին ճնշումներուն, ազդեցութիւններուն, Լիբանանը՝ արտաքին, շրջանային եւ միջազգային ուժերու   հակամարտութիւններուն, հաշուեյարդարներուն  բեմահարթակ դառնալուն,  օտար տէրութիւններու շահամոլական նկրտումներուն եւ դեռ հազարումէկ միջամտութիւններու։ Պաշտօնակատարներ՝ որոնք իրենց քաղաքական, կուսակցական, համայնքային, յարանուանական, դաւանանքային պատկանելիութիւնները ծառայեցուցած են իրենց անձնական շահերուն, զորս գերադասած են հայրենիքի շահերէն։  Պետական կամ պաշտօնական կառոյցները անխնայօրէն օգտագործած են։  Ժողովուրդին վիճակով մտահոգուիլ ձեւացուցած են միայն։ 

Ովքե՞ր են անոնք։ Անանուն մարդիկ, հակառակ անոր որ ամէն յանցագործութեան, մեղադրանքի կամ ամբաստանութեան ետին անպայման յանցաւոր մը, մեղադրեալ կամ ամբաստանեալ մը կայ, պէ՛տք է ըլլայ, սակայն անոնցմէ յականէ յանուանէ  ո՛չ մէկուն հաշուետուութեան կանչուած  կամ հետապնդուած ըլլալու մասին իմացած ենք։   Փտածութեան եւ գայթակղութիւններու  թղթածրարներով լեցուն են արդարադատութեան դարակները։ Սակայն ոչ մէկ հետաքննութեան աւարտին հասած ըլլալու մասին իմացած ենք։ Այս իրականութեան վերջին օրինակը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի մասին ցարդ ապարդիւն  հետաքննութիւններն են, մինչ տուժողները՝ անօգնական,  անտուն, արդար հատուցման կը սպասեն։ Հետաքննութիւնները չբացայայտեցին բան մը որ ժողովուրդը արդէն չէր գիտեր։ Հակառակ անոր որ  հաստատուեցաւ թէ պայթումը բազմաթիւ մակարդակներու վրայ կատարուած բացթողումներու հետեւանք է,  տասը ամիս ետք այդ բացթողումներու ոչ մէկ պատասխանատու հաշուետուութեան կանչուեցաւ եւ պատժուեցաւ։

Լիբանան կը գտնուի անդունդի զառիթափին վրայ։ Դէպի անդառնալի անդունդ անոր սահանքը արգելակելու փորձերը  կը բախին  քաղաքական վերնախաւի բաղկացուցիչներու  փոխադարձ անհանդուրժողութեան, մինչ  ժողովուրդը ամէն օր քիչ մը աւելի կ՛աղքատանայ։ Յայտնապէս անոնք կը փայլին իրենց  անտարբերութեամբ ժողովուրդին վիճակը  հանդէպ։ Բարեբախտաբար, դեռ եւս կան  ժողովուրդին թշուառութեամբ մտահոգ հեղինակութիւններ, նախանձախնդիր  մարդիկ,  որոնց ահազանգող ձայնը լսողներ չկան տակաւին։ Այդ ձայնը լսելի դարձնելու համար է որ պիտի աղօթեն եւ անշուշտ նաեւ գործեն  Սրբազան Քահանայապետն ու Քրիստոնեայ համայնքապետերը։ 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2021, 07:40