Իրանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի մը Իրանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի մը 

Իրանը դուրս վտարած է Իտալացի մայրապետ մը որ իր կեանքը նուիրած էր երկիր աղքատներուն։

75 ամեայ Քոյր Ճուզեփփինա Պերթիին երկրի մէջ մնալու արտօնագիրը չէ նորոգուած։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Իսֆահանի Գթութեան Դուստրեր Միաբանութեան տան մէջ ապրող եւ 26 տարիներ ամբողջ Դավրիզի բորոտներու խնամակալութեան կեդրոնին մէջ իր կեանքը նուիրող Իտալացի 75 ամեայ քոյր Ճուզեփփինա Պերթին ստիպուած պիտի ըլլայ թողուլ եւ հեռանալ Իրանէն, որովհետեւ կառավարութիւնը մերժած է անոր նորոգել Երկրին մէջ կեցութեան արտօնագիրը։ Քոյր Ճուզեփփինայի մեկնումը դժուարութեան պիտի մատնէ Աւստրիացի քոյր Ֆապիոլա Ուեյսին կեցութիւնը որ 77 տարեկան է ու իր կեանքի 38 տարիները նուիրած է վերոնշեալ բորոտներու կեդրոնին, ուր խնամք կը տրուի այդ ախտէն վարակուած հիւանդներուն անկախ անոնց կրօնական կամ ցեղային պատկանելիութենէն։

1937-ին հիմնուած Գթութեան Դուստրեր Միաբանութեան տունը տարիներու ընթացքին զբաղած է կրթութեամբ ու երիտասարդներու կազմաւորումով։ Իսկ երկրորդ աշխարհամարտի օրերուն ապաստան եղած է նաեւ պատերազմէն փախուստ տուող բազմահազար մանուկներուն։ 1979-ին Իրանի կառավարութիւնը առգրաւած է միաբանութեան դպրոցը ու քոյրերը իրենց գործունէութիւնը սկսած էին ծաւալել միաբանական հաստատութենէն դուրս։

Գթութեան դուստրեր միաբանութեան քոյրերու մեկնումով Կաթողիկէ Լատին եկեղեցին պիտի կորսնցնէ Իսֆահանի մէջ իր ներկայութիւնը, տրուած ըլլալով որ վերոնշեալ տունը   տակաւին գործող եկեղեցական վերջին կառոյցն է։ Մաղթանք կը յայտնուի որ կառավարութիւնը ետքայլ կատարէ ու վերատեսէ իր այդ որոշումը առիթ ընծայելով քոյրերուն շարունակելու իրենց անձնուէր ծառայութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2021, 14:30