Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամիս։ Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամիս։ 

Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամիս։ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ մեծ դեր ունեցած է քանի Յիսուս ինքնին՝ մեզի յայտնեց իր սրտին մեծութիւնը երբ Գողգոթայի ճամբուն վրայ իր արիւնը թափեց մեզ փրկելու համար:

Ահաւասիկ Յիունիս ամիսը կը սկսի որ աւանդական ամիսն է Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութեան կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ: Վաղուց՝ սիրտը ճանչցուած է որպէս կեդրոնը սիրոյ եւ անձնուիրումի: Աստուծոյ Սէրը կը յայտնուի մարդոց՝ Յիսուսի մարդկային սրտին միջոցաւ:

Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ մեծ դեր ունեցած է քանի Յիսուս ինքնին՝ մեզի յայտնեց իր սրտին մեծութիւնը երբ Գողգոթայի ճամբուն վրայ իր արիւնը թափեց մեզ փրկելու համար: Այս բարեպաշտութիւնը կը պատուէ Յիսուսի սիրտը իր փրկչագործութեան խորհուրդին մէջ:

1675-ին Սրբուհի Մարգրիտ Մարիամ Ալագոք, Վիզիդանտին Մայրապետ մը, աղօթքի ատեն կը տեսնէ Յիսուս Փրկիչը, որ իր Աստուածային Սիրտը ցուցնելով կ'ըսէ. «Ահաւասիկ այս սիրտը որ այնքա՜ն սիրեց մարդիկը եւ ոչինչ խնայեց իր սէրը ցուցնելու համար. բայց, երախտագիտութեան տեղ, մարդոց շատերէն ուրիշ բան չստացաւ բայց եթէ՝ ապերախտութիւն, արհամարանք, սրբապղծութիւններ եւ պաղ վերաբերմունք»:

Այն ատեն, Յիսուս կը խնդրէ սրբուհի մայրապետէն որ իր Սուրբ Սրտին նուիրուի սուրբ Հաղորդութեան Ութօրէքին յաջորդող Ուրբաթը, եւ իրեն հատուցում կատարուի Սուրբ Ժամու ջերմեռանդութեամբ եւ Ամսուան առաջին ուրբաթի խոստովանանքով եւ հաղորդութեամբ:

Այսպէսով, Յիսուս կը խնդրէ Սրբուհի Մարգրիտ Մարիամէն հաստատել յատուկ տօն մը՝պատուելու համար իր Սիրտը, եւ կը պահանջէ Սուրբ Հաղորդութիւնը որպէս հատուցում սխալներու՝ գործուած Սուրբ Հաղորդութեան դէմ:

1856-ին Պիոս Թ. Քահանայապետը վերջնականապէս կը տարածէ Տիրտ Յիսուսի տօնը ընդհանուր Եկեղեցւոյ մէջ, որ չի դադրեցաւ այն ժամանակէն ի վեր զայն տօնել ջերմեռանդութեամբ:

Սիրտ Յիսուսի տօնը տեղի կ'ունենայ ամէն տարի Հոգեգալուստէն ետք եկող երրորդ ուրբաթը: Տօնակատարման ընթացքին, Եկեղեցին կը սերտէ իր Փրկչին սիրտը, որ կ'առաջնորդէ մինչեւ խորերը սիրոյ խորհուրդին, ուր կը հանդիպին մարդն ու  Աստուած: Ան՝ որ եկաւ յայտնելու իր վիրաւորուած սիրտը, Ան է որուն մէջ ամէնքը կրնան խմել ողորմութեան աղբիւրէն: Շարունակ սերտենք այս անծայր խորհուրդը՝ Աստուածային սիրոյ:

Սիրտ Յիսուսի Տօնը կարեւոր դէպք մըն է զատկական խորհուրդին մէջ, որ մեզ կը հրաւիրէ սերտելու յիսուսը՝ Տէրը հեզ եւ խոնարհ սրտին:

Սուրբ Հաղորդութեան օծման մէջն է որ պէտք է փնտռենք իսկական ներկայութիւնը Յիսուսի սուրբ Սրտին, որովհետեւ միայն Սուրբ Հաղորդութեան մէջն է որ կը գտնուի ամբողջ խորհուրդը Աստուածային սիրոյ եւ Յիսուսի սուրբ Մարդկութիւնը միացած անոր Աստուածութեան: Ուրեմն հաղորդութեան հրչակումը Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնն է Սուրբ Պատարագին նոր եւ Յաւիտենական Ուխտին, որ Յիսուս կ'ընծայէ իր Հօր, օրհնելով հացը՝ իր Մարմնով, եւ գինին իր Արիւնով:

Այսպէս, ամէն անգամ որ կը տօնենք Ոտնլուան, պաշտենք հեզ եւ խոնարհ սիրտը  Յիսուսի՝ վառ ողորմութեան բոցերով: Ուսանինք սիրտ Յիսուսի դպրոցին մէջ, ստանձնելու համար լրջօրէն պատասխանատուութիւնները որոնք մեզ կը սպասեն մեր կեանքին ընթացքին: Եւ յատկապէս փորձենք գտնել այս անսպառ ողորմութեան աղբիւրին մէջ քաջասրտութիւնը եւ համբերութիւնը կատարելու համար Տիրոջ կամլը ամէն կացութեան մէջ:

Ո՜վ Աստուածային սիրտ յիսուսի, կ'ուզենլ նոգիրել քեզ մեր ազգը

Շատ հինէն ճանչցած ու սիրած է Քեզ Հայ Ազգը, փառաւորած է Քեզ քրիստնէավայել կեանքոէ կեանքով ու հոյակերտ ճատարներով, ու պաշտպանած է Սուրբ Կրօնքդ իր արիւնով:

Անհուն գթութեամբ ա՛յնպէս տնօրինեցիր, որ շատ մեծ ազգերէ առաջ Հայ Ազգին հեթանոսական խաւարը փարատեցաւ Աւետարանիդ լոյսով:

Շրջապատուած քեզի թշնամի ցեղերէ, Հայ Ազգը չարչարուած ու հալածուած է, որովհետեւ յանձն չէ առած ուրանալ Քեզ եւ հեռանալ քու Եկեղեցիէդ:

Մարտիրոսներուդ մէջ բիւրաւորներ կան նաեւ մեր Ազգէն: Աւաղ, սակայն, որքա՛ն փոխուած է մարտիրոսներու սերունդը: Նոր հեթանոսութեան մը խաւարը կը թանձրանայ մեր մէջ...:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2021, 09:20