Նահատակ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Նահատակ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան 

Նահատակ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի ծիսական տօնը։

«Հայ ազգը եղաւ առաջինը որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք, նամանաւանդ իր արեան գնով պահպանեց Քրիստոսի հաւատքը, թող անոնց մարտիրոսութիւնը ըլլայ հաւատքի օրինակ բոլոր քրիստոնեաներուն»

Շաբաթ 12 Յունիս 2021-ին, հայ տօնացոյցին համաձայն Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօնն է, նահատակ 1915 ի հայոց եղեռնին։

ԵՐԱՆԵԼԻ ԻՆԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Յունիս 10-ի երեկոյեան, Մալոյեան առաջնորդը եւ 417 հոգիներ, երիտասարդ եւ ծեր, կղերական եւ աշխարհական, իրարու շղթայուած, Մարտինէն դուրս կը քշուին: Գողգոթայի ճամբու ընթացքին, զինուորները կը հեռացնեն ծեր կալանաւորները, եւ կ՛առաջնորդեն այլուր, կը մերկացնեն, կը կողոպտեն ու կը սպանեն: Ապա կը վերադառնան ու կը խոստանան կալանաւորներու խմբակները տուն վերադարձնել, սակայն զիրենք եւս հեռու վայր մը կ՛առաջնորդեն ու կը սպանեն:

Երբ Առաջնորդը իրազեկ կը դառնայ իր հօտին դժբախտ վախճանին մասին, կ՛ըսէ Մամտուհ Պէյին. «Վստահ եմ, որ օգնականներդ յօշոտած են մեզմէ շատերը, հեռու տանելով զիրենք: Անտարակոյս ես ալ նոյն ճակատագիրը պիտի ունենամ մնացած հաւատացեալներուս հետ: Կը խնդրեմ քեզմէ, արտօնէ՛ ինծի, վերջին անգամուան համար խօսք մը ուղղել հօտիս»: Մալոյեան Գերապայծառին խնդրանքը կ՛ընդունուի: Եւ երբ Մամտուհ Պէյի զինուորները կը հեռանան, Առաջնորդը եւ հաւատացեալները կ՛աղօթեն Աստուած պաղատագին, օգնութիւն աղերսելով Անկէ, որ նահատակութեան շնորհքը ընդունին:

Ապա Մալոյեան Գերապայծառը կը սրբագործէ հացը, քահանաները սուրբ մասնիկները կը բաշխեն հաւատացեալներուն: Այս երկնային արարողութեան դէպքին ականատես զինուորները կը պատմեն, թէ լոյսի թանձր ամպ մը ծածկեց Քրիստոսի մարտիկներու փաղանգը, զանոնք ամբողջովին թաքցնելով զինուորներուն աչքերէն: Անուշահոտ բուրմունք մը տարածուեցաւ բոլորին վրայ: Ամէնքը հիացան տեսնելով հրճուանքի, ուրախութեան եւ խաղաղութեան նշանները, նահատակութեան պատրաստ այս մարդոց դէմքերուն վրայ:

Մալոյեան Գերապայծառը վերադառնալով՝ ըսաւ Մամտուհ Պէյին. «Վերջին պարտականութիւնս կատարեցի, այժմ ըրէ՛ ինծի ինչ որ կ՛ուզես»: Այնուհետեւ, ոստիկանապետը կը հրամայէ պահել Մալոյեան Գերապայծառը, եւ տանիլ մնացած մարդիկը Զարզուանի դղեակը, ուր կը մերկացնեն զիրենք ու կը սպանեն: Նահատակներուն մարմինները կը նետեն ջրհորի մը մէջ:

Մամտուհ Պէյ կրկին կը նեղէ Մալոյեան Գերապայծառը, հարցաքննելով զինք եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի մէջ կարծեցեալ պահուած զէնքերու մասին, եւ փրկուելու համար, կը պահանջէ անկէ ընդունիլ մահմետականութիւնը: Առաջնորդը անվարան կը պատասխանէ.«Կ՛անտեսես՝ ինչ որ ըսի ու հաստատեցի քեզի. ամբաստանութիւններդ ինծի նկատմամբ անհիմն են. եւ երբեք չեմ ուրանար հաւատքս. շտապէ՛ եւ զիս սպանէ՛ ու հասցու՛ր զաւակներուս, որ մասնակից դառնամ իրենց երկնային հարսանիքին»:

Մամտուհ Պէյ կը վարանի քանի մը րոպէ եւ կրկին Երան. Մալոյեանին կը հարցնէ.«Կ՛ընդունի՞ս մահմետականութիւնը որպէս կրօնք»:

Մալոյեան Գերապայծառը անվարան ու հաստատ խօսքերով կը պատասխանէ.«Զարմանալի է հարցումդ, որովհետեւ կ՛ապրիմ եւ կը մեռնիմ իմ ճշմարիտ հաւատքիս համար եւ Քրիստոսի Խաչը իմ հպարտանքս է, Տէրս եւ Աստուածս»: Այն ատեն, ջղայնացած ու զայրացած՝ վայրենի Մամտուհ Պէյ ատրճանակը կը հանէ ու կը կրակէ Մալոյեան Առաջնորդին վրայ: Սրբակեաց եպիսկոպոսը կը վիրաւորուի վիզէն ու գետին կ՛իյնայ, արտասանելով հետեւեալ խօսքերը. «Տէր, գթա՛ ինծի, ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս», ու կ՛աւանդէ հոգին:

Սրբադասում

7 Հոկտեմբեր 2001-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը Ս. Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ կատարեց Մարտինի նահատակ եպիսկոպոսին երանացման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ «Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին ծիրէն ներս» անիկա ամենաթանկագին նուէրն էր քրիստոսի եկեղեցւոյ իր հաւատացեալներուն, երջ. ՅՊԲ քահանայապետին միջոցաւ։

Տպաւորիչ էր երանացման արարողութիւնը, այդ օրը անգամ մը եւս Ս. Պետրոսի անուան հրապարակը խմբուած հաւատացեալները ու նաեւ ամբողջ աշխարհը (հեռուստատեսիլի ու ձայնասփիւռի միջոցաւ) ականատես եղաւ ՅՊԲ Հռոմի Պապին որ կ՝օրհնէր հայ ազգը նշելով անոր ամուր հաւատքն ու սէրը հանդէպ քրիստոսի։

«Հայ ազգը եղաւ առաջինը որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք, նամանաւանդ իր արեան գնով պահպանեց Քրիստոսի հաւատքը, թող անոնց մարտիրոսութիւնը ըլլայ հաւատքի օրինակ բոլոր քրիստոնեաներուն» ըսաւ այդ առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը։

Անոր երանացումի օրուընէն՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանւթիւնը չդադրեցաւ երանելիին ինչպէս նաեւ նահատակ միւս միաբան վարդապետներուն նուիրուած յուշակոթողներ կանգնելէ: Վանքին մէջ Երանելիին թանգարանը կայ, ուր ցուցադրուած են Մարտին քաղաքէն բերուած անոր շուրջառները, գրասենեկային իրերը, նամակները, եւլն: 1990-ին, «Նահատակաց Դահլիճ» մը նուիրուեցաւ միաբան եպիսկոպոսներուն և վարդապետներուն, ուր պատէն կախուած են անոնց նկարները գեղեցիկ շրջանակի մէջ առնուած, իսկ կեդրոնը՝ Երան. Մալոյեանի իւղանկարը: Մինչ 7 Հոկտեմբեր 2001-ին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը նահատակ Մալոյեանը երանելի կը հռչակէր, վանքիս մայր եկեղեցիին մէջ բացումը կը կատարուէր անոր նուիրուած փոքրիկ խորանին, ուր պահուած է անոր ձեռաց խաչը, բերուած՝ Մարտին քաղաքէն: 11/10/2003-ին, վանքի մուտքին նոր յուշակոթող մը կանգնուեցաւ Երան. Մալոյեանի կիսանդրիով և 14 նահատակ միաբաններու փորագրուած անուններով, որպէս վկայարան քաջարի նահատակ միաբաններուն:

Աղօթք Երանելի Մալոյեանին

Երանելի՜ Մալոյեան, քու տառապալից կեանքիդ անթառամ պսակը հանդիսացաւ քու նահատակութիւնդ, որ քեզի հանդէպ Աստուածային Սիրոյն մեծագոյն փաստն եղաւ:

Բայց նաեւ, քու մարտիրոսութիւնդ դարձաւ գերազանց ապացոյցը քու սիրոյդ ու հաւատարմութեանդ նկատմամբ մեր Տիրոջ եւ Սիրոյն:

Դուն կրեցիր ամէն տեսակ չարչարանք եւ յանձն առիր տաժանելի մահը, բայց չուզեցիր ուրանալ Քրիստոսը՝ գերագոյն Իմաստը քու ամբողջ կեանքիդ:

Նախ՝ սրտանց կ՛աղաչեմ, ինծի ալ սորվեցո՛ւր սիրել իմ Փրկիչս ու հաւատարիմ մնալ իմ Կրօնիս, որպէսզի երկուքիդ չդաւաճանեմ ոչ մէկ նեղութեան մէջ եւ ոչ մէկ սպառնալիքին առջեւ:

Երկրորդ՝ սրտանց կ՛աղաչեմ, որ լսես իմ հաւատաբորբ աղօթքս եւ կատարես վստահաջերմ խնդրանքն այս իննօրեայիս, քանի զայն կը սպասեմ այնքան դրական ակնկալութեամբ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2021, 08:17