Կարդինալ Քոնրատ Քրաժեսքի, շնչառութեան արհեստական սարքեր Կարդինալ Քոնրատ Քրաժեսքի, շնչառութեան արհեստական սարքեր 

Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակը թոքերու արհեստական շնչառութեան սարքեր կ՝ուղարկէ կարգ մը երկիրներու

Թոքերու շնչառութեան սարքերը պիտի ուղարկուին քովիտի դէմ առողջապահական միջոցներուն կարիքը ունեցող երկիրներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Առաքելական ողորմնաբաշխութեան մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով, որ առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակը գնեց թոքերու արհեստական շնչառութեան սարքեր եւ նախատեսած է որ զանոնք ու այլ առողջապահական միջոներ ուղարկէ կարգ մը երկիրներ, որոնք կարիքը ունի կեանքի փրկութեան առողջապահական միջոցներու։

Ունկնդրէ լուրը

Թոքերու շնչառութեան սարքերը պիտի ուղարկուին առողջապահական միջոցներուն կարիքը ունեցող երկիրներու համապատասխանող պապական նուիրակներուն, որոնց միջոցաւ սարքերուն բաշխումը պիտի կատարուին հիւանդանոցներուն։

Առաքելական ողորմնաբաշխութեան Հաղորդագրութեան համաձայն առողջապահական սարքերը ու դեղորայքը պիտի ուղարկուին Պրազիլ, Քոլոմպիա, Արժանթին, Հնդկաստան, Չիլէ, Հարաւային Ափրիկէ, Պոլիվիա, Սուրիա, Փափուա Նովա Կուինէա։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 09:29