Արձանի արուէստագէտներն ու Ճուսանօ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը Արձանի արուէստագէտներն ու Ճուսանօ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը

Իտալիոյ մէջ Պաթնայի Տիրամօր արձանին ուխտագնացութիւնը։

Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ կազմակերպութեան ձեռամբ Արձանի թափօրը տեղի պիտի կատարուին Իտալիոյ տարբեր վայրերէն ներս եւ պիտի տեւէ մինչեւ 1 սեպտեմբեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իրաքի Նինուէ նահանգի Պաթնայի Տիրամօր Տահեշի ձեռքով քանդուած արձանը Իտալիոյ մէջ արժանացաւ հաւատացեալներուն ջերմեռանդութեան, կազմակերպուելով երկար թափօրներ իտալիոյ տարբեր շրջաններէն ներս

Ունկնդրէ լուրը

2014ին, Նինուէ նահանգէն ներս «տահեշի» յարձակումներուն թիրախ դարձաւ նաեւ Տիրամօր մէկ մեթր երկարութեամբ արձանը։

Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան շնորհիւ Պէթնայի Տիրամօր կործանուած Արձանը Իտալիա փոխադրուեցաւ նորոգումի ենթարկուելու համար Իտալիոյ Ճուսանօ քաղաքին մէջ։

Տիրամօր արձանը
Տիրամօր արձանը

Իտալացի Ֆրանքօ Էլի արուեստագէտին ձեռքերու շնորհիւ Տիրամօր արձանը վերանորոգուեցաւ սակայն արձանին գիթն ու բերանը մնացին քանդուած
վիճակի մէջ։

Պաթնայի Տիրամօր արձանին ի պատիւ, Շաբաթ 12 եւ կիրարկի 13 Յունիսին Տիրամօր արձանով թափօրներ կազմակերպուեցան Ճուսաննօ քաղաքի հինգ ժողովրդապետութիւններէն ներս։

Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ կազմակերպութեան ձեռամբ Արձանի թափօրը տեղի պիտի կատարուին Իտալիոյ տարբեր վայրերէն ներս եւ պիտի տեւէ մինչեւ 1 սեպտեմբեր։

Արձանի թափօրին ընթացքին, Իրաքցի քահանաները, Իրաքէն տեսերիզով վկայութիւններ պիտի տան Տահեշի կատարած յարձակումներու մասին, խօսելով նաեւ իրաքի ներկայ կացութեան. Մասին։

Տիրամօր արձանին վերանորոգման ու ջերմեռանդական թափօրներուն ձեռնարկը պիտի ամրապնդէ Իրաքի եւ Իտալացի հաւատացեալներու միջեւ կապերը, ու պիտի ամրացնէ ժողովուրդի միտքին մէջ պատմական դժուար էջերը եւ պիտի դառնայ պատգամ համերաշխութեան եւ ներումին ։ Այս մասին յայտնեց օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ կազմակերպութեան Իտալական բաժանմունքի տնօրէնը։
 

Տիրամօր արձանը
Տիրամօր արձանը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2021, 09:14