Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Սուրբ Երկրի Քարիթասի կոչը՝ չմոռնալ պաղեստինցիները

Երուսաղէմի Քարիթասը նպատակ ունի բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերելու շուրջ 6000 անհատներու՝ Կազայի գաղթականներու բնակավայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ջամբելու առողջապահական դասատիարակութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ եպիսկոպոսական ժողովի հովուական բաժանմունքի տեղական ծրագիրներու համակարգող Տանիլօ Ֆելիչիանճելի նկատի առնելով գաղթականներու տագնապալի վիճակը ըսած է, թէ «հարկ է շօշափելի յոյսեր ներշնչել»։

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի 17 յուլիսին Իտալական Քարիթասի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Գրասենեակը «Սուրբ Երկիր, պաղեստինցի գաղթականներու տագնապը» տիտղոսով համացանցային հանդիպումի ընթացքին նշած է թէ «Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ պատմական հակադրութիւններէն դուրս գալու ճանապարհներու կարելիութիւնը կայ». ինչպէս նաեւ կարիքը կայ «ճշդելու կեանքի հեռանկարներ պաղեստինցի ժողովուրդին համար»։

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուած է թղթածրար մը Իտալական Քարիթասի տուեալներով, որ համացանցի վրայ տրամադրելի պիտի ըլլայ յունիս 20էն ետք, ՄԱԿի կողմէ յայտարարուած «Գաղթականներու Միջազգային Օրուան» առիթով։ Տանիլօ Ֆելիչիանճելի նկատած է, թէ թղթածրարը կը ներկայացնէ պաղեստինցի գաղթականներու տեսանկիւնէն պատմուած հակամարտութեան տարիները եւ փուլերը։ Պաղեստինցի ժողովուրդը զոհն է իր իսկ սահմաններէն ներս ինչպէս նաեւ արտերկրի՝ Լիբանանի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող սփիւռքի մը։ Ֆելիչիանճելի յստակեցուցած է, թէ պէտք է հասկնալ որ կարելի է վերադարձի շօշափելի յոյս ներշնչել բոլոր այն պաղեստինցիներուն որոնք կ՚երազեն վերադառնալ իրենց սեփական տուները, եւ թէ որո՛նք են միջազգային հասարակութեան պատասխանատուութիւնները եւ պատասխանները։

Նպատակը չի կրնար կայանալ լոկ ի դէմս ճգնաժամերու ապահովուած օժանդակութեան մէջ։ Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է ճիգ թափէ կատարել աւելին։ Կարիքը կայ պատասխանատուութեան ուժեղ ստանձնումի՝ փնտռելու լուծումներ եւ բանալու ընթանալիք ճանապարհներ։

Յիշեալ թղթածրարի մէկ մասը նուիրուած է Կազայի մէջ կայացած մարդկայնական ճգնաժամին։ 11 օրերու հակամարտութենէն վերջ ստեղծուած վիճակը ծանր է, նկատած է Ֆելիչիանճելի։ Ան յիշեցուցած է թէ հակամարտութիւնը խլած է բազմաթիւ զոհեր, որոնց կարգին 259 մահացածներ։ 1500 բնակարաններ քանդուած են եւ 8500 անհատներ մնացած են առանց բնակարանի։

Իտալական Քարիթասի յանձնառութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ կը կենդրոնանայ չորս որորտներու վրայ – Կազայի մէջ առողջապահական օժանդակութիւն, Երուսաղէմի շրջակայքը գտնուող գաղթականներու բնակավայրի մը մէջ կիներու դիրքի զարգացումը, հաշտութիւն արաբներու եւ հրեաներու միջեւ, կամաւորական երիտասարդներու ներգրաւման խթանում։

Երուսաղէմի Քարիթասը նպատակ ունի բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերելու շուրջ 6000 անհատներու՝ Կազայի գաղթականներու բնակավայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ջամբելու առողջապահական դասատիարակութիւն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 12:27