Զմմառու վանքը Զմմառու վանքը 

Խօսք՝ նոր Կաթողիկոս Պատրիարքի յառաջիկայ ընտրութեան առթիւ։ Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան։

Յատուկէն աղօթենք որպէսզի Սուրբ Հոգւոյ շնորհքներով օժտուած Կաթողիկոս Պատրիարք մը ընտրուի նման Յիսուսի՝ Բարի Հովիւին։

Ընթացիկ տարուայ յունիսի 22-ին, Լիբանանի Զմմառու դարակերտ վանքին մէջ, հայ կաթողիկէ Նուիրապետութեան Հայրերը Սիւնհոդոս (Եպիսկոպոսական ժողով) մը պիտի գումարեն՝ ընտրելու համար յաջորդը լուսաբնակ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ անցեալ մայիսի 25-ին վախճանեցաւ Լիբանանի մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Ընտրութեան արդիւնքին հետաքրքրութեամբ եւ անձկագին կը սպասենք, քանի պիտի ընտրուի մեր հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդը, զոր եկեղեցական կանոնագիրքը կը կոչէ «Պետ եւ Հայր» ողջ համայնքին: Ան կը կոչուի նաեւ Հովիւ կամ Հովուապետ, ի նմանութիւն Բարի Հովիւին՝ Աստուածային Վարդապետին:

Նոր Կտակարանը մեզի կը ներկայացնէ Բարի Հովիւը յանձին մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի, որ իր կեանքը զոհեց իր ոչխարներուն համար (Հմմտ. Յովհաննէս 10, 11), օրինակ հանդիսանալով, դարերու ընթացքին, բոլոր այն հովիւներուն եւ առաջնորդներուն, որոնք պիտի ընդունին քահանայական սուրբ կարգը՝ ծառայելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին:

Հետեւաբար, եկեղեցական իշխանութիւնը, նախ եւ առաջ, ծառայութիւն է եւ ոչ թէ տիրապետութիւն, զոհողութիւն է եւ ոչ թէ փառատենչութիւն:

Առաջնորդներուն տրուած իշխանութեան նպատակն է, ուսուցանել աստուածային վարդապետութիւնը հաւատացեալներուն,

-Որպէսզի ասոնք հասնին ճշմարտութեան գիտութեան

-Որպէսզի հաւատացեալները զօրանան ու սրբանան Ս. Խորհուրդներով.

-Որպէսզի իրենց հետեւորդները առաջնորդուին դէպի յաւիտենական կեանք:

Ասոր համար, Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ քրիստոնեաները անսալու իրենց առաջնորդներուն տուած ուղղութիւններուն եւ հնազանդելու անոնց ուղենշումներուն (Հմմտ. Հռոմայեցիներ 13, 1):

Քրիստոսակերտ Եկեղեցին կը հետապնդէ իր Հիմնադիրին նպատակը՝ Աւետարանին լոյսը սփռելու աշխարհի մէջ եւ օգնելու հաւատացեալներուն, որպէսզի ասոնք ապրին իրենց կեանքը սրբութեամբ եւ Աստուածպաշտութեամբ:

Կասկած չկայ, որ Առաջնորդներն ալ ունին իրենց սխալներն ու սայթաքումները, իրենց թերութիւններն ու տկարութիւնները, քանի որ իւրաքանչիւր մահկանացու մարդու նման՝ սխալական են: Սակայն, կը մնան այն անձերը, որոնք օծուած են Սուրբ Հոգւոյ կնիքով եւ յատուկ առաքելութիւն մը ունին յորդորելու, խրատելու, ցուցմունքներ կատարելու՝ ի խնդիր իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած հաւատացեալներուն հոգւոյ փրկութեան:

Դիւրին առաքելութիւն մը չէ', յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ Եկեղեցին թիրախ դարձած է հակակրօնական, հակաքրիստոնէական եւ անաստուած ընկերութեան արձակած թունաւոր նետերուն:

Արդարեւ, ցաւով կը նկատենք շատերուն անտարբերութիւնը Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն, Աւետարանական վարդապետութեան եւ առաւելաբար Ս. Խորհուրդներուն նկատմամբ. անտարբերութիւն մը զոր կը պատճառէ, մասամբ մը, կղերին յարուցած գայթակղութիւնները:

Ահա թէ ինչո'ւ, այսօր աւելի քան երբեք, հաւատացեալները կարիք ունին իմաստուն, լուսամիտ, խոհեմ եւ նա'մանաւանդ սրբակենցաղ առաջնորդներու՝ անշեղ ընթանալու համար այս մոլորեցուցիչ ընկերութեան բաւիղներուն մէջէն:

Ուստի, յատուկէն աղօթենք որպէսզի Սուրբ Հոգւոյ շնորհքներով օժտուած Կաթողիկոս Պատրիարք մը ընտրուի նման Յիսուսի՝ Բարի Հովիւին:

Նոյն աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած բոլոր Առաջնորդներուն համար, Սրբազան Քահանայապետէն սկսեալ մինչեւ ամենապարզ քահանան, որպէսզի անձնազոհութեամբ, արիութեամբ եւ մանաւանդ պատասխանատուութեան հոգիով՝ առաջնորդեն իրենց խնամքին յանձնուած հօտը:

Հ. Գ. Զ


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2021, 08:43