Հնդկաստանի մէջ օգնութիւններու բաշխում Հնդկաստանի մէջ օգնութիւններու բաշխում 

Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը` Հնդկական Շանթի Աշրամ Կեդրոնին։

Կեդրոնը իր տարբեր մասնաճիւղերով խնամք կը տանի 50 հազար մանուկներու ու անոնց ընտանիքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Marathon for solidarity – Զօրակցութեան մարաթոն» այս է կնախտաբաններու եւ մանկաբոյժներու առցանց միջազգային համաժողովին տիտղոսը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ 15 մայիսին նպատակ ունենալով օգնել Հնդկաստանի Քոյմպաթորէի Շանթի Աշրամ Կեդրոնին։

Հաւաքին հովանաւորները

Հաւաքը հովանաւորուած էր Կաթողիկէ Համալսարանի եւ միջազգային զօրակցութեան համալսարանական կեդրոնի կողմէ, նպատակ ունենալով 60 հազար եւրօ հաւաքել ի նպաստ կեդրոնին որ իր տարբեր մասնաճիւղերով խնամք կը տանի 50 հազար մանուկներու ու անոնց ընտանիքներուն։

Այս արտակարգ գաղափարը ծնունդ առաւ Փրոֆ. Անթոնիա Թեսթայի նախաձեռնութեամբ, Կաթողիկէ Համալսարանի մօտ դասատու, որ երկու տարիներ առաջ հնդկաստան կատարած մէկ ճամբորդութեան մը ընթացքին առիթը ունեցած էր հանդիպելու Շանթի Աշրամ կեդրոնի նախագահ` բժշկուհի Քեզեվինօ Արամի հետ։

20 մասնագէտներու սատարը 

«Անցեալ Յունուարին բժշկուհի Քեզեվինոն հետս կապ պահեց օգնութիւն հայցով» կը պատմէ Փրոֆ. Թեսթա։ Անոնք ութը ամիսներու «լոքտուանէն» ետք սպառած էին իրենց բոլոր կենսամիջոցները ու այլեւս կարող չէին յառաջ երթալ իրենց գործունէութեան մէջ։ Ասկէ մեկներով Փրոֆ. Թեսթա որոշեց իր գործընկերները ներգրաւել ու այդպիսով ծնունդ առաւ «Զօրակցութեան մարաթոն» ծրագիրը, որուն արդիւնքով 20 մասնագէտներ որոշեցին իրենց սատարը տալ եւ թիկունք կանգնիլ հնդկաստանի այդ հասարակութեան, որ համաճարակի այս ճգնաժամի պահերուն միշտ աւելիով ծանր իրավիճակ մը կ՛ապրի։

Քահանայապետին անակնկալ օգնութիւնը

Շնորհիւ ծրագիրին կարելի կ՛ըլլայ հաւաքել 40 հազար եւրօ ապա կը պատահի մեծ անակնկալ մը։ Փրոֆ Թեսթան հեռաձայն մը կը ստանայ Քահանայապետի ողորմաբաշխ` Կարդինալ Քոնրատ Քրայեսւքիէն որ անոր կը հաղորդէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը պատրաստակամ է մնացած գումարը յատկացնել ու հասնիլ 60 հազարի, որ Շանթի Աշրամ կեդրոնին հնարաւորութիւն պիտի տայ շարունակելու իր բնակչութեան ի նպաստ օգնութեան գործունէութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2021, 08:52