Կազայի մէջ աւէրներ Կազայի մէջ աւէրներ 

Սուրբ Երկիր. յառաջիկայ կիրակի օր եկեղեցիներուն մէջ դրամահաւաք ի նպաստ Կազայի։

Փիցցապալլա պատրիարքը հաւատացեալներուն հրաւէր կ՛ուղղէ իրենց սիրտն ու հայեացքը սեւեռելու կարիքաւորներուն ու յատկապէս Կազային ու այն վայրերուն որոնք առաւելապէս թիրախ եղան վերջին ռմբակոծումներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը Գերերջանիկ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Սուրբ Երկրի բոլոր ժողովրդապետութիւններէն եւ եկեղեցիներէն խնդրած է յառաջիկայ կիրակի օր` 30 մայիսին, Սուրբ Երրորդութեան տօնին առթիւ, դրամահաւաք կազմակերպել ի նպաստ Կազայի հասարակութեան, հոգալու համար անոնց անմիջական պահանջները։

Պատրիարքութեան կայքէջին վրայ հրապարակած նամակով մը գերերջանիկ Փիցցապալլա պատրիարքը հաւատացեալներուն հրաւէր կ՛ուղղէ իրենց սիրտն ու հայեացքը սեւեռելու կարիքաւորներուն ու յատկապէս Կազային ու այն վայրերուն որոնք առաւելապէս թիրախ եղան վերջին ռմբակոծումներուն։

«Անոնց տառապանքները աւելիով սրացան հակամարտութեան եւ յարձակումներուն պատճառաւ, մինչ Քովիտի դէմ պայքարը կը շարունակուի» կը գրէ Պատրիարքը աւելցնելով «Ձեզմէ կը խնդրեմ աջակցիլ` սփոփելու համար մեր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն տառապանքները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2021, 07:50