Սուրիոյ մէջ քանդուած եկեղեցի։ Սուրիոյ մէջ քանդուած եկեղեցի։ 

Սուրիոյ կաթողիկէ եկեղեցապետերուն խորհուրդի ժողովը երկրի կացութեան մասին։

Ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ մէջ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրիոյ Կաթողիկէ եկեղեցապետերու խորհուրդի անդամներուն մասնակցութեամբ 18 մայիսին գումարուեցաւ ժողով մը, Հալէպի Լատինաց առաքելական պալատէն ներս,  նախագահութեամբ Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Ինիաս Եուսիֆ Գ Եունան եւ Յոյն Կաթողիկէ Մելքիթներ եկեղեցւոյ պատրիարք Եուսէֆ Ապսի ժողովին մանսակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին։

Ունկնդրէ լուրը

Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդագրութեան համաձայն, ժողովի բացումը կատարեց Եունան Պատրիարքը, որ ընդհանուր ակնարկ կատարելով Սուրիոյ եւ Միջին արեւելքի մէջ ներկայ կացութեան մասին, խօսքը կեդրոնացուց տնտեսական ներկայ ցաւալի պայմաններու վրայ, որուն թիրախ է Սուրիոյ բնակչութիւնը։

Պատրիարք Եունան խօսեցաւ գաղթականութեան, յատուկէն երիտասարդներուն մասին ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի վտանգաւոր ու անմարդկային աշխարհաքաղաքական ճնշումներուն մասին։ Այս ծիրէն ներս պատրիարք Եունան ընդգծեց եկեղեցւոյ զօրակցութեան կարեւորութիւնը, յատուկէն պատերազմի հետեւանքով անկումի մէջ գտնուող երիտասարդներուն կրթութիւնը։

Մինչ՝ Պատրիարք Ապսի իր խօսքին մէջ շեշտեց ընկերային հակամարդկային բացը դիմագրաւելու կարեւորութիւնը , որ կը բաժնէ հարուստները Սուրիացիներու մեծամասնութենէն, որոնք անօթութեան մատնուած են պատերազմի, տնտեսական տագնապի, միջազգային պատժամիջոցներուն պատճառաւ ինչպէս նեաւ Քովիտ 19 տագնապի հետեւանքով։

Սուրիոյ մէջ առաքելական նուիրակ, կարդինալ Զենարին զրուցեց ընտանիքի եւ սուրբ Յովսէփի տարուան մասին ընտրուած ֆրանչիսկսո Պապին կողմէ։ Ծիրանաւորը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ մարդկային կացութեան ընդգծելով Սուրիոյ Քարիթասի աշխատանքի զարգացման կարեւորութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդի նկատմամբ, առանց կրօնական պատկանելիութեան խտրականութեան, յիշելով այս առնչութեամբ սուրբ Աթոռի կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2021, 11:55