Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայրը Հարիսա Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայրը Հարիսա 

Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայրը Հարիսա

Ուխտատեղին կ'ընդգրկէ «Մայր Լուսոյ» տաճարը իր աստիճանաւոր աշտարակով, որուն գագաթը զետեղուած է Ֆրանսա քանդակուած և այնտեղէն բերուած Աստուածամօր մեծ արձանը, «Անարատ Յղութեան» վարդապետութեան հռչակման 50-րդ յոբելեանին առիթով:
Ունկնդրէ լուրը

1904-ին, հիմը դրուեցաւ Հարիսայի սրբավայրին, որ Պէյրութ մայրաքաղաքէն 26 քլմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, լեռնալիբանանի բարձրունքին՝ «Ժայռ» կոչուած բլուրին վրայ, որ Քսրուան գաւառի Տարուն Հարիսա քաղաքապետարանի տարածքին մէջ կ'իյնայ: Հարիսա անուանումը փիւնիկեան ծագում ունի, որ կը նշանակէ անդունդի եզր, և որովհետեւ այնտեղ Տիրամօր արձանը զետեղուած է, շրջանի այցելուները, բնակիչները և ուխտաւորները Տիրամօր պաշտպանութեան յանձնուած են: Այնպէս որ Հարիսա պահապան, պաշտպան կամ հովանաւորող ուխտատեղի ալ կը նշանակէ:

Ուխտատեղին կ'ընդգրկէ «Մայր Լուսոյ» տաճարը իր աստիճանաւոր աշտարակով, որուն գագաթը զետեղուած է Ֆրանսա քանդակուած և այնտեղէն բերուած  Աստուածամօր մեծ արձանը, «Անարատ Յղութեան» վարդապետութեան հռչակման 50-րդ յոբելեանին առիթով: Հարիսայի Աստուածամօր արձանը աշխարհի ամենագեղեցիկ յուշարձաններէն մին կը համարուի. պղինձէ շինուած է և սպիտակ ներկուած: Արձանի բարձրութիւնը ութ ու կէս մեթր է, իսկ կշիռքը՝ 15 թօն:

1908 թուի Մայիս 3-ին, Հարիսա սրբավայրի պաշտօնական բացում տեղի ունեցաւ նախագութեամբ Մար Էլիաս Հուայէք Պատրիարքին և Պապական Նուիրակ՝ Ֆէրտինանտօ Ժիանինիի, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան ներկայութեան: Այս սրբավայրը Մարեմեան ուխտավայրերու մեծագոյնը կը համարուի Արեւելքի մէջ, ուր ուխտաւորներ և զբօսաշրջիկներ զանազան երկիրներէ և համայնքներէ կ'այցելեն ամէն օր: Հարիսայի բարձունքէն՝ այցելուները կը վայելեն Ժունի քաղաքի ծովահայեաց տեսարանը, ինչպէս նաեւ աղօթքի և ամփոփումի պահեր կ'ապրին, ապաշխարութեան առիթ կը գտնեն և իրենց ուխտը կը կատարեն:

Մատուռը որ մեծ արձանին ներքեւ կը գտնուի, «Մայր Լուսոյ» Տիրամօր նուիրուած փոքր արձան մը ունի, փորագրուած՝ Մայրի ծառի փայտի վրայ: 1954-ին, Տիրամօր նուիրուած Մայիսեան ամսոյն, այս արձանը ամբողջ Լիբանանը շրջագայած է, ժողովուրդը օրհնելու նպատակով:

Հարիսայի պատմական սրբավայրը խաղաղութեան և սիրոյ աղբիւր է  բոլոր այցելուներուն համար, ուր սուրբ Վարդարանի շարունակական աղօթքը փոքրիկ եկեղեցւոյն մէջ՝ ցոյց կու տայ Լիբանանի ժողովուրդի Տիրամօր հանդէպ տածած խորախորհուրդ ջերմեռանդութիւնը:

1971-ին, Հարիսայի սրբավայրը օժտուեցաւ մեծ պազիլիքով մը. Ան Լիբանանի Մայրի ծառի նմանութեամբ է, և Փիւնիկեցիներու պատմական նաւերը կը յիշեցնէ: Ան նաեւ ձեռնամած բազուկներու ձեւ ունի, խորհրդանշելու համար՝ Տիրամայրը որ բազկատարած կ'աղօթէ Լիբանանի համար:

1997-ին, Մայիս 10-ին, Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հարիսան, ուր ստորագրեց Լիբանանի ընծայուած «Նոր յոյս Լիբանանի համար» վերնագրով Առաքելական Կոնդակը:

2005-ին, սրբավայրին մէջ կառուցուեցաւ «Բեթանիա» անունով հանգստավայր մը, որպէս աղօթքի, հոգեւոր ամփոփումի և եկեղեցական համագումրներու կեդրոն: Ան ապաստան է ամէն անոնց որոնք հանգիստ կը փնտռեն Յիսուսի նման, որ Աւետարանի համաձայն՝ Բեթանիա այցելութեան գնաց իր բարեկամ Ղազարոսին և անոր քոյրերուն, հանգչելու նպատակով (Մատթ 21, 17):

Հարիսայի Աստուածածինը մեծարանքի արժանացած է նաեւ Իսլամներու կողմէ: Հարիսայի հիմնադրութենէն ի վեր այս արձանը կը համարուի Լիբանանի Տիրուհին, ինչպէս նաեւ ազգային և հոգեւոր կեդրոն կը համարուի, որովհետեւ կը համախմբէ իր զաւակները, ըլլա՛ն անոնք քրիստոնեայ կամ իսլամ: Մայիս ամսու ընթացքին՝ ուխտաւորները Պէյրութէն, մօտակայ քաղաքներէն և գիւղերէն քալելով կու գան Հարիսա, իսկ ոմանք՝ ոտաբոպիկ: Ըստ հաւաստի վիճակագրութեանց՝ աշխարհի չորս ծագերէն՝ տարեկան այցելուներու թիւը 2 միլիոնի կը հասնի:

Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2021, 08:31