ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (2) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Շատ չ՛անցած հայաստանը կ՛ընդգրկուի Սելեւկեաններու գերիշխանութեան տակ եւ կը բաժնուի երեք մեծ վարչական մասերու՝ Մեծ Հայք, Փոքր Հայք եւ Ծոփք: Որոնցմէ զօրեղը Մեծ Հայքն էր, ուր եւ Ք. Ա. 189-թուին, Արտաշէս Ա.ը հիմքը դրաւ Արտաշէսեան թագաւորութեան, որ յարատեւեց մինչեւ Ք. Ա. առաջին դարը: Այս ժամանակաշրջանը նշանաւոր է հայոց պետականութեան ամրացմամբ, Հայաստանի սահմաններու ընդլայնմամբ եւ հայ ժողովուրդի համակեդրոնացմամբ: Այս նպաստեց նաեւ մէկ միասնական հայերէն լեզուի ստեղծմանը, որը կը հաստատէ՝ Ստրաբոնը:

Արտաշէսեան հարստութիւնը՝ Արտաշէս Ա.ի Ք. Ա. 180-160: Թոռանը Տիգրան Բ.ի Ք. Ա. 95-55 յաջորդին Արտաւազդ Բ.ի Ք. Ա. 55-34 օրօք, կը հասնի միջազգային ճանաչումի:

Յատկապէս Տիգրան Բ.ի գահակալութեան ժամանակ երկիրը կ՛ընդարձակէ իր սահմանները՝ կասպից ծովէն հասնելով մինչեւ Միջերկրական ծով, Մարաստանի լեռներէն երկարելով մինչեւ Եփրատի արեւմտեան ափերը՝ դառնալով Մերձաւոր Արեւելքի հզօր պետութիւններէն մէկը:

Ահա թէ ինչու Հայաստանը ի սկզբանէ անվերջանալի արիւնահեղ պատերազմներու ռազմադաշտ եղած է Եւրոպայի եւ Ասիայի միջեւ, շատ յաճախ որպէս արիւնոտ բեմահարթակ, երբեմն ալ միջնորդ՝ հին ժամանակներուն Հռոմի եւ Իրանի, միջնադարուն՝ Բիւզանդիայի եւ արաբներու, իսկ աւելի ուշ՝ քրիստոնեայ եւ մահմետական երկիրներու միջեւ:

Գտնուելով արեւմուտքէն արեւելք տանող առեւտրական խաչուղիներու կեդրոնը, Հայաստանը գրգռած է մօտիկ եւ հեռաւոր հզօր պետութիւններու զաւթողական կիրքերը եւ դարաւոր մարտերու կռուախնձոր դարձած՝ ասորիներու, պարսիկներու, յոյներու, հռոմէացիներու, արաբներու, սելճուկներու, մոնկոլներու եւ թուրքերու միջեւ:

Ճակատագրական այս ընդհարումները իրենց ազդեցութիւը ձգած են հայ ժողովուրդի նկարագրին եւ անոր ազգային բնաւորութեան վրայ:

Ինչպէս միւս ազգերը՝, հայերը եւս ունին ապրելու եւ մտածելու իրենց կերպերը, ազգային բնորոշ յատկանիշները, որոնք կը զանազանեն մեզ միա ժողովուրդներէն: Աշխարհագրական այս պայմանները, որոնց մէջ յայտնուած է հայը իր գոյութեան առաջին օրէն՝ անմատչելի լեռներուն եւ հովիտներուն մէջ դժուարութեամբ վաստակելով իր հացը, մշակած է հայուն բնաւորութիւնը, կոփած կամքը, հաղորդելով այդ նկարագրին յամառութիւն, աշխատասիրութիւն եւ պահապանողական ոգի: Անկախութեան եւ ազատութեան համար հայուն անվերջ ճիգերը, կայուն եւ աւանդապաշտ ոգին, աշխատասէր եւ անվերջ որոնող միտքը, ազգային հոգեբանութեան ներքին ուժեղ տարրերը ոյժ կը հաղորդեն հայուն՝ յամառօրէն պայքարելու թշնամիներու դէմ: Բնութագրի այս կայունութեամբ ալ, ան փրկուած է անխուսափելի կործանումէ եւ անհետ կորչելէ: Քրիստոնէական աներեր

4

հաւատն ու նուիրուածութիւնը, 4-րդ դարէն սկսած, օգնած է հայուն չձուլուելու զինք շրջապատող այլակրօն ժողովուրդներուն հետ բարձր պահելով իր ազգային նկարագիրը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2021, 08:00