AdobeStock_87239392.jpeg

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Ծ)։

Այսօր պիտի անդրադառնանք Առաքելոց և հետագային կազմուած պատարագամատոյցի կազմութեան:

Ծ. Հաղորդում

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր պիտի անդրադառնանք Առաքելոց և հետագային կազմուած պատարագամատոյցի կազմութեան:

Երբ պատարագի ընդհանուր պատկերին նայինք, կը նկատենք որ առաջին երեք դարերուն՝ միայն Առաքելական պատարագը կար, որու հիմնական մասը մինչեւ այսօր պահպանուած է բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու պատարագներուն մէջ: Առաքելական սահմանադրութեանց խմբագրութեան վայրը կ'ենթադրուի թէ Անտիոքը եղած ըլլայ, որ միաժամանակ Առաքելական պատարագի մշակման գլխաւոր կեդրոններէն մին եղած է: Եկեղեցւոյ պատմիչ՝ Եւսեբիոս Կեսարացին Առաքելական սահմանադրութիւնը կոչած է «Վարդապետութիւն Առաքելոց» Տիտաքէ:  Առաքելոց պատարագը նաեւ կոչուած է Ադդէի և Մարիսի պատարագ: Ադդէ Թադէոս առաքեալի աշակերտն է, որ Առաքեալին կողմէ Եկեսիոյ առաջին եպիսկոպոսն նշանակուած  է, իսկ Մարիս՝ անոր յաջորդը: Այս պատարագը գործածուեցաւ արեւելեան ասորի Եկեղեցւոյ մէջ և մինչեւ օրս Քաղդէացի կաթողիկէները բարեկարգուած կերպով կը գործածեն զայն: «Առաքելոց Սահմանադրութիւնք» գիրքը Յոյն Եկեղեցւոյ կողմէ Դ. դարուն գործածութեան մէջ էր: Ե. դարուն «Առաքելոց Սահմանադրութիւնք»ը արդէն հայերէնի կը թարգմանուի: Լատին Եկեղեցւոյ առաջին պատարագամատոյցը Պօղոսի աշակերտ և Պետրոսի յաջորդ՝ Կղեմէս Հռոմայեցւոյ անունով՝ Կղեմեան (Clementina) կը կոչուի (96 թ.), որովհետեւ ան Առաքելոց սահմանադրութեանց գիրքը իր ձեռքը ունենալով, զայն գրի առած է: Չորրորդ դարուն, քրիստոնեայ Արեւելքը ունէր Մատուցումի (Պատարագի) երկու բնագիրներ. Առաջին՝ Անտիոքեանը (Սահմանադրութիւն Առաքելոց) և երկրորդ՝ Աղեքսանդրեանը (Սերաբիոնի պատարագը): Այս երկու բնագիրներէն զատ, քիչ բան գիտենք այն ժամանակի աւանդութիւններու մասին, որովհետեւ տակաւին ի զօրու էր յանպատրաստից աղօթքներ յօրինելու աւանդութիւնը, ինչ որ չէր նպաստեր բանաձեւերու և աղօթքներու գրութեան:

Եկեղեցւոյ Հայրեր և պատմաբաններ, ինչպէս՝ Կղեմէս Հռոմէացին, Իգնատիոս Անտիոքացին, Իրենիոս Լուգդոնացին, Աթենագորաս Աթենացին, իրենց գրութիւններուն մէջ, առաջին և երկրորդ դարերուն, Քրիստոնեաներու կողմէն,  ժողովասրահներու և ընտանեկան յարկերէն ներս կատարուող պատարագի արարողութեան կարգը նկարագրած են: Երրորդ դարու աւարտին՝ երեւան կու գան Գոհութեան խորհուրդին մատուցման ծիսական և ըստ բաւականի ծաւալուն նկարագրութիւններ, ինչպէս Հիպպողիտոսի Առաքելական Աւանդութիւնը, որ ամենահին Մատուցումն (Պատարագ) է, որ ուղղուած է Հօր Աստուծոյ և կը կեդրոնանայ Քրիստոսի խորհուրդներուն վրայ: Ս. Հոգիին կոչումը ունի, ընծաներուն, Եկեղեցւոյ և հաւատացեալներուն վրայ: Այնտեղ տակաւին տեղ չէր գտած Սուրբ Սուրբ օրհնաբանութիւնը:

Աւետարանի վկայութեան համաձայն՝ Վերջին ընթրիքը վերնատան մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան, այդ պատճառով առաքեալները և հաւատացեալները հացի բեկումը կը կատարէին նոյնպէս երեկոյեան կամ գիշերուան սկիզբը: Հալածանքի դարերուն՝ պատարագը կէս գիշերէն յետոյ և լուսաբացէն առաջ տեղի կ'ունենար: Բ. դարուն՝ երբ Քրիստոնէութիւնը Երուսաղէմի սահմաններէն դուրս տարածուեցաւ, Հռոմէական կայսրութեան կողմէ հալածանքի ենթարկուեցաւ. նոյնպէս Պատարագամատոյցը որ գրի առնուած էր, հալածանքի ենթարկուած գիրքերէն էր»[1]: Դ. դարուն, երբ Եկեղեցին Հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ իր խաղաղութիւնը գտաւ, պատարագը ընդհանրապէս Իններորդ ժամուն տեղի կ'ունենար: Հայ Եկեղեցւոյ ժամագիրքի կարգաւորութեան համաձայն՝ պատարագի արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ Իններորդ ժամու աղօթքէն ետք: Միջին դարերուն սակայն, մեր մէջ սովորութիւն դարձաւ Ճաշու երեք ժամերը միասնաբար կատարել. այնպէս որ Ս. Պատարագը տեղի կ'ունենար կէսօրուայ մօտ: Ներկայիս՝ Հայոց Պատարագը կը մատուցուի Տէրունի օրերուն, առաւօտեան ժամը 8-11-ի միջեւ, առանց մոռնալու Խթման (Ճրագալոյցի) և տօնական օրերուն երեկոյեան դէմ կատարուող պատարագները:

 

[1] Գնէլ Ծ. Վարդապետ, անդ, Էջ 134:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2021, 07:43