Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԽԹ)։

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Առաքելոց պատարագի կազմութեան:

ԽԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Պատարագի արարողութեան գիրքը Պատարագամատոյց կամ Խորհրդատետր կը կոչուի: Պատարագամատոյցը սոսկ աղօթքներու կամ օրհնութիւններու հաւաքածոյ մը չէ՛, այլ Յիսուսի կողմէ կատարուած և Առաքեալներու միջոցաւ մեզի փոխանցուած սրբազան աւանդ մը, որ մինչեւ այսօր կը պահպանուի: Աւետարանները, Գործք Առաքելոցը, Առաքելական թուղթերը կը հաստատեն թէ Վերջին Ընթրիքը քրիստոնեաներուն ամենախորհրդաւոր արարողութիւնը հանդիսացաւ, որու հիման վրայ կազմակերպուեցաւ Երուսաղէմի առաջին Եկեղեցին կամ Աշխարհամատուռը:

Եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն և հաստատումէն անմիջապէս յետոյ արարողութեան էական միջուկը, այսինքն՝ Քրիստոնէական պատարագը, սկսաւ մանրամասն կերպով զարգանալ: Առաքեալներու օրերէն սկսեալ, Տէրունական Ընթրիքը, եկեղեցական արարողութեան հանգամանք ստացաւ. անոր մէջ ժամանակի ընթացքին յաւուր պատշաճի սաղմոսներ, աղօթքներ և երգեր աւելցնելով. ինչպէս նաեւ՝ ընթերցում Հին Կտակարանէն, Վարդապետութիւն կամ քարոզ և մատուցումն նուիրաց:

Արդարեւ, Առաքեալներու Պատարագը հիմը եղաւ քրիստոնեայ Եկեղեցիներու բոլոր պատարագամատոյցներուն: Առաջին դարէն մեզի հասած «Վարդապետութիւն Առաքելոց» մատեանը Գոհութեան խորհուրդին մասին որոշ պատկերացում մը կու տայ: Հին դարերուն հաւատացեալներուն բերած նուէրներէն, հացէն ու գինիէն մաս մը կը պահուէր:

Հացերը կը դրուէին մեծ մաղզմաներուն (կլոր ափսէ) մէջ, իսկ գինին՝ բաժակներու մէջ, հաղորդուողներուն թիւին համեմատ: Սարկաւագները զանոնք պատարագիչին կը բերէին (վերաբերում կամ մատուցումն ընծայից), իսկ պատարագիչը զանոնք Աստուծոյ կը նուիրէր (յառաջբերում): Այսպէս, Ս. Գոհութեան խորհուրդը եղաւ օրհնութեան սաղմոս, աղօթք, համբոյր խաղաղութեան, նուիրում և գոհութեան աղօթք, և որուն հիմնական նպատակն էր Սբ. Հաղորդութեան միջոցաւ՝ հաղորդութիւն հաստատել Յիսուս Քրիստոսի և Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն միջեւ:

Առաքեալներու ժամանակ՝ պատարագը միացած էր սիրոյ եղբայրական ճաշի կամ ագապիի հետ, որ Առաքելական շրջանին կը տրուէր Վերջին Ընթրիքին օրինակին վրայ, Ս. Հաղորդութեան խորհուրդէն առաջ՝ սակայն ան երկար չտեւեց, որովհետեւ զեղծումներու տեղի տուաւ: Այս առնչութեամբ՝ Ս. Պօղոս դատապարտեց Կորնթացիները, ըսելով. «Ձեր հաւաքոյթին մէջ Տէրունական ընթրիքը չէ որ կ'ուտէք, իւրաքանչիւր ոք կ'աճապարէ իր ընթրիքը ուտել և միւսը կը գինովնայ: Միթէ՞ տուն չունիք ուտելու և խմելու համար, և Աստուծոյ եկեղեցին կ'արհամարհէք ու չքաւորները կ'ամչցնէք» (Ա. Կոր Ա, 17-22):

Պօղոս Առաքեալ Տէրունական Ընթրիքի պատրուակի տակ տեղի ունեցած հարբեցութիւնները և աղքատներու հանդէպ ցոյց տրուած անարգական վերաբերմունքին վերջ տալու նպատակով՝ ագապը բաժնեց Տէրունական Ընթրիքէն, այսինքն՝ Հաղորդութենէն: Բ. դարուն՝ ըստ Յուստինոս վկային, ագապը արդէն անջատուած էր Հաղորդութենէն և վերածուած կարիքաւորներու համար ողորմութիւն հաւաքելու սովորութեան: Այնուհետեւ Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերու պաշտօնական որոշումով՝ Ագապին ամբողջովին ջնջուեցաւ Ս. Գոհութեան պաշտամունքէն: Ագապի կոչուած են մատաղի համար ընծայաբերուած կենդանիները: Այս պատճառով՝ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, որոշ տօնական օրերուն առթիւ պատրաստուած մատաղի օրհնութիւնը և պատարագի աւարտին մաս բաժնելու սովորութիւնը՝ ագապիի սովորութեան շարունակութիւնը կը համարուի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 08:19