«Հոգեգալուստ» «Հոգեգալուստ» 

«Հոգեգալուստ» Տիրամօր դերը` Յիսուսի աշակերտներուն մօտ:

Տիրամօր քաջալերական խօսքերը, Աղօթքը, մերթ ընդ մերթ յիշելն ու յիշեցնելը Յիսուսի խոստումները` թէ զիրենք «անտէր պիտի չթողու...զիրենք պիտի չլքէ...թէ Սուրբ Հոգին պիտի գայ...»

Յիսուսի կեանքի մէջ Սուրբ Կուսին ունեցած ազդեցութիւնն ու թերը` նախ առաքեալներուն, առաջին քրիստոնեաներուն եւ Հայերուս...ունեցած յատուկ յարումն ու վառ սէրը Տիրամօր հանդէպ որպէս Մայր` Աստուածամայր, Ամենասուրբ Երրորդութեան մօտ, Հայ ազգիս զաւակներուն` որպէս «խնդրակատար Մայր»...: Յիսուսի Համբարձումէն վերջ, աշակերտները կէս թմրած, շփոթած, քիչ մը վերացած վիճակի ենթարկուած էին...

Արդ, Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուսի հրաշափառ Վերացումին` Տիրամօր մայրենի ներկայութիւնն էր որ ամուր պահեց շուրջ 120 հոգիները` առաքեալներն եւ ուրիշ իրեն համակիր հետեւորդները...

Տիրամօր քաջալերական խօսքերը, Աղօթքը, մերթ ընդ մերթ յիշելն ու յիշեցնելը Յիսուսի խոստումները` թէ զիրենք «անտէր պիտի չթողու...զիրենք պիտի չլքէ...թէ Սուրբ Հոգին պիտի գայ...» Տիրամօր ներկայութիւնը` որպէս անառիկ բերդ, Աստուծոյ Միութեան անխախտելի զօդ...մեծ յոյսերով միասիրտ կը սպասուէր խոստացուած «Սուրբ Հոգին»...Սպասողները թիւով շուրջ120-122 հոգի Տիրամօր հետ միշտ...Կ՛ըսուի որ այդ Վերնատան մէջ կատարեցին, նորոգեցին Յիսուսի հետ կատարած իրենց վերջին ընթրիքը` այսինքն պատարագեցին ինչպէս որ Յիսուս ըսած էր իրենց «Այս կ՛ընէք իմ յիշատակիս», այսինքն կը պատարագէք...միշտ Տիրամօր ներկայութեան...:

Արդ, Աղօթքի ու պատարագի աւարտին տարօրինակ ձայներ կը լսուին Հովի, թեթեւ փոթորիկի որոնց կը յաջորդեն ու կ՛երեւին կրակէ գունտ մը որ կը հանգչի Տիրամօր գլխուն եւ ապա լեզուներ կրակէ որոնք կը լուսաւորեն ու կը հանգչին ներկաներուն վրայ... եւ այդ րոպէին կը լուսաւորուին անոնց մտքերը, վառ եռանդով կը լեցուին սրտերը` իմաստուն նախանձախնդիր ճշմարտութիւններով լիացած...զօրացած, յիշելով բոլոր ճշմարտութիւնները, արիաբար դուրս կ՛ելլեն իրենց թագստոցներէն եւ կեանքի գինով կը քարոզեն Քրիստոսը` Խաչեցեալ Նազովրեցին

Յարուցեալ Յիսուսը

երկինք համբարձած

Հիւսն Յովսէփի որդին`

Մարիամու Միածին Աստուածորդին...

Մայր Եւթոքսիա Քէշիշեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2021, 08:23