ԱՐՀԻ. ՀԱՅՐ ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՔ. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ ԱՐՀԻ. ՀԱՅՐ ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՔ. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ 

ԱՐՀԻ. ՀԱՅՐ ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՔ. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Անոր հիմնական պաշտօնն է հրաւիրել բոլոր Սիւնհոդոսական Հայրերը ընտրական Սիւնհոդոսի, ընտրելու համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը:
Ունկնդրէ լուրը

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը տեղեկացնէ թէ, յետ վախճանման Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ցորքան թափուր կը մնայ Պատրիարքական Աթոռը, Արհիապատիւ Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց եւ անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսին, կը դառնայ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրքի թիւ 127 կանոնին:

Անոր հիմնական պաշտօնն է հրաւիրել բոլոր Սիւնհոդոսական Հայրերը ընտրական Սիւնհոդոսի, ընտրելու համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2021, 13:58